HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

«Ամէն մէկ սխալի համար գին մը կայ վճարելիք»

Սեդա Գպրանեան-Մելքոնեան

Քանի մը օր առաջ ընդոստ կ՚արթննամ։ Մոնթէն տխուր է, կը մտածեմ։ Ժամացոյցիս կանաչ լոյսը 6։18 կը գրէ։ Երազիս պատկերները կը մտաբերեմ ու տխրութիւնը կը թանձրանայ, կը տարածուի ։ Երկար, անտաշ փայտով շինուած ստնուկ մը կ՚ացնի դանդաղ անանիւ շոգեկարգի մը պէս։ Իմ դիրքէս պզտիկները երկու-երկու շարուած անմարմին, կտրուած գլուխներ կ՚երեւին։ Պարապ սեղանի մը ետին Մոնթէն նստած է մինակ, գլուխը կախ, խոհուն։

Երազիս պատգամը ի՞նչ է, Մոնթէ։

Համաշխարհային նոր զարգացումներուն լոյսին տակ վերջերս յաճախ կը «զրուցեմ» Մոնթէին հետ ու հարցումներուս պատասխանները կը փնտռեմ իր՝ ինծի գրած նամակներուն մէջ։ Նամակներ, որոնք գրուած են աւելի քան քառորդ դար առաջ։ Ինչպէս միշտ, Մոնթէն զիս յուսախաբ չ՚ըներ։

1980-ականներու վերջը երբ Խորհրդային Հայաստանի անկախութեան հարցը նոր սկսած էր շօշափուիլ, Մոնթէն գրած էր ինծի թէ անկախ երկիրներ չկան, թէ «ամէնաանկախ երկիրը երեւի Ալպանիան է։ Բայց ո՞վ կ՚ուզէ այդպէս երկիր»։

Այսօր Հայաստանը անգամ մը եւս կը գտնուի վտանգաւոր հանգրուանի մը մէջ։ Ներքին վիճակը՝ ամօթալի։ Մեր երկիրը դժուար թէ իր իւրայիններուն կողմէ այնքան բռնաբարուած ըլլար՝ որքան այսօր։ Օր չկայ, որ կաշառակերներու ու պաշտօնը չարաշահողներու ցուցակին նոր անուն չաւելնար։ Տարածաշրջանին մէջ բնապահպանական ամէնավտանգաւոր խնդիրը՝ ջրազրկութիւնը անուշադրութեան մատնուած է։ Վերջին հետազօտութիւնները Ատրպէյճանը կը դնեն ջրազուրկ երկիրներու առաջին տասի ցուցակին մէջ։ Տիրակալներու աշխարհին մէջ, Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւնները դրական ոչինչ կը խոստանան, մանաւանդ իրենց նոր պաշտօնատարներուն՝ Թուրքիոյ հետ պիզնեսաբարեկամական  յարաբերութիւններու լոյսին տակ։ Հայաստանի մէջ համաճարակի պէս տարածուող անհասկնալի ու անհեռատես ռուսատեացութիւնը աւելի կը մեծցնէ գոյութիւն ունեցող թնճուկը։

Հիմա ի՞նչ պիտի ըսես Մոնթէ։

 Հիմա 2 օրէ ի վեր լուր չեմ լսած Արցախի եւ Ս. Հայաստանի մասին։ Անշուշտ շատ-շատ կը մտածեմ անոր մասին։ Միշտ դուն եւ մեր հայրենիքը (իր ամէն մասերով) մտածումներուս մեծ-մեծ մասը կը գրաւեն։ Երեւանի ցոյցերը չեմ տեսած ուրեմն գրեթէ ստիպուած եմ փորձել կեանքիս փորձառութիւններէն բանի մը հետ բաղդատել։ Գիտեմ, որ 2 երեւոյթները նուազագոյն նմանութիւններ ունին, բայց նորէն քանի որ Երեւանի մէջ չեմ եղած միտքս բնականօրէն Թեհրանի ցոյցերուն կ՚երթայ։ Հոն ալ ցոյցերը շա՜տ մեծ էին, ժողովուրդը խանդավառ եւ եղբայրական։ Մէկ բան գիտէին. պէտք էր թագաւորը երթար եւ նոր պետութիւն մը շինուէր։ Ասիկա շատ ճիշդ պահանջ մըն էր, բայց առանձին չէր բաւեր։ Վերջապէս թագաւորը գնաց, բայց քաղաքականապէս անպատրաստ եւ շուարած զանգուածային հոսանք մը կար, որ սկսաւ իսկական յեղափոխական ուժերուն ջարդել։ Եւ հիմա յստակ է, որ ներկայ պետութիւնը Պարսկաստանի ժողովուրդներուն (ինչպէս նաեւ ուրիշ ժողովուրդներուն Աֆղանիստանի եւ Իրաքի մէջ) շատ աւելի վնաս հասցուցած է քան թէ այդ ֆաշական թագաւորը։ Ինչո՞ւ ասոր մասին կը գրեմ։ Քանի որ մտահոգ եմ։ Մեր Ս. Հայաստանի եւ հոն տեղի ժողովուրդին համար մտահոգ եմ։ Գիտեմ, որ չի պիտի ձգեն որ Ս. Հայաստան «անկախ» ըլլայ (նոյնիսկ եթէ հայ ժողովուրդը իսկապէս պիտի ընդունէր այդպէս հակա-հայկական քայլ մը) ատիկա շատ-շատ անիրապաշտ է, բայց արդէն յայտնի է որ առաջուան յստակատեսութիւնը եւ լրջութիւնը սկսած է տեղի տալ շփոթի, շուարումի եւ քաղաքական անհասունութեան։ Մտահոգ եմ, քանի որ փորձառութենէ սորված եմ, որ ամէն մէկ սխալի համար գին մը կայ վճառելիք, ամէն մէկ սխալը որոշ չափով վնաս կը բերէ։ Չեմ ուզեր որ մեր ժողովուրդը յետքայլ առնէ կամ ինքնիրեն վնաս բերէ։ Այնքան լաւ շարժում մը սկսած էին...ափսո՜ս եթէ հիմա այս շարժումը աւրուի։ Ո՛չ, ընդունելի չէ։ Արցախի ժողովուրդին համար (գոնէ) իրաւունք չունինք մեր լրջութիւնը կորսնցնելու։ Անկէ անդին ալ այս շարժումը, եթէ քաղաքական հասունութեամբ տարուի, պիտի ամբողջովին փոխէ մեր Ս.Հայաստանը։ Այս շարժումը դուռը բացած է իսկական յառաջդիմութեան։ Անկիւնադարձ է մեր ժողովուրդի եւ պատմութեան համար։

8.10.88

Մեկնաբանություններ (3)

Areg
Սիրելի Սեդա, Հայաստանի մեջ ռուսատյացություն չկա, կան շատ քիչ թվով ռուսատյացներ և բարոյազրկության աստիճանի հասած ռուսամոլություն: Վերջինիս արգասիքներից են նաև վերևում ձեր կողմից նշված խնդիրներից շատերը:
Areg
և հետո ամեն ինչ կախված է նրանից թե ի՞նչն եք դուք որակում ռուսատյացություն կամ Թուրքիոյ հետ հարաբերությունների մասին խոսելուց արդյո՞ք միակողմանի չեք դատում: կարդացե'ք հղումը www.azatutyun.am/a/28138761.html
vasgen
S.Armenia?

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter