HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Զրպարտանքի ժամանակներ

Սեդա Գպրանեան Մելքոնեան

Երկար տարիներէ ի վեր ամէն յունիսի 12-ին եւ նոյեմբերի 25-ին Մոնթէին նուիրուած գրութիւն մը կը ղրկեմ Հետք-ին: Յաճախ այս գրութիւններուն մէջ հատուած մը կը դնեմ Մոնթէին նամակներէն: Միայն մէկ պարագայի, նկատի ունենալով գրուածին այժմէականութիւնը, երկար մէջբերում մը զետեղած եմ Մոնթէին խօսքը համատեքսին մէջ պահելու մտահոգութեամբ: Սովորաբար դժուար չէ ժամանակին յարիր ըսելիքներ գտնել Մոնթէին նամակներուն մէջ: Սակայն այս տարին կարծես բացառութիւն է:

Սեպտեմբերի 15-ին եւ 16-ին Գալիֆորնիոյ մէջ լեցուն դահլիճներու դիմաց կանգնած ես յոյս յայտնեցի, որ դեռ ամէն ինչ կորսուած չէ, դեռ կարելի է տքնաջան աշխատիլ ու Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման հարցը առաջ քաշել համաշխարհային հարթակին վրայ: Ընդամէնը քանի մը օր ետք այդ յոյսը վայրագօրէն մէկ կողմ շպրտուեցաւ:

Մոնթէն ամէնադժուար պայմաններու մէջ անգամ իր յոյսը չէր կորսնցնէր: Գուցէ մեր սէրն ու հաստատակամութիւնն էր, այդ լուսաւոր յոյսի նշոյլը որ տարիներու փորձութիւններէն ու դժուարութիւններէն դուրս բերաւ թէ՛ Մոնթէին, թէ՛ ինծի:

Հիմա, երբ կը փորձեմ մտովի Մոնթէին հետ զրուցել, անասելի տխրութիւն, հիասթափութիւն ու անգամ զայրոյթ կը տիրէ: Անտարբերութիւնը անյարիր է Մոնթէին երբ հարցը կը վերաբերի ժողովուրդին, երկրին, ճնշուած մարդուն՝ ըլլայ ան Արցախի մէջ թէ Պաղեստինի: Մոնթէն բոլոր ճնշուածներու իրաւունքներուն պաշտպանութեան թիկունք կը կանգնի: 

Երբեմն Մոնթէին՝ ինքն իր հանդէպ անտարբերութեան բացը սակայն յաճախ ես կը լրացնէի: 4 նոյեմբեր 1991-ին Արցախի Շահումեանէն գրուած նամակի մը մէջ կը գրէր. «Դուն ի՞նչ կ'ընես: Ուսումիդ համար ժամանակ ունի՞ս: Գէշ կը զգամ երբ կը մտածեմ թէ ինչքա՜ն գործեր ձգած եմ քու վրադ»: 

Մոնթէին խօսքը անխաթար պահելու պատասխանատուութիւնն ալ հիմա իմ վրաս է: Իսկ Մոնթէին գործը ժողովուրդին ժառանգութիւն ինկած է: Այդ ժառանգութիւնը տարիներու ընթացքին Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու տարբեր նախագահներ պետական շքանշաններով գնահատած են: 

Վերջին տարիներուն, հաւանաբար բարոյահոգեբանական ճնշման որպէս միջոց, Մոնթէին անունը արգիլուած է տարբեր միջազգային ընկերային հաղորդակցութեան ցանցերու մէջ: Մարդիկ գրաքննութեան ենթարկուած են եւ իրենց ազատ խօսքի իրաւունքը ոտնահարուած է: Սակայն պետական ոչ մէկ շօշափելի մօտեցում եղած է այս հարցին: Ցարդ ո՛չ մէկ պետական ներկայացուցիչ կապուած է իմ  կամ մեր ընտանիքի անդամներէն ոեւէ մէկուն հետ գոնէ հարցը քննարկելու համար: Մեր հոգեբանական ու զգացական վերիվայրումներն ու ապրումները մէկ կողմ ձգած:

Մոնթէին վերաբերող տեղեկութեանց արգելումը իբր թէ կապուած է իր՝ ՀԱՀԳԲ-ի անդամակցութեան հետ: Կազմակերպութիւն մը որմէ Մոնթէն ինք հեռացած էր, ատենին արեւմտեան մամուլով հրապարակաւ այդ մասին յայտարարելով: Մոնթէին համար անմեղներու կեանքը ամէն գնով պէտք էր պահպանուէր, անկախ անոնց ազգութենէն: Ընկերներուն հետ միասին հեղինակած մէկ գրութեան մէջ կը նշուի. «Չնայած թուրքական դիւանագէտները գրոհների համար արժանի թիրախներ են, բայց նրանց ընտանիքների անդամներից եւ ո՛չ մէկը չպիտի զոհ դառնայ եթէ ի հարկէ  չի ծառայում թուրքական վարչակարգին: Աւելին, ընտանիքի անդամները չպիտի դիտաւորեալ թիրախ դառնան»: Անդրադառնալով յատուկ պարագաներու, որոնց մէջ կը մտնէ ենթադրաբար Մոնթէին կողմէ կատարուած գործողութիւն մը, կը բացատրուի թէ «... հիմնականում թիրախը դիւանագէտն էր, բայց վերջին րոպէներին առաջացած հանգամանքների կամ սխալների (՞) պատճառով զոհաբերուեցին մէկ կամ աւելի ընտանիքի անդամներ»:

Մոնթէն չէ բարձրաձայնած իր կատարած որեւէ գործողութեան մասին:  Իսկ եթէ իր գործունէութեան ընթացքին սխալներ կատարուած են, ան միայն սորված է այդ սխալներէն եւ ամէն ճիգ ի գործ դրած՝ զանոնք չկրկնելու համար: Մոնթէին թշնամիները կրնան շատ բան վերագրել իրեն, բայց չկատարուած բանը փաստել հնարաւոր չէ: Նման վերագրումները կը մնան բամբասանքի ու զրպարտութեան ծիրին մէջ: Իսկ բան մը որ Մոնթէն չէր հանդուրժէր՝ զրպարտանքն է: 

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter