HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Լռելու Արժէքը. Մոնթէ Մելքոնեանի Յիշատակին

Սեդա Գպրանեան Մելքոնեան

Վերջին տարիներու Հայաստանիս զարգացումներուն հետ ընկերներս յաճախ կը հարցնեն ինծի.

–Ինչո՞ւ կը լռես:

Գիտեմ թէ միակ լռողը չեմ: Մտերիմներու ստուար խումբ մը ունիմ հետս ու բոլորս ապշահար կը շարունակենք լռել:

12 յունիս 1993-ի երեկոյեան, երբ բազմաթիւ ընկերներ ու ծանօթներ մերժած էին ամուսնուս՝ Մոնթէին զոհուելուն գոյժը տալ ինծի, վերջապէս ոտքէն վիրաւոր Զօրավար Հարոյեան համաձայնած էր այդ պարտականութիւնը ստանձնել: Հանրակացարանի մեր սենեակին սրճագոյն սեղանին դիմաց նստած լուռ էի: Ամբողջ մարմնով կը դողայի զայրոյթէս: Դանդաղ սահող  ժամերու ընթացքին ընկերներ ու ծանօթներ սկսան հաւաքուիլ: Ես լռեցի: Ընտանիքի անդամներ հեռաձայնեցին հեռու երկիրներէ: Քանի մի բառ արտասանելէ ետք ես լռեցի:

–Ասի շատ է քեզի հոգիս: Ապրիլին հայրիկը, հիմա Մոնթէն,– ըսաւ քոյրս աշխարհի միւս ծայրէն հեռաձայնին մէջ հեկեկալով: Ես լռեցի:

Օրեր առաւ մինչեւ ընկերս՝ Էդիկը եկաւ զիս տեսնելու: Սեւեռեցի վրան ու միասին լռեցինք:

1994-ի զինադադարէն ետք ազգովին անտրտունջ տարինք տարիներու մութն ու ցուրտը: Հանրակացարանի սենեակս լոգարանին մէջ ջուրը սառեցաւ: Պարսկական Ալլատին վառարանի նաւթին ծուխը պզտիկ սենեակս լեցուց: Աւելի յաճախ մոմի լոյսին տակ, սեղանիս դիմաց կքած թեկնածուականիս վրայ աշխատեցայ:

–Մոնթէին տարեդարձին նուէրը պիտի ըլլայ, – մտածեցի: Գիտէի թէ որքա՜ն պիտի ուրախանար համալսարանը աւարտելուս համար:

Այդ օրերուն մեզի տրուած ուրախութիւնները դիւրին ձեռք չէին բերուիր:

«Մի կրամ ոսկի» լոզունգին տակ բոլորս խճողեցինք օփերայի հրապարակը: Չունեւոր մարդիկ իրենց ամուսնութեան մատանիները նուիրեցին: Ոսկի չունեցողը ոսկիին դրամը տուաւ միայն մեր Հայաստանը գոյանար: Միայն թէ թունելին վերջի սա լոյսը մօտենար այլեւս:

Այդ օրերուն Հայաստան մնացած սփիւռքահայերս մատներու վրայ կը հաշուէինք: Տարիներ ետք այդ մնացած ընկերներուս հետ երբ հին օրեր կը յիշէինք, մէկը հարցուց.

–Ինչո՞ւ մնացինք:

Բոլորս ալ կրնայինք երթալ մեր երկիրներն ու տուները: Միւսներուն համար չեմ կրնար խօսիլ բայց գիտեմ որ եթէ ես մեկնէի, ամբողջ կեանքս մեղաւոր պիտի զգայի ժողովուրդիս ցաւն ու դժուարութիւնները չբաժնելուս համար: Արդէն մեղաւոր կը զգայի 1988-ի երկրաշարժին Անգլիա ըլլալուս համար: Թէեւ հոն մինչեւ առաւօտեան ժամերը օդակայանը կամ որեւէ սրահի մէջ տուժածներուն համար օգնութիւն ղրկելու վրայ կ'աշխատէի:

Ակնյայտօրէն, այդ օրերուն մեր չափանիշերը տարբեր էին: Մենք պատրաստ էինք զրկանքին, համեստ կեանքին, չունենալուն, միայն թէ մեր երկրի ղեկավարութիւնը սկուտեղի վրայ իրեն հրամցուած պատմական հայրենիքը պահէր: Միամիտ ու ապուշ չէինք: Կը տեսնէինք, երբ ինչ-որ պետական պաշտօնեայի շէնքը հոսանք ունէր իսկ քաղաքը մութի մէջ էր: Բայց մեր առաջնահերթութիւնները յստակ էին:

25 յունիս 1992-ին, Մոնթէն Արցախի վարչապետ՝ Օլէգ Եսայեանին գրասենեակէն հեռաձայնեց ինծի՝ տարեդարձս շնորհաւորելու եւ ներողութիւն խնդրելու: Երկար տարիներ իրարմէ հեռու մնացած ըլլալով, համաձայնած էինք որ մեզի համար կարեւոր թուականներու միշտ միասին պիտի ըլլանք: Հիմա ինք կը խախտէր այդ ուխտը: Այդ օրը Մոնթէին հետ հիասթափ բայց հանգիստ խօսեցայ ու իր բազմաթիւ «կը ներես Սեդա, իսկապէս, կը ներես»-ներուն պատասխանեցի «լաւ» ու չըսի «ներուած ես»: Բայց երբ աւելի ուշ պատմեց կատարուածը, մեղաւոր զգացի:

Օրեր առաջ Մարտունիի մէջ Արամն ու Միրզա Վալոն գացած էին հետախուզութեան: Անցած էին պաշտպանական գիծը ու մօտենալով թշնամիին անշարժ ունկնդրած էին անոնց ծրագրի քննարկումը: Վերադարձին տղաքը ականի վրայ պայթած էին: Արամը զոհուած էր իսկ Միրզա Վալոն ծանր վիրավոր հիւանդանոցին մէջ անդադար կրկնած էր.

–Արամը Աւոյի (Մոնթէի) հետ խօսա՞լ ա:

Ընկերները չուզելով տխրութիւն պատճառել վիրաւոր Միրզային նախ ըսած էին որ Արամը լաւ էր: Բայց երբ վերջապէս յայտնած էին որ Արամը չկար՝ Միրզան անմիջապէս պահանջած էր Մոնթէն: 

«Յունիս 26-ին յարձակում է լինելու» դժուարութեամբ ըսած էր կոկորդէն վիրաւոր Միրզա Վալոն:

Յունիս 14-ին Շահումեանը ինկած էր ու թշնամի ուժերը կը յառաջանային Մարտակերտի ուղղութեամբ: Մարտունիի վրայ յարձակումը սկսած էր յունիս 27-ին: Թշնամին քսան թանկ ու զրահամեքենայ քշած էր դէպի Մաճկալաշէն: Ճակատի ամբողջ երկայնքով մինչեւ Կարմիր Շուկայ տարածուած էին թշնամի զօրքերը: Մոնթէն ու իր մարտիկները մնացած էին իրենց խրամատներուն մէջ: Իրենց քանի մը զրահամեքենաներով ու շա՜տ համեստ սպառազինութեամբ ետ մղած էին թշնամին որու ծրագիրն էր շրջանը հատել հիւսիսէն ու հարաւէն ու հասնիլ Ստեփանակերտ: Յունիս 28-ին Մարտունիի դէմ յարձակման միացած էին Ճարտարին դիմաց գտնուող թշնամի ուժերը: Մոնթէն ու իր մարտիկները ոչ միայն ետ մղած էին հզոր թշնամին, այլ մեծ վնաս հասցուցած էին անոր բանակին:

Պատմելով ինծի այդ օրերու մարտերուն մասին, Մոնթէն կը կրկնէր.

–Սեդա, ի՜սկապէս նոր Սարդարապատ էր:

Այդ ամսուան մարտերը միակ նոր Սարդարապատը չեղան: Հրաշալի տղամարդիկ ու կանայք իրենց լուման դրին այդ պատմական ձեռքբերումներուն: Շրջանի դարաւոր բնիկները վերջապէս իրենց մարդկային իրաւունքները վերականգնեցին: Իսկ մենք երկար տարիներ այդ ձեռքբերումները շնորհուած առինք ու ոչինչ աւելցուցինք:

20 նոյեմբեր 1988-ին Մոնթէն ինծի կը գրէր.

 «Առանց քաղաքական յստակատեսութեան, ամէնաբարի մտադրութիւնը ունեցող մարդիկ կրնան մեծ վնասներ հասցնել։ Տարիներ առաջ նամակներէդ մէկուն մէջ նշած էիր թէ ես շատ խստապահանջ մարդ եմ։ Այո՛, գոնէ հայրենասիրական հարցերուն մէջ այդպէս եմ քանի որ չափազանց լուրջի կ'առնեմ մեր ժողովուրդը, մեր հայրենիքը եւ մեր ապագան։ Ոչ ոք իրաւունք ունի խստապահանջ չըլլալու:

…Մեր սփյուռքը ահռելի գէշ վիճակի մէջ է։ Աւելի գէշ քան մենք առաջին նայուածքէն կը կարծենք: Հակառակ աս ամէն ինչին, մենք պէտք է ճամբայ գտնենք առաջ երթալու։ Մենք պէտք է ստեղծենք տքնաջան աշխատող դրական հոսանք մը որը կրնայ դժուարութիւնները յաղթայարել մէկ առ մէկ։ Շատ դժուար պիտի ըլլայ բայց մենք պէտք է ատիկա ընենք»։

Այսօր խստապահանջութեան հարց գոյութիւն չունի: Դժուարութիւններն ու տքնաջան աշխատանքը անյարիր են կարծես ազգերու ճակատագիրը որոշողներու մեծամասնութեան: Իսկ այժմեան դրամատիրական սա աշխարհի եւ իւրայիններու անզգայութեան դիմաց բառերը անզօր են: Բայց լռութիւնն ալ անտարբերութիւն չ'ենթադրեր:

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter