
Իրականութեան Արժէքը. ճիշդն ու սխալը Մոնթէ Մելքոնեանին մասին
Սեդա Գպրանեան Մելքոնեան
Շատերու համար իրականութիւնը առաքինութիւն է որ կը խթանէ ազնուութիւն եւ արդարամտութիւն: Մոնթէին պէս մարդիկ յարմարաւէտ սուտի փոխարէն միշտ նախընտրած են ցաւոտ իրականութիւնը ըլլա՛յ անձնական, ըլլա՛յ ազգային կեանքի մէջ: Առանց փաստի յայտարարութիւններն ու զրպարտանքը կը ծառայեն միայն յարաբերութիւններու վատթարացման ու անվստահութեան: Աս նիւթին շուրջ Մոնթէն 20 դեկտեմբեր 1988-ին ինծի կը գրէր.
Բամբասանքը շատ գէշ բան է որուն դէմ պէտք է պայքարինք։ Ան միայն կը շուարցնէ մեր ժողովուրդը, իսկ շուարումը միշտ կը տկարացնէ մեզի։ Որոշ մարդիկ դիտմամբ լուրեր կը յօրինեն կարծելով թէ պիտի կրնան մղել եւ զօրաշարժել մարդոց, բայց ատիկա թէ՛ ապուշութիւն է եւ թէ՛ հակաարդիւնաւէտ է։ Ատկէ զատ, այդպէս մտածող մարդիկ պարզ է որ չեն յարգեր մեր ժողովուրդը։ Անոնք կը կարծեն թէ մեր ժողովուրդը ապուշ է եւ որ անոր բան մը ստիպելու միակ միջոցը անոր խաբելն է։ Եթէ մենք զարգացնենք մեր քննադատական մտածելակերպը եւ խնդիրներուն հանդէպ մեր գիտական մօտեցումը, մենք միշտ պիտի կրնանք խուսափիլ բամբասանքներուն հաւատալէն։ Ուրեմն մենք պէտք է պայքարինք որ իրականութիւնը բացատրենք մեր ամբողջ ժողովուրդին եւ մէջտեղ հանենք բամբասանքներուն աղբիւր(ներ)ը։
Բամբասանքը նաեւ չի խնայէր Մոնթէին ու մեծ ու պզտիկ սուտեր կը դիզուին իրար վրայ կերտելով կերպար մը որ չի համապատասխաներ իրականութեան: Այս բամբասանքներուն ու չափազանցութեանց մէկ մասը թերեւս կարելի է համարել բանահիւսութեան բնականոն ընթացք մը: Սակայն կան անոնք որոնք դիտմամբ ու չարամտութեամբ կը խեղաթիւրեն կերպարը մարդու մը՝ որ բաց գիրք էր: Մոնթէին գրութիւններէն մէկուն մէջ իր մօտեցումը որդեգրելով, հակիրճ ցուցակով մը հոս պիտի արձանագրեմ Մոնթէին վերագրուող տարածուած ճիշդն ու սխալը հիմնուելով տարիներու ընթացքին իր մասին կարդացածներուս վրայ:
- Չէր ծխեր
Ճիշդ. Մոնթէն կեանքին մէջ չէ ծխած: Երբ խոստովանեցայ թէ ես ուսանողական տարիներուս փորձած էի ծխախոտ, աչքերը մեծ բացած ըսաւ.
-Ինչպէ՜ս դուն ատանք բան ըրեր ես:
-Ես նորմալ մարդ եմ, ես բաներ կը փորձեմ,- պատասխանեցի ժպտալով:
- Չէր խմեր
Սխալ. Մոնթէն կը սիրէր կարմիր գինի, ամառը մեծ հաճոյքով կ'ըմպէր շատ պաղ գարեջուր իսկ ձմրան պաղին՝ հայկական քոնեաք, մասնաւորապէս՝ Վասպուրական: Մոնթէն երբե՛ք խմիչք չէր մօտեցներ բերնին երբ պատերազմի գօտիին մէջ կը գտնուէր կամ զինուորական տարազով էր:
- Վրայի հագուստը կու տար
Ճիշդ. Մէկէ աւելի անգամներ Մոնթէն իր հագուստը եւ անգամ կօշիկը հանած ու տուած է կարիք ունեցողին: Մայիս 1993-ին գիշեր մը երբ սենեակ մտաւ քնանալու, նկատեցի որ ոտքերը խաշած էին:
-Աս ի՞նչ է ոտքերուդ վիճակը,- հարցուցի:
-Հեչ, բան մը չէ, ձիւնի պոթերս հագած էի անկէ եղաւ,- ըսաւ:
- Մայիսին ձիւնի պոթեր ինչո՞ւ հագած ես: Կաշի պոթերդ ո՞ւր են:
- Կռուողներէն մէկուն կօշիկ պէտք էր բայց պահեստը իր չափին բան մը չկար: Ոտքիս չափն էր, իմս իրեն տուի եւ ստիպուած պոթերս հագայ:
- Վրիժառու մարտիկ էր
Սխալ. Մոնթէին նուիրուած թէ՛ երգերու, թէ՛ այլ գրութեանց մէջ հանդիպած եմ այս բառերուն: Մոնթէ եւ վրէժ բառերը ներհակ են, հականիշ: Մոնթէն չէր հանդուրժեր կոյր ատելութիւնն ու մոլեռանդութիւնը:
- Հաւասար իրաւունքներու կը հաւատար
Ճիշդ. Անգամ պատերազմի դաշտին վրայ Մոնթէն հաւատարիմ էր աս սկզբունքին ու կը յարգեր պատերազմի կանոնները: Այսինքն, պէտք է կռուիլ զինեալին դէմ միայն: Անզէն ու վիրաւոր թշնամի զինուորը կը դադրի կռուող ըլլալէ եւ մարդկային իրաւունքներ ունի բժշկական օգնութիւն ստանալու կամ գերեվարուելու՝ փոխանակման համար: Յայտնի եւ իրական պատմութիւն է թէ իր զինուորներուն վարանումը տեսնելով Մոնթէն ինք արիւն տուած է ազերի վիրաւոր զինուորի մը՝ անոր կեանքը փրկելու համար:
- Աֆղանիստանի մէջ կռուած է
Սխալ. Պարսկաստան ապրած ժամանակ Մոնթէն վիզան երկնցնելու համար պէտք է երկրէն դուրս ելլէր: Առիթը օգտագործելով, անցած էր Աֆղանիստան ուր այցելած էր աշխարհի ամէնամեծ Պուտտայի արձանները Պամիեան հովիտին մէջ:
- Պաղեստինի համար պայքարած է
Ճիշդ. Մոնթէն համերաշխութիւն ցուցաբերած է Պաղիստինցի ժողովուրդի ազատագրութեան: Առաւել, ան գործնական աջակցութիւն ցուցաբերած է Պաղեստինեան պայքարին յատկապէս հարաւային Լիբանանի մէջ:
Այս ցուցակը կրնայ երկար շարունակուիլ: Հոս պիտի բաւարարուիմ եւ աւարտեմ 21 մայիս 1988-ին գրուած նամակէն մէջբերումով մը.
Ամէնէն կարեւոր դասերէն մէկը այն էր որ միշտ յստակատես եւ առարկայական մնամ: Երբեմն միայն գէշ մարդոցմով շրջապատուած կ'ըլլայի եւ դառն, տգեղ բաներ կը տեսնէի: Աս բաները ինծի ատելութեամբ լեցուցին, բայց երբէք այդ զգացումին զոհ չի գացի: Կրցայ միշտ պաղարիւնութեամբ դիտել մեր ժողովուրդին ամբողջական իրականութիւնը եւ անոր մէջ լաւ կողմերը շատ աւելի են քան թէ գէշը: Ե՛ւ ժողովուրդիս համար ունեցած սէրս ե՛ւ քեզի համար ունեցած սէրս (տակաւին չես գիտեր թէ ինչքան կարեւոր դեր ունեցած ես իմ կեանքիս մէջ. օր մը կը բացատրեմ) այնքան մեծ էին որ անմիջական շրջանակիս ատելութիւններուն կը յաղթահարէին: Սեդա, սորված եմ միշտ ուշադրութիւն ընել որպէսզի ո՛չ տխրութիւնը եւ ո՛չ ալ ուրախութիւնը ինծի կուրցնեն: Մեր զգացումները կրնան շատ լաւ ազդեցութիւն ունենալ մեր կեանքի ու գործի վրայ եթէ սորվինք ինչպէս անոնց գործածել մեզի զօրացնելու համար ոչ թէ ձգենք որ մեր զգացումները մեր ընդհանուր աշխարհահայեացքը փոխէ կամ իրականութեան դիմացը մեզ կուրցնէ:
Մոնթէին աս խօսքերէն ետք կը յուսամ ինծի պէս շատեր դարձեալ ու կրկին կը հետեւին Մոնթէին օրինակին: Անվստահութեան ու մոլագարութեան հասնող ատելութեան ի տես, գուցէ Մոնթէին պատգամները օգնեն որ ամէն մէկս հասարակաց եզրեր փնտռենք ու ընտրենք ինքնասրբագրման եւ հանդուրժողութեան ուղին:
Մեկնաբանել