
Այց Կաթնաղբիւր
Սեդա Գպրանեան-Մելքոնեան
«Նկարագրութիւններդ Հայաստանի մէջ եղած պտոյտներուդ մասին շատ-շատ-շատ սիրեցի։ Իսկապէս ամբողջ սիրտովս կ՚ուզեմ հոն երթալ եւ քեզի հետ այդ ամէն տեղերը երթալ եւ տեսնել մեր հայրենիքը։ Գիտեմ որ շատ գեղեցիկ հնութիւն եւ շատ հարուստ բնութիւն ունի եւ մանաւանդ լսած եմ ժողովուրդի մասին։ Ընկերներէս շատերը Հայաստան գացած են եւ ամէնն ալ շատ հետաքրքրական բաներ կը պատմեն հոն տեղի մասին։ Երբ որ այդ ամէն պատմութիւնները կը լսեմ իմ սիրտս ալ կ՚այրի որ անգամն մըն ալ չեմ գացած այնտեղ։ Բայց իսկապէս շատ ուրախ եմ որ դուն ոչ թէ միայն առիթ ունեցած ես մեր հայրենիքը տեսնելու՝ այլ նոյնիսկ առիթ ունեցած ես հոն ուսանելու եւ հոն տեղի մեր ժողովուրդին եւ իրենց կեանքին լաւ ծանօթանալու։ Մեր հայրենիքին շուրջ պտոյտի գացողը կը վերադառնայ տպաւորութիւններով, բայց դուն այլեւս պիտի իրական կեանքը ճանչնաս: Այսինքն դուն շատ աւելի խորունկ հասկացողութիւն պիտի ունենաս մեր Սովետական Հայաստանի մասին։ Անհամբեր կը սպասեմ այն օրին երբ միասին պիտի կարենանք խօսիլ անոր մասին»։
Մոնթէ Մելքոնեան, Նամակ Սեդային, 1 յունիս 1985
Հեռաձայնով մանչս կը պատմէ ինծի Նիւ Եորքի իր այցելութեան մասին:
–Եկեղեցին գիրքի ձեռնարկի մը գացի: Թաթուլին մասին էր,-կ'ըսէ:
Մտքով կը փոխադրուիմ անցեալ: 1991-ի գարնան սկիզբն է: Մոնթէին հետ կը քալենք դէպի օփերա, Ազատութեան հրապարակ՝ ազգային յուղարկաւորութեան: Տարբեր թաղերէ ուսամբարձ դագաղներ կը բերուին դէպի հրապարակ: Զոհուածներուն մէջ կան ինծի ծանոթ անուններ. Սիմոն Աչիքգոզեան ու Թաթուլ Կրպէեան:
Հին օրերու պատմութիւններ շարք կը կազմեն մտքիս մէջ:
Երեւանի պետական համալսարանի ուսանող եմ։ 1980-ականներու կէսերն են: Օրը՝ դեկտեմբերի 13-ը։ Ընկերներով բանասիրական բաժնի մասնաշէնքի երկրորդ յարկի մեծ լսարանին դիմաց կը զրուցենք մինչեւ դասախօսը յայտնուի: Ճիշդ չեմ յիշեր ո՞վ միտքը յղացաւ եւ ինչպէ՞ս որոշուեցաւ:
-Երեխէք, այսօր Գալշոյեանի ծնունդն է։ Գնա՞նք Թալին,-ըսաւ մէկը։
-Գնացինք,- բոլորս համաձայնեցանք։
Պատգամը շուտ տարածուեցաւ ուրիշ կուրսերու մէջ գտնուող մեր ընկերներուն։ Դասերէն ետք պիտի Թալինի շրջանի Կաթնաղբիւր գիւղը երթանք, Մուշեղ Գալշոյեանի ծծնդավայրը ուր ան թաղուած է: Սասունցի տեղահանուած ծնողներու զաւակ՝ Գալշոյեանին պատմուածքներուն մէջ Սասունն է որ կը տեսնենք:
Դասախօսութեան մեծ լսարանը կիսամութ է։ Փայտէ երկար նստարաններուն վրայ անհանդարտ ենք։ Պզտիկ թղթիկներու վրայ մեր գրած նօթերը մեր դասընկերները շարքէ շարք կը փոխանցեն։ Պիտի հաւաքուինք լսարանին մուտքին՝ ապա շէնքին դիմաց պիտի սպասենք այլ բաժիններէն մեզի միացող ընկերներու։
Հաճարի փայտով շինուած անհաւասար սալիկները կը ճռճռան ոտքերուս տակ։ Հաւաքարարին քսած մաստիկան տակաւին սահուն է ու տեղ-տեղ կը փայլի։ Չսահելու համար գետնի անփայլ մասերէն կը քալեմ։ Լսարանին մեծ ճերմակ դռան դիմացի տարածութեան մէջ կը կանգնիմ։ Վարդան Ղազարեանը, Միքայէլ Հայրապետեանը եւ Րաֆֆի Մելքոնեանը կը մօտենան։ Անհարթ ու մութ միջանցքով կ՚ուղղուինք շէնքին կեդրոնը ու քարէ աստիճաններէն կ՚իջնենք բանասիրականի շէնքին մուտքը։ Րաֆֆիին հետ կ՚ուղղուինք ձախին գտնուող երկու կոպեկանոց հեռաձայնը։ Դէմքին արտահայտութենէն կ՚երեւի թէ ճիգ կը թափէ ընկերուհիս՝ Աշխէնը համոզելու։ Դուրսը, աստիճաններուն քով մեզի կը միանան Պատմական բաժնէն քանի մը ընկերներ: Կը յայտնուի նաեւ մեր մտերիմներէն Վարդան Բախշեանը, որ կարծեմ այդ տարին արդէն բանակ զօրակոչուած էր: Կրնամ ըսել որ Վարդանը մեր՝ սփիւռքահայերուս առաջին տեղացի ընկերն էր։ Անչափ մարդամօտ, հաղորդական ու խելացի։ Ժպիտը դէմքէն անպակաս էր ու ներկայութիւնը միշտ հաճելի: Ինծի կը թուէր որ մեր հետ էր նաեւ Վահան Իշխանեանը։ Երբ քանի մը տարի առաջ Վահանին հանդիպեցայ Գանատայի մէջ, հարցուցի իրեն բայց չյիշեց։
-Այնքան վաղուց էր, հաստատ չեմ յիշում։ Երեւի կայի,- ըսաւ։
Այդ ժամանակուան Մռաւեան (Խորհրդային Հայաստանի նախարար) փողոցէն դեղին աւտոպուս նստանք ու հասանք Էջմիածնի մայրուղիին վրայ գտնուող աւտոկայանը, ուրկէ տարբեր չափի հանրակառքեր կոպեկներով մեզի շրջաններ կը տանէին։ Արդէն մթնշաղ էր երբ վազելով մեզի միացաւ Աշխէնը: Տոմսերը սպառած էին: Առանց տոմսի՝ կանխիկ գինը վճարեցինք ու վազեցինք դէպի կլոր անկիւններով, կարծես հին շարժանկարէ մը հանուած, ճերմակով կապոյտ գծաւոր ԼԱԶ փոքր մարդատարը։ Օրուան վերջը ըլլալով՝ աւտոպուսը լեցուն էր։ Մէկ մասս արծաթագոյն ճաղերէն կախուած՝ ոտքի մնացինք իսկ միւս մասս, ճամբուն կէսին յոգնելով, գետինը նստանք։
Մութ էր երբ հասանք Կաթնաղբիւր։ Օդին համեմատ բարակ վերարկուիս տակ կը դողամ։ Ճամբաները անծանօթ են մեզի։ Տղաներէն մին ուղեցոյցի պաշտօն կը ստանձնէ ու կ՚առաջնորդէ մեզի: Ես Ղազարեան Վարդանին ու Միքայէլին թեւերը մտած եմ: Խաւարին մէջ գրեթէ վազելով կը հետեւինք խումբին։
-Երեխէք, եթէ լոյս լինէր հաստատ ժամեր էր տեւելու մինչեւ տեղ հասնենք։ Ոտներիս տակ լրիւ սառոյց է-, կ'ըսէ Միքայէլը շնչասպառ։
Արհամարհելով փաստը կը շարունակենք արագ-արագ զառիվեր մը բարձրանալ։
-Արդէն ժամը ինն է գալիս, գերեզմաններ գնո՞ւմ ենք,- կը հարցնէ մէկը։
-Ի հարկէ գնում ենք,- կը պատասխանէ ուրիշ մը։
Գալշոյեանին քրոջ տան դիմաց կը հասնինք: Բակին լոյսը կը վառի ու քիչ ետք տնեցիներէն մին մեզի կ'ուղեկցի գերեզման ։
Քանի մը սանթիմեթր հին ձիւն կայ գետինները։ Գերեզմանին շուրջ ամէն ինչ սեւ եւ ճերմակ է։ Ամպամած երկնքին տակ կը շարուինք Գալշոյեանին գերեզմանաքարին շուրջ։ Գերեզմանին գլխուն բարձր յուշաքար մը կայ որուն գրութիւնն ու քանդակը աղօտ են մութին մէջ։ Հին մետաղէ ամանի մը մէջ տղաքը փայտիկներու բուրգիկ մը կը շինեն, կեդրոնը թուղթ մը կը խոթեն ու կը փչեն։ Ինծի կը թուի թէ յաւերժութիւն մը կ՚առնէ մինչեւ փայտիկները վառին։ Վերջապէս ծուխի ամպ մը կը բարձրանայ գերեզմանաքարին վրայէն։ Իմ կեցած տեղէս ճերմակ ծուխը կը խառնուի ճերմակ ֆոնին ու յետոյ ամպերուն։ Վերյիշելով պատկերը ինծի կը թուի թէ դիմացս կեցած էր նաեւ Վարդան Տեւրիկեանը։ Բայց չեմ յիշեր եթէ ան մեր հետ էր։
Քառ լռութեան մէջ մեր շարքը կը սկսի կամաց-կամաց շարժիլ ու Մեծարենցեան «խունկի ծարաւ իմ հոգիս կը ծըծէ պահն այս հանդարտ»։ Ամէն մէկս պտղունց մը խունկ կը նետենք ու լուռ կը դիտենք մուխի անորոշ գալարումներն ու անհետացումը։ Պաղ օդին հետ խունկի բոյրը խաղաղութիւն կը տարածէ ու այդպէս քարացած կը մնանք չեմ գիտեր որքան ժամանակ։ Խաւարին մէջ գերեզմանատան լռութիւնը կը ճչայ։
-Գնացի՛նք,- կ՚ըսէ մէկը:
Աղօթք մը կ՚ըսեմ ու դարձեալ խունկը երեք մատներուս մէջ սեղմած կը սրսկեմ ծխացող փայտիկներուն վրայ։
Գիշերուան մէջ ձիւնին վրայ միայն մեր խշրտացող ոտնաձայները կը լսուին։ Լուռ կը հետեւինք մեզի առաջնորդող ընկերներուն։
Գալշոյեանին քրոջ տան բակը բոլորս կը փորձենք մաքրել մեր կօշիկները։ Ներս կը մտնենք ու ամբողջ խումբով պահ մը կը կենանք: Բաց կանաչ պատերով սենեակի մը մէջ երկար սեղանի մը շուրջ մարդիկ նստած են։ Գալշոյեանին ընկերները եկած են յարգանքի տուրք մատուցելու զէնքի արկածով անժամանակ մահացած իրենց ընկերոջը։ Մեր ժամանումին հետ իրարանցում կը սկսի։ Ոմանք կը մեկնին տեղ բանալով եկողներուս։ Կը մնան մեզի անծանօթ քանի մը անհատներ որոնցմէ մէկը՝ Տաւրոս Դաշտենցը կը յիշեմ ։
Ընթրիքի սեղանին վրայ իրար վրայ բարդուած ամաններու մէջ կան գիւղի հաց, պանիր, մածուն, թթուաշ, մսեղէն, գինի, այլ խմիչքներ: Տաք սենեակին մէջ հոգիները տաք՝ կը սկսինք հարազատ զգալ ու երգել։ Մեր ընկերներէն մին հանիգիստ չի մնար տեղը ու ինքնին կտոր մը Սասուն դարձած Սասնայ պարեր կը պարէ ու կը կանչէ, որ միանանք իրեն։ Թաթուլ Կրպէեանն է։ Բոլորս ոտքի կը ցատկենք ու կ'անցնինք շուրջպարի։ Մեր դոփիւնին տակ գետնի երկար տախտակները կ՚օրօրուին ու ամէն մէկ զարկի՝ ճեղքեր կը բացուին փայտերուն միջեւ։
Վերջերս այդ այցին մասին Աշխէնին յիշողութիւնը փորփրեցի:
- Այնպէս ուժեղ էինք դոփում, մտածում էի հիմա էս փայտի յատակը ջարդուելու է մեր ոտքերի տակ,- ըսաւ:
Աս խելագար պոռթկումէն ետք տեղերնիս նստելուն պէս կենացները կը շարունակուին ու Րաֆֆիին ու իմ յեղափոխական երգերուն ծայրը չ՚ երեւիր։ Մեր գիտցած յեղափոխական երգերէն շատեր անծանօթ են մեր ընկերներուն։ Ես երբեւէ կուսակցական չեմ եղած բայց Այնճար մեծնալով ինքնութիւնս սերտօրէն կապուած է ազգային պատկանելիութեան։ Խանդավառուելով Սասունի, Խորհդային Հայաստանի, Մուսա Լեռան ու Սփիւռքի սա համադրութենէն կ՚երգեմ ու կ՚երգեմ:
«Տղե՜րք, ջան տղե՜րք, մի խնայէք թուրքին
Գետին փռեցէ՛ք թուրք մեծ պետերին...»
Աշխէնը կը ժպտի։ Միայն ինք գիտէ յոյժ գաղտնի, այդ ժամանակ անհասկնալի ու եղած-չեղած կապս ազատագրական պայքարին նուիրեալ երիտասարդի մը հետ որուն մասին փսփսացած եմ իրեն։ Հեռաւոր այդ ազատամարտիկին գաղտնի գոյութիւնը ներկայութիւն դարձնելու մարմաջով երգերը կը յորդին շուրթերէս։
Երգիս աւարտին Տաւրոս Դաշտենցը անհանգիստ կը շարժի աթոռին վրայ։
-Երեխէ՛ք, լաւ չէք անում նման երգեր էք երգում-, կ՚ըսէ։
-Ազգային երգեր են ընկե՛ր Դաշտենց,- համարձակ կը պատասխանեմ ու կը շարունակենք.
«Քնքոյշ կեանքը ծանր էր թւում հայ օրիորդին
Զէնքը ձեռին յորդորում էր հայոց քաջերին...»
Մօտիկ նստած գեղադէմ Վարդան Բախշեանը կը ժպտի։ Այդ օրերուն մեր միտքէն չէր անցներ որ քանի մը տարի ետք ազգովին պիտի կանգնէինք Արցախի մեր հայրենակիցներուն ինքնորոշման իրաւունքը պահանջելու։ Մեր ընկերներ Վարդան Բախշեանն ու Թաթուլ Կրպէեանը այդ պայքարի առաջին մարտիրոսները պիտի ըլլային։ Իսկ հեռաւոր այդ ազատամարտիկը պիտի բացայայտուէր ու իր իսկական՝ Մոնթէ Մելքոնեան անունով պիտի հասնէր Հայաստան ու Արցախի համար միանար ընկերներուս։
Մեկնաբանել