HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Երկիր Մայրենի

Սեդա Գպրանեան Մելքոնեան

Հետքի երկարամեայ ընթերցողները հաւանաբար գիտեն, որ շատ երկար տարիներէ ի վեր ամէն նոյեմբերի քսանհինգին Մոնթէին անձնական նամակներէն հատուածներ կը բաժնեմ իր անչափ սիրած ժողովուրդին հետ։ Հատուածները կ՚ընտրեմ նկատի ունենալով տուեալ ժամանակին տեղի ունեցող խնդիրները եւ իմ կարծիքով նամակներուն առնչութիւնը նմանատիպ հարցերու։ Առնչութիւններ՝ որոնք ամէն մէկը ինքն իր համար կրնայ գտնել կամ չգտնել։ Կարեւորը, Մոնթէէն մէջբերումը կը միտի կենդանի պահելու իր անխաթար խօսքը։ Գիտեմ, որ այս նամակերուն մէջ կան հատուածներ որոնք որոշ ընթերցողներու տհաճութիւն կը պատճառեն։ Նոյնիսկ գիտեմ, որ կան մարդիկ որոնք կը մտածեն աւելի քան երեսուն տարուան վաղեմութիւն ունեցող սա գրուածքները ժամանակավրէպ են։ Կան անոնք, որոնց ստեղծած Մոնթէ կերպարին անյարիր են Մոնթէին իսկ գրած տողերը։ Մոնթէին իսկապէս յարգող ոեւէ մարդ պիտի ամէն ինչ ընէր չաղաւաղելու անոր իսկական կերպարը, նոյնիսկ եթէ ան բաներ ըսած է որուն համաձայն չեն։ Արդ, անձնական այս նամակներէն մէջբերումները փորձ մըն են Մոնթէին հարազատ կերպարը պահպանելու յատկապէս այժմեան աղաւաղումներուն ի տես։

Մոնթէին ամէնամեծ վախը մասամբ իրականացած է արդէն, որքան ալ մեզմէ ոմանք տակաւին անընդունելիութեան թմբիրին մէջ կը մնան։ Սակայն կրնայ ըլլալ որ ամէնամեծ վտանգը տակաւին մեր սեմին է։ Իսկ 23 հոկտեմբեր 1988-ին գրուած ներքոբերեալ նամակին մէջ անուններու առկայութիւնը ոչ շատ զարմանալի։

«Այսօր թերթի մէջ նոր բաներ կարդացի Երեւանի վերջին դէպքէրուն մասին։ Ըստ այս երկար յօդուածին, կարծես թէ Տէր Պետրոսեանը աւելի լրջացեր է եւ իր սեպտեմբերի որոշ յայտարարութիւններուն հակասող բաներ կ՚ըսէ հիմա։ Հիմա կ՚ընդունի որ «անկախութեան» հարց չկայ եւ պէտք չէ որ ըլլայ։ Միւս կողմէ այս Աշոտ Մանուչարեանը թէ՛ հետաքրքրական թէ՛ ալ ուրիշ քիչ մը դժբախտ բաներ ունի ըսելու։ Յայտնի է որ այս Ղարաբաղ Կոմիտէի մէջ (այսինքն 11 հոգու միջեւ) իրար հակասող գաղափարներ կան։ Այս կը նշանակէ որ յստակ ծրագիր կամ ուղղութիւն չեն կրցած պատրաստել/որդեգրել։ Ասիկա շատ գէշ է եւ կարծեմ թէ այս պատճառով է որ ինչ-որ ծայրայեղ անհաշիւ տարրեր կրցած են սեպտեմբերէն ի վեր ժողովուրդի զգացումներէն ու շարժումէն օգտուիլ իրենց հայավնաս արտայայտութիւններ ընդունելու։ Իսկապէս այս Կոմիտէն շատ պէտք ունի իր իսկ դիրքերը որոշելու։ Երբ սեպտեմբերին պէս «անկախութեան» կարգախօսը կը քաջալերեն իրենք ամբողջովին կը հակազդեն իրենց անունը՝ Ղարաբաղ Կոմիտէ։ Այսինքն անկախութիւնն է որ պիտի երաշխաւորէ որ Արցախը երբեք-երբեք- երբեք չի միանայ Հայաստանին։ Լաւ գիտենք որ Ս. Հայաստան բնաւ «անկախ» չի պիտի ըլլայ, բայց նորէն այս կարգախօսը շատ վնասակար է։ Ալիւեի եւ Պակիրովի պէս թշնամիներու խօսքերը «կը փաստէ» (գոնէ շատեր այսպէս կը տեսնեն) որ Հայերու շարժումը ծայրայեղ, հակասովետական, հակաընկերվարական եւ անհաշիւ տարրերու գործ է։ Փետրուար եւ Մարտին այսպիսի մարդիկ եւ մամուլը մեզի դէմ այսպիսի հայհոյանքներ կ՚ուղղէին։ Այսօր այս անցեալի սուտերը իրականութիւն թող չի՛ դառնան։ Թերեւս ես նամակներուս մէջ շատ կը գրեմ այս նիւթին մասին։ Բայց ինչո՞ւ։ Լաւ գիտես որ մեզի՛ համար եւ ինծի՛ համար շատ կարեւոր հարց է։ Անկիւնադարձ է, որ ճակատագրական արդիւնքներ կրնայ ունենալ։ Ինչպէ՞ս պէտք է զգամ որ այսպիսի ժխտական հոսանքներ կը սկսին հրաշալի շարժումի մը կեցնել, թերեւս նոյնիսկ փճացնել։ Բայց տակաւին փճացած չէ։ Պէտք է քիչ մըն ալ համբերութիւն ունենանք (եւ մինչ այդ մեր կողմէ մեր կրցածը ընենք վիճակը գոնէ քիչիկ մը շտկելու) եւ լաւ կողմը քաջալերենք։ Հոս շատ աւելի ըսելիքներ ունիմ բայց ձգեմ։ Երբ միասին ըլլանք շատ երկար պիտի խօսինք»։

Մոնթէն բաւական իրապաշտ էր գիտնալու համար որ իսկական «անկախ» երկիրներ գոյութիւն չունին արդի աշխարհին մէջ։ Առիթով մը ինծի ըսած է որ «իսկական անկախ երկիր մը թերեւս Ալպանիան է, բայց ո՞վ կ՚ուզէ այդպիսի երկիր»։ Այդ օրերուն Ալպանիան տնտեսական ինքնաբաւութեամբ միջազգային մեկուսացման քաղաքականութիւն վարող երկիր էր։ Մոնթէն նաեւ գիտէր, որ եթէ մենք որպէս ազգ, որպէս երկիր միասնական ջանքերով ներկայութիւն չստեղծենք համաշխարհային բեմին վրայ, ոչ ոք մեզի լուրջի պիտի առնէ։ Որպէս երկիր մենք պէտք է վաստակի՛նք այդ յարգանքն ու վստահութիւնը։ Այլապէս, մեզի մարդու տեղ դնող չ՚ըլլար։

Կը յուսամ ամէնքս կը հասկնանք թէ կա՛յ տեղ մը, ուր բոլորս պարտաւոր ենք մեր տարակարծութիւններն ու անգամ հակասութիւնները մէկ կողմ հրելու եւ մեր ճիգերը համատեղելու։ Այդ տեղը կը կոչուի երկիր մայրենի, հայրենի ժողովուրդով միասին։ 

Մեկնաբանություններ (2)

Aline
Let there be no doubt among Armenians about Armenia's geopolitical importance. Russia's only real political and military presence in the South Caucasus is Armenia. Without Armenia being in Russia's pocket, NATO will easily go all the way to the Caspian and across it into Central Asia.. This is why Russia and the West fight over Armenia. Do not listen to those who think Armenia is worthless. There are many Armenians who do not grasp Armenia's value to Russia and the West. One hopes that that attitude is changing,
Arsine
Monte would have made a great Armenian Prime Minister.

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter