
Ի՞նչ Պիտի Չընէր Մոնթէն
Սեդա Գպրանեան-Մելքոնեան
Վերջին մէկ տարուան ընթացքին, ամէն մէկ հայ հայրենասէրի պէս, ես ալ նայած ու վերանայած եմ հայրենիքիս ու մեր ժողովուրդին բաժին ինկած պատուհասը։ Իմ ստացած հարիւրաւոր պատգամներս կը շարունակեն տալ նոյն հարցումը՝ «ի՞նչ պիտի ընէր Մոնթէն»։
Գուցէ պէտք է հարցնել ի՞նչ պիտի չը՛նէր Մոնթէն։
Անցեալ նոյեմբերին երբ պատերազմը դադրեցաւ, հազարաւոր զոհերուն, վիրաւորներուն եւ կորսուած տարածքներուն ի տես ես մտածեցի իմ փոքրիկ երկրիս փոքրիկ բնակչութեան սուգով ապրելուն մասին։ Անհաշուելի ընտանիքներու համար ասիկա պիտի ըլլար հանգուցեալի առաջին Նոր Տարիի, առաջին ծնունդի, առաջին ամէն ինչի տարի, եւ ամէն առիթ պիտի զուգորդուէր գերեզման այցելութեամբ։ Նման մթնոլորտի մէջ շքեղ հարսանիքներու համար տեղ չկայ մտածեցի։ Միամտօրէն յուսացի, որ հարսանիքի համար նախատեսուած գումարներ մարդիկ գուցէ յատկացնեն իրավիճակը տանելի դարձնելու կամ մէկուն կեանքը զգալիօրէն փոխելու բարի նպատակին։ Վերջապէս ազգին ու բանակին բարոյահոգեբանական վիճակը մեծ խնդիր է։ Իսկ համերաշխութիւն ցոյց տալը՝ կարեւոր։ Այնպէս ինչպէս Մոնթէն կը պատգամէր 1992-ի հոկտեմբերին իր ընկեր՝ Էդիկ Բաղտասարեանին տուած հարցազրոյցին մէջ. «ինչքան դժուար է Հայաստանի տնտեսական վիճակը, հասկցանք դժուարութիւնները բայց պատերազմն ալ այդպէս է, պատերազմը միայն դժուարութիւն է, պատերազմը հաճելի բան չէ։ Եթէ մարդիկ կը կարծեն որ իրենց պարզ կեանքը կրնան շարունակել եւ նոյն ատեն պատերազմ տանիլ ուրեմն շատ ապո՛ւշ են։ Պիտի հասկնանք որ պիտի զոհուինք, պիտի լաւ չուտենք, պիտի լաւ չի հագնինք, պիտի դպրոց չերթանք։ Չմոռնանք, պիտի մեր ամբողջ ուժը դնենք ռազմական գործին մէջ, յաղթենք, ու յետոյ բոլորիս համար աւելի լաւ կ՚ըլլայ»։
Մոնթէն վայրկեան մ՚իսկ պիտի չկորսնցնէր դրամ թիզելու կամ ցուցամոլութեան վրայ։ Վկայ մեր միասին ապրած տարիները, որու ընթացքին մենք երբեւէ դրամատան հաշիւ չունեցանք։ Դրամ չունէինք որ հաշիւ ալ ունենայինք։ Հայաստան հասնելէ ետք մինչեւ մեր հարսանիքը, մենք կ՚ապրէինք իմ ստացած 110 ռուբլի համալսարանի թոշակովս։ Մեր հարսանիքին առթիւ ստացած նուէրներով, որպէս Միշիկանի համալսարանի ամառային ծրագրի դասախօս իմ աշխատավարձով ու այստեղ-այնտեղ կատարած գործերուս վճարումներով մենք գոյացուցինք հինգ հազար տոլլար, բնակարան գնելու համար։ Ա՛ս էր նիւթապէս մեր ամէնաապահով շրջանը։ Բայց մենք ամէնահարուստ մարդիկ էինք։
Մոնթէն ատելութիւն սերմանելու վրայ ժամանակ պիտ չկորսնցնէր։ Ան կը հաւատար ժողովուրդներու հաւասարութեան։ Ամէն մէկ ազգ ունի իրաւունքներ։ Կան գէշ կառավարութիւններ, բայց ո՛չ գէշ ազգեր։ «Ես երբէ՛ք, երբէ՛ք ազգայնամոլ չեմ (շատ դէմ եմ ազգայնամոլութեան) եւ ոչ ալ նախալարուածութիւններ ունիմ... Ինծի համար ամէն մէկ անձ պէտք է դատուի իր գաղափարներէն, սկզբունքներէն, գործերէն եւ ապրելակերպէն, ո՛չ թէ իր ծագումէն եւ այլն», կը գրէր ինծի բանտէն։
Այլամերժութիւնը անընդունելի էր Մոնթէին համար։ «Մեր ժողովուրդը, ինչպէս որևէ ժողովուրդ, հակառակ որ գէշ տարրեր ունի իր մէջ, իբրև ամբողջականութիւն մը լաւ է: Ես շատ ուրախ եմ հայ ըլլալով: Հայկական մշակոյթը լաւ է, լաւ է հայու առօրեայ կեանք ապրիլ: Երբէք չեմ ըսեր, որ հայ ժողովուրդը որևէ ուրիշ ժողովուրդէն լաւ է: Ո՛չ, այդ տեսակ բաներ ճիշդ չեն: Այլ նոյնիսկ այդ տեսակ հարց չի դրուիր: Պարզապէս ամէն մէկ ժողովուրդ իր յատկութիւնները ունի եւ այս յատկութիւններու տեսակները եւ բազմութիւնն է, որ աշխարհի մարդկութեան հարստութիւնն է» կը գրէր ան: Ես նաեւ պիտի հիասթափեցնեմ բազմաթիւ ցեղակրօնութեան հակող մարդոց։ Մոնթէն ոչ միայն չէր հաւատար այլ դէմ էր ցեղակրօնութեան։
Վախի պատճառով Մոնթէն պիտի չտատամսէր։ Ապրիլ 1993-ին զօրամասի ճաշարանը նստած էինք երբ ռազմական օդանաւի ձայն լսուեցաւ։ Դիմացս նստած մարդուն ծռիլը տեսնելով ես ալ կքեցայ։ Ձայնին անհետացումէն ետք երբ հայեացքս բարձրացուցի Մոնթէն տեղէն չէր շարժած։ Ինծի նայելով ժպտաց ու հարցուց «վախցա՞ր»։ 1986-ին, հակառակ իր խորհուրդին ճամբորդելուս առթիւ գրած էր. «ամէնայնդէպս, շատ ուրախ եմ, որ վախ չունիս, քանի որ վախը միայն ապուշ սահմաններ կը դնէ մարդու վրայ: Սակայն միշտ լաւ յիշէ, որ խելացի հաշիւները եւ վախը նոյնը չեն: Խելացի հաշիւները քեզ չե՛ն սահմաներ, այլ սխալներդ կը սահմանեն: Մեծ տարբերութիւն կայ:»
Մոնթէն չէր սպասեր որ ուրիշը իր գործը ընէ։ Ան կը գիտակցէր իր քաղաքացիական պարտականութեան եւ յոյսը այլոց վրայ չէր դներ։ «... Ես կը սիրեմ սկզբունքներ, այնպէս որ, վերադառնանք ընկերային փոփոխութեան վերաբերեալ կարեւոր սկզբունքի մը. ընկերութեան մէջ որեւէ բան փոխելու համար՝ այն մարդիկ որ ուղղակիօրէն շահագրգռուած են պէտք է նախաձեռնութիւն առնեն. փոփոխութիւնը պէտք չէ սպասել հիմնականին մէջ խումբէն դուրս: Մեր պայքարին մէջ մենք հասկցած ենք, որ այդ կը նշանակէ, որ ոչ թէ պէտք է սպասենք որ ԱՄՆ-ն, Ֆրանսան, ՄԱԿ -ը կամ Թուրքիան լուծեն մեր խնդիրները, այլ մենք, (հայ ժողովուրդը) ինքներս պէտք է լուծենք», կը գրէր ան:
Մոնթէն պիտի չանարգէր անհատ մը անոր կրօնական, ցեղային թէ սեռային պատկանելիութեան համար։ Յաճախ ան կը կրկնէր ինծի, որ մեր միակ տարբերութիւնը մեր ֆիզիքական ուժին մէջ է։ «Ցաւալի է երբ մարդիկ, մանաւանդ լաւ եւ խելացի մարդիկ, կամայական սահմաններ կը դնեն իրենք իրենց վրայ: Ասիկա իսկապէս մեզի այդքան անհրաժեշտ մարդկային ուժականութեան կորուստ է: Մեր ժողովուրդը պէտք ունի ամէն մէկ հայրենասէրի: Հայ կիները նոյնքան հայ են որքան հայ տղամարդիկ, ուրեմն իրենց դերն ալ նոյնը պէտք է ըլլայ» կը գրէր ինծի 1988-ին։ Առաւել, կը հաստատէր թէ «...տղամարդոց եւ կիներու գիտակցութեան մակարդակը գրեթէ հաւասար են: Որոշ ձեւով, գոնէ ուսման մակարդակով (ուսման մակարդակը եւ գիտակցութիւնը անպայման նոյն բանը չեն) հայ կիներունը յաճախ աւելի բարձր է քան տղամարդոցը»: Մոնթէն պիտի չարհամարհէր այն հսկայ դերակատարութիւնը որ կանայք պիտի ունենային իրավիճակի բարելաւման մէջ։
Այսօր աս մէջբերումներուն կրկնութեան անհրաժեշտութիւնը աւելի քան երբէք կը զգացուի։ Մեր հայրենիքին մէջ ծայրայեղական գաղափարախօսութիւններ տարածող խմբաւորումներ պարարտ հող գտած են այս ծանր ժամանակներուն բազմաչարչար ու ընկճուած մեր ազգը ապակողմնորոշելու։ Յաճախ այս ծայրայեղական քարոզներու ընթացքին կը շահարկուի նաեւ Մոնթէին անունը, ով բացարձակապէս դէմ էր սուտի եւ կեղծիքի։ Եկէք ե՛ւ դէպքերը ե՛ւ դերակատարները ճիշդ գնահատենք ու մեր սխալներէն սորվելով վերջապէս այլեւս կեդրոնանանք կարեւորագոյն խնդիրներուն վրայ։ Սպառազինման հետ միասին, ծառայող երիտասարդին բարոյականը վեր պահելն ու անոր սատար կանգնիլը մեծ դեր կը խաղայ մեր երկրի դարպասները ամուր եւ ապահով պահելուն վրայ։ Ա՛ս պիտի ըլլար Մոնթէին ամէնամեծ առաջնահերթութիւնը։
Մեկնաբանություններ (8)
Մեկնաբանել