HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Սագօ Արեան

Ո՞ւր փնտռել Մոնթէի ոգին. ահա եւ հարցումը

Պիտի փնտռէի զինք Պէյրութի արեւելեան արուարձանի մէկ խուլ թաղամասին մէջ որուն  «Արագած» անունը տուած էին նախնիներս: Հոն դիրքերուն մօտ. ոտքերուն տրեխ, բերնին անհասկնալի բառ, խորքով աչքեր, աւազապարկերուն ճիշդ մօտակայքը ոչ ետեւը սակայն: Բալապեխներուն հետ հէ՜յ ճան մը քաշելով:Սնունդի ժամ չկար, ոչ հաց ոչ գինի, ոչ սէր: Հասած էր Մոնթէն իմ քաղաքս:Մտած էր անոր նեղ   ու խոնաւ պատմութիւններուն մէջ Մտած էր աղօթելու պէս: Ու թերեւս Արաբերէն կ'աղօթէր: Մտայ այդ թաղերուն մէջ, թաղին  ծայրը տուման կը ծախէր  պատերազմի կրակերէն յոգնած Ապտօն: Խօսեցանք երկար. ծխել առաջարկեց,  ժպտացի ու հեռացայ: Ամբողջ թաղերու երկայնքին կարմիր երեսներով Ապտօներ  շարուած  էին: Պատկերը փոխուած էր մտածեցի: Յոռետես մի ըլլար բացագանչեց ընկեր մը:

-Մոնթէն հոսկէ անցած է, ժպտա՛յ:

Անցանք, հեռացանք մնաց  «Օդանաւի դիրք»ը: Հոն նոյն այդ դիրքին առջեւ կանգնած էր Մոնթէն  ընդհանուր պատկերին մէջ երեւալու.Թերեւս պարտադրաբար որ չըսեն թէ ըրածդ մեծամտութիւնը է տղայ: Վաննէսը, Էնֆիյէ քաշող Սեդոն, Կարպուշը  բոլորը հոն էին: Ինչ խելք էր այս ու ինչ մկրտութիւն: Խաժակը  կար այն ատեն: Դիրքի խմբապետն էր:Ըսի խաժակ կը պատմես Մոնթէին մասին լռեց: Յետոյ տասընըհինգ տարիներ ետք  Զուարթնոցի օդակայան. Լաւ կը յիշեմ հազիւ ոտքերս դրած հողին (ՍՏ-ն  դիմաւորած էր  զիս) – Ըսի Խաժակ հոս ես, գոնէ պիտի պատմե՞ս Մոնթէին մասին  ... ջղայնացաւ ու հեռացաւ: 

Մնաց այդ պատկերը որուն ծայրերէն կը   հոսի մեր կենսագրութիւնը:

Ամէն քայլափոխի Մոնթէ կը փնտռենք, ամէն գիւղամէջի, ամէն  պարտէզի, ամէն ճամբու եզրին  Մոնթէ կը փնտռենք:

Կը հեռանանք Հայաստանի հեռուները կ'երթանք, թեւեր կ'առնենք,  կը սայթաքինք , կը ճամբորդենք  եւ ....Մոնթէ կը փնտռենք:

Տէրվիշ էր Մոնթէն:

Ազգային հերոս չուզեց խաղալ: Մտաւ  պատմութեան խոշոր պատուհանէն: Ոտքին հագ չկար մուճակով մտաւ: Հերոսները  չեն աճիր բեմերուն ետեւ ոչ ալ սրահներուն լոյսերը վարել- մարելով կը զբաղին: Բոլորին վէրքին համար  աշխարհ եկած Մոնթէն  անցաւ Պէյրութէն, ապրեցաւ Պաղեստինեան  գաղթականներուն եւ ֆետայիներուն կիփ կողքը,   լսեց Ֆէյրուզի  եւ  Ըմ Քալթումի երգերը,  ջայ խմեց գետնին ծալլապատիկ նստելով:

Առանց տրտնջալու քալեց Արագածի, Նապպայի  եւ Նոր Սիսի բոլոր  թաղերէն: Ու զարմանալի է որ անոր անունին Լրտես մակդիրը չտուին   այդ  ժամանակի մարդիկը:  Ինչու որովհետեւ խորքէն էր ան,  ներսէն էր:Մոնթէն  դուռը բանալով ներս մտած էր: Մոնթէն ոչ մէկ օր եկուոր կամ օտարական եղաւ: Գալարուելով հասած էր Արեւելք:  Շիզոֆրէնիք   խենթ  սէր  մը ունէր Արեւելքին  հանդէպ:

Արեւելքը իրեն եար ըրաւ Մոնթէն,  քամեց ամէն կաթիլ ապրումը, քամեց ամէն  կաթիլ արիւնը եւ  աչքը հեռուն Պաղեստինի  ձիթենիներուն նայելով հեռացաւ: Գիտեր որ իր  ռունգերը կարօտ էին այդ հոտին որուն մասին  իրմէ առաջ երազած էին շատ մարդիկ: Եւ ո՞վ կ'ըսէր որ Լիբանանի   մոխարագոյն ու կարմիր գոյներով պատուած պատերազմէն ետք պիտի ցատկէր դէպի Արցախ: Ո՞վ կ'ըսէր որ Քարվաճառի,  Մարտունիի, Մարտակերտի եւ այլ Սրբահոտ տեղերու վրայ կանգնելով ոտքերը պիտի մխրճէր հողին մէջ: Հողը պիտի քաշէր զինք:

Տէրվիշ Մոնթէն հողի պսակով պիտի ապրէր:  Պիտի ապրէր գոհացնելու համար հողին պապակը: Հողին կարօտը իր հիւանդութիւնն  էր:խաչին լաթերը  կարեց իր մարմնին: Գիտէր ան   որ կրնային չընդունիլ եւ զինք: Ասպառ չկապեց,չծաղրեց ու կարեւորը չարութեամբ չխնդաց:

Եթէ բարկացաւ   ընդհանուր գործին համար էր այդ բարկութիւնը: Եթէ ներվայնացաւ յաղթանակի անիւը շրջելու համար էր միայն: Չփութաց ըսելու որ ես եկել եմ, ես տարբեր եմ ընդունեցէք զիս:Չխօսեցաւ մեծ բառերով, չծամեց  պատարագի սեղանին վրայ դրուած Սուրբ նշխարը  ու Քրիստոսի բառերուն վրայ մեղեդիներ չյօրինեց:

Հաւանաբար չէր ալ գիտեր  որ այսքան պիտի սիրէր արեւելեան Հայաստանի  այդ  կտոր մը հզօրահողը: Այդ կտոր մը բաժին հայրենիքը որուն համար ծնած էր ինք ուրիշ հարիւր հարիւրներուն նման: Մոնթէն չըսաւ ես եկել եմ  գրկեցէք ինձ: Որովհետեւ ան չէր եկած այլ վերադարաձած էր: Ու ինչքան հզօր պիտի ըլլային անոր երակները որ այդքան հեռու հեռուներու մէջ, ուր  օտարալեզու գրասեղաններուն առջին  մեր  սերմնատեսակը կը բռնաբարուի Մոնթէն վեր կացաւ ու  բացատրեց որ կապ չունի թէ ինչքան Գրաբարեայ աղօթքներ կան շուրթերուդ, որ կապ չունի թէ ինչքան  բառեր կան  ողնածուծիդ մէջ .... Լեզուիդ տակ,  մատներուդ վրայ կամ  կաթիլ սերմիդ մէջ ....Մոնթէն բացատրեց,  առանց  պատմական նուագարաններու կամ խէնէշ նախաբաններու բացատրեց, որ կարեւորը  թոքերուդ հզօրագին  շնչառութիւնն  էր որ  քեզ պիտի տանէր ափէ-ափ միայն հողին կարօտին մէջ բնակելու: Միայն հողին  իրական բոյրին համար ապրելու եւ մեռնելու:

Հիմա տարիներու վաղեմութիւն ունի իմ ու Մոնթէին  մտերմութիւնը:  Անկումներու,պարտութիւններու վէրքերու որոնումներու եւ հողի բոյրին համար ապրելու եւ մեռնելու ամէնէն թէժ պահերուն Մոնթէն Իգոնային իր պատկերով,  իր խորունկ աչքերով, նստած  է դիմացս ու  կը հետեւի  մեր  քայլերուն:

Վստահ եմ անաղմուկ: Չի սիրէր այսպիսի տողեր:  Ու վստահ եմ  պիտի չսիրէր որ այս տողերը գրէի  իր մասին:

Բայց մէկ է պիտի որ գրէի: Լռութիւնս պիտի դառնար մեղքին քամուած հեղուկի բաժակին վրայ նստած ծանր դիրտը:

Իր համար մէկ է: Կրնայի ամէն օր մեղանչել այն դաւանաքներուն ու  յարութեան սպիտեակ խաչի լաթերուն դիմաց: Կրնայի մոռնալ բառս ու փոխել անունս: Կրնային  բոլորով հանդերձ  մեղանչել իր մաքուր   արեան դիմաց.... Մէկ էր այս ամէնը որովհետեւ  ան՝ Մեծն Մոնթէն  ամբողջացուցած էր իր   կապած շթղային վերջին- վերջին օղակը:

Ոչ մէկ տարբերութիւն  մէկու մը համար որ  գիտցաւ պատմութեան ամէնէն  նեղ, ամէնէն  վիրաւոր, ամէնէն խոնաւ պատերուն տակէն քալել ու իրարմէ արդէն օտարուած  հատուածներուն բացատրել որ մեր լեզուին, խօսածին, յուզումին, հագուկապին միջեւ դրուած բոլոր տարբերութիւնները սուտ են ու ապաբարոյ:

Այլապէս Մոնթէ պիտի չըլլար:

Տակաւին  շատեր պիտի խորհէին իր մահուան խորհրդաւոր պայմաններուն եւ   վերջին հանգրուանումին մասին:

Բայց վստահ եմ որ ինք  պիտի չբարձարաձայնէր: Իրեն համար կարեւոր ալ չէր այդ ամէնինչը  որովհետեւ ինք  գծած էր իր ճանապարհը:

Ու ինք էր որ պիտի գրկէր հերոսի մահ- անմահութիւնը: 

Ու նոյնիսկ  պիտի ուզէր որ անտեսելով անցնէինք  բոլոր այն մակերեսներէն  ուր Մոնթէի հերոսութեան,  անոր վեհութեան,    անոր հոգիի աչքերուն վրայ փոշի եւ թոյն ցանողներ պիտի ըլլային ու պարզ է որ պիտի ըլլային:

Լաւ գիտէր այս հողին տեսակը,  գիտէր նաեւ այդ հողէն   սլացողներուն ու հողին համար ապրողներուն ու մեռնողներուն տեսակը:

Այլապէս  ամէն ինչ կը դառնար  աղջամուղջ ու հեռուն տանող ճանապարհին մէջ կը կորսուէր  ինք ու իր    աղօթելի մօրուքը:Իր վսեմութիւնը, նուիրուելու բերկրանքը կը մարէին հինցած մեխակներու պէս:

Ինչ երջանիկ պիտի ըլլար ինք որ այս հողը որուն համար սիրեց ապրիլ ու մեռնիլ իր ընթերքէն նոր  կապտահլուն աչուկներով  արուներ  պիտի տար  ուխտին համար:  

Յաղթանակելու  կամքին համար:

Մոնթէն յաղթեց  միայն անոր համար որ մերկ էր հողին առաջ, առանց քէնէրու, առանց նախապաշարումներու,  առանց ստորացումի  եւ առանց  ստրկամիտ հաշիւներու...

Դիմացն աշխարհին մերկ էր

Դիմացն աշխարհին նոյնքան ճշմարիտ էր  եւ  նոյնքան  յաւիտենական:

Սագօ Արեան

Յ.Գ. Ֆէյսպուքեան ընկերներէս մին այս առաւօտ սոյն գրութեանս նախաբանը կարդալով գրառում մը կատարած էր յիշեցնելով որ Պէյրութի մէջ յատկապէս Մոնթէն մեծ հալածանքներու  ենթարկուեցաւ ու իր անունին տեսակաւոր  ածականներ  դրին, հեգնեցին, թշնամացան ու հալածեցին զինք: Թերեւս. Այո հաւանբար եղած են այդ բոլորը. Բայց վստահ եմ որ Մոնթէն  պիտի չուզէր որ այդ մասին գրէի: Մոնթէի կերպար լաւագոյն  դրուագը պիտի ըլլայ այն ճանապարհին վրայ  որուն կրնայ վստահիլ մեր ժողովուրդը:Առանց  նախապաշարումներու, առանց քէնի  ու մերկ մեր պատմութեան վէրքերուն առջեւ առերեսելու համար: Հիմա լաւագոյն ժամանակն է որ Մոնթէն դառնայ  Հայաստանի եւ Սփիւռքի երիտասարդութեան ճանապարհին իրական ուղենիշը ոչ որպէս կուռք  այլ որպէս  ակօսող կերպար, որպէս ժամանակի վկայ, որպէս հայոց խաչելութեան նոր Քրիստոս:

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter