HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Մխիթարանք Կորուսեալ

Սեդա Գպրանյան-Մելքոնյան

Մեր տան դիմաց կանգնած ինքնաշարժին սեւ բազմոցին կը նստիմ ու քիչ մը առջեւ ծռելով վարորդին կ'ըսեմ,

-Եռաբլուր:

Լուռ ենք: Ինքնաշարժերու ժխորին մէջ կը սպասենք, տեղ-տեղ կամաց կը յառաջանանք, աջ ու ձախ կը մտնենք: Կը թեքուինք: Բլուրին վրայ եռագոյն դրօշակներու բանակ մը կը ծածանի: Հին օրերուն, յատուկ առիթներու դրօշակներ կը յայտնուէին:

Մանչս ու ես նոր տուն ժամանած մարդու պէս տապանաքարին փոշին կ'առնենք ու լուռ կը նստինք: Շուրջս կը զննեմ: Բարի մարդիկ պլաստիկէ զարդեր ու կեղծ ծաղիկներ դրած են: Մտքիս մէջ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ իրենց: Գերեզմանաքարին վրայ աւելցուած բաները անյարիր են Մոնթէին համեստութեան: Երկար տարիներ բազմիցս պատասխանած եմ նոյն հարցին.

-Տիկին Սեդա, ինչո՞ւ նկար չկայ Մոնթէին վրայ:

-Երբ այս գերեզմանատան ամէնավերջին զինուորը նկար կ'ունենայ, ա՛յն ատեն ես ալ նկար կը դնեմ Մոնթէին վրայ:

Իմ բացակայութեան՝ բարեացակամ կիներ իրենց նախաձեռնութեամբ նկար աւելցուցած են: Զգացուած եմ ուշադրութենէն:

Չորս կողմս կը նայիմ ու դոյլ մը փոխ առնելով կ'ուղղուիմ դէպի պուլպուլակը որ չոր կը գտնեմ: Մանչս խոտերը ջրող խողովակէն քանի մը դոյլ ջուր կը բերէ ու մատներով կը շոյենք Մոնթէին անուան գիրերը: Մաքուր քարին դիմաց ծունկի կու գամ ու կլորակ ածուխ մը կը դնեմ թիթեղէ ամանի մը մէջ: Խունկի հատիկները կը հանգչին ածուխին մէջտեղ ու ծուխը կը գալարի:

Խորունկ շունչ մը կը քաշեմ ու կարծես ոյժ հաւաքած նշան կ'ընեմ տղուս: Մարող արեւին տակ կը քալենք դէպի ծանօթ ու անծանօթ գերեզմաններ: Նախ կ'ուղղուիմ դէպի իմ գիտցած նկար չունեցող, միայնակ մօր միակ զաւակին գերեզմանը: 1995-ին զոհուած աս երիտասարդին գերեզմանը կը մնայ թափուր: Կը մտածեմ Մոնթէին վրայ դրուած նկարին մասին:

Հին ընկերներու գունաթափող քարերուն քովէն կ'անցնիմ դէպի նոր գերեզմանները: Ապշահար կը կենամ: Դրօշակներուն ծայրը չ'երեւիր: Այս դէմքերէն շատեր ինծի համացանցէն ծանօթ են: Աչքերէս չեն վրիպիր կրանիթեայ եւ մարմարեայ  քանդակներ, քարեր, ծանր խնկամաններ, որուն նմանակը եւս նոր զետեղուած է Մոնթէին վրայ:

-Երանի մեր ժողովուրդը արեւմուտքի զինուորական գերեզմաններուն համեստութիւնը ընդօրինակէ,- կ'ըսեմ տղուս: Կը պատմեմ հին օրերու ճակատի կարիքներուն մասին: Մոնթէին՝ Արցախէն գրուած սակաւաթիւ նամակներուն մասին:

«Սիրելի Սեդաս-

Ինչքա՜ն երկա՜ր ժամանակ է ոչ կրցած եմ գրել ոչ ալ ուրիշ ձեւով հետդ կապուիլ: Վերջապէս 2 վայրկեան ունիմ բամ մը գրելու: Այս տեղ իսկական պատերազմական վիճակ կայ եւ «ներքին» խանգարումներն ալ այնքան շատ որ յաճախ բառի բուն իմաստով գլուխ քերելու ժամանակ չեմ ունենար: Իսկ քեզ շատ-շատ-շատ կարօտցած եմ ...

Լաւ, գործնական հարցերուն գամ: Վերջին կարճ նամակդ ստացայ ինչպէս նաեւ անկէ առաջ եկող աւելի երկար նամակը եւ անկէ՛ առաջուայ կէս անգլերէն կէս հայերէն նամակը: Նաեւ Վազգէնը (Սարգսեան, Ս.Մ.) ինծի որոշ բաներ բացատրեց: Կ'ուզեմ լաւ հասկնաս եւ պէտք եղած պարագային (եթէ օգնութեան պէտք ունին) բացատրես պէտք եղած մարդկանց որպէս զի ամէնակարգապահ անձերը, որոնք ոչ մէկ մեղք ունին կարենան ապագային նորէն այստեղ գալ եթէ պէտք ըլլայ: Այսինքն՝ Հրայրը (Կարապետեան, Ս.Մ.) Էդօ Բաղտասարեանը շնորհքով են:

Հոս AKM եւ Քարապինի փամփուշտ քիչ կայ, բայց ամէնաշատ ծանր գնդաձիրներ պէտք են (КПВT, տեշեքա, շիլքա): ... Նաեւ 82 եւ 120 մմ-անոց ականանետեր պէտք են:

Շատ լաւ կ'ըլլայ եթէ գաս գոնէ կարճ ժամանակով: Պիտի տեսնես թէ այստեղ ի՞նչ կը կատարուի, ժողովուրդը ի՞նչ մտայնութիւն ունի եւ այլն: Կը փորձեմ շիտակ աշխատիլ բայց այդ պատճառով թշնամիներ պիտի շահիմ: Ոչինչ, կ'աշխատիմ:

Եթէ գաս (կամ գոնէ ուրիշ մէկուն հետ ղրկէ) պէտք է հետեւեալ բաները բերես՝

  1. «սքօչ» (Scotch tape)
  2. Պէտքարանի թուղթ
  3. Չամիչ (Մարտոն եւ Անդրանիկը գիտեն ուրկէ)
  4. դեղորայք
  5. Փակցնելիք (glue)
  6. Պարզ թուղթ (գրելու թուղթ, բայց ոչ շատ):

Լաւ, այս տեղ պիտ փակեմ քանի որ ժամանակ չէ մնացած»:

Նոր գերեզմաններն այցելելէ ետք կը վերադառնանք Մոնթէին քով: Դեռ ծխացող ածուխին վրայ խունկ կ'աւելցնեմ: Կը սեւեռիմ վառող խունկի գալարող ամպիկին ու կը մտորեմ: Ըսես այս բազմահազար նոր ու հսկայ գերեզմանաքարերուն գինով քանի՞ փամփուշտ կ'առնուէր վերջին պատերազմի զինուորին համար, քանի՞ հակափամփուշտային ժիլէ կը պաշտպանէր բեկորէ, քանի՞ սաղաւարտ կը պահպանէր աս լուսաւոր գլուխներէն, քանի՞ անյայտ կորածի աճիւն արագ ԴՆԹ ստուգում կ'ունենար, քանի՞ վիրաւոր ազատամարտիկի կեանք կը բարելաւուէր, քանի վերադարձած զինուոր յետ պատերազմեան հոգեխոցի մտաբուժութիւն կը ստանար, քանի՜... քանի՜...

Ծնկաչոք կը նստիմ Մոնթէին տապանաքարին անկիւնը, գլխուն քով: Տարիներու ընթացքին սա հիւլէ մը Մոնթէին քովիկը նստիլը խոկումի բազմաթիւ ժամեր պարգեւած է ինծի: Մտովի կը խօսիմ: Առաջնահերթութիւնները խառնուէր են: Հին օրերուն մեր չունեցած դրամն ու ճիգը կը ծառայէր պատերազմի հետեւանքները նուազեցնելուն ու սփոփելուն: Յաւերժօրէն սպասող հոգին չի խաղաղիր: Եռաբլուր այցելելը բարդացեր է հիմա:

Սրբավայր այցելածի պէս քարը կը համբուրեմ:

-Շա՜տ- շատերը ա՛ս ալ չունին,- կ'ըսեմ տղուս:

Հորիզոնին վրայ անհետացող արեւին ուղղութեամբ կը քալենք դէպի գերեզմանատան ելքը: Ազատագրուած պատառիկ մը հայրենիքի մատուցած մխիթարանքը կ'որոնեմ:  

 

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter