HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Ինչպէ՞ս հոս հասանք

Սեդա Գպրանեան Մելքոնեան

Վերջերս համացանցային քննարկման մը ընթացքին հայ մտաւորականներ անդրադարձան մեր երկրին մէջ ստեղծուած վիճակին: Համաճարակային այս շրջանին քանիցս մասնակցած եմ նման քննարկումներու որպէս ունկնդիր: Խնդիրը միշտ նոյնն է: Հարցումը միշտ նոյնը:

«Ինչպէ՞ս հոս հասանք»:

Յաճախ կը խօսուի արհեստավարժ մարդոց պակասին մասին: Ատենին, արտերկիր ղրկուած մեր դեսպաններուն մէջ  կային զարգացած ու խելացի մարդիկ: Ոմանք խորհրդային տարիներուն ինծի դասախօս եղած էին: Ոմանց հետ Մոնթէն ժամերով քննարկումներ ունցած էր Գիտութիւններու Ակադիմիային մէջ: Մեզի կը թուէր, որ ամէն մէկ հայրենասէր ղեկավար պիտի ազգի ներկայացուցիչներու գալիք սերունդը պատրաստէր: Ներկայացուցիչներ՝ որոնք իրենց իմաստութեամբ ու պատրաստութեամբ պիտի կարենային զօրաւոր Հայաստանի մը հանրային կարծիքը կերտել: Բնագաւառ մը ուր մենք չարաչար պարտուեցանք վերջին պատերազմին ու կը շարունակենք կաղալ:

Այդ խելացի, տարբեր համալսարաններ աւարտած մարդիկը կան: Բայց տէր կանգնողը ու՞ր է: Վերջերս լսեցի շատ խելացի Եւրոպական համալսարաններ աւարտած երկու կիներու մասին: Աւարտելէ ետք անոնք վերադարձած են Հայաստան ծառայելու իրենց հայրենիքին: Ու երկուքին ալ տրուած է երկրորդական- երրորդական աշխատանքներ, գուցէ նաեւ սուրճ եփելու ակնկալիքով, ինչպէս հին ծանօթ մը նշեց: Տղամարդու գերակայութեան այդ հիւանդագին մթնոլորտին ի տես արիւնս գլուխս կը խուժէ:

Անօգնականութիւնը ճնշող զգացում է: Այն, որ գիտե՛նք ուր է խնդիրը: Անգամ գաղափար ունինք թէ ինչպէ՞ս հոս հասանք: Կարեւորը ինչպէ՞ս դուրս գանք այս վիճակէն: Վանդակուած գազանի մը նման կլոր-կլոր կը դառնանք ու մեր ակռաները կը կրճտենք:

Մէկ բան պարզ է: Կարելի չէ այսպէս շարունակել: Անցեալի սխալները կրնանք անվերջ փորփրել ու մնալ տեղքայլի մէջ: Կրնանք պոռալ, գոռալ, մեղադրել ու ցեխարձակել եւ մնալ տեղքայլի մէջ: Կրնանք մեծ-մեծ խօսիլ, ինքնասիրահարուիլ, պոռոտախօսել, մենք մեզ բոլորէն վեր դասել ու մնալ տեղքայլի մէջ: Կրնանք հառաչել ու լալ, կրնանք ցաւէն ոռնալ ու կորուստէն դողալ եւ մնալ տեղքայլի մէջ:

Այս վիճակը նոր չէ մեր ազգային-քաղաքական կեանքին մէջ: Վերոնշեալ հարցերուն առընչուող բազմաթիւ զրոյցներ ունեցած ենք Մոնթէն ու ես: Գաղտնիք չէ, որ Մոնթէն մինչեւ վերջ հաւատարիմ մնաց իր յառաջդիմական գաղափարներուն: Մեզի կը թուէր թէ մենք կրնանք սրբագրել Խորհրդային բազմաթիւ սխալները ու ստեղծել մեր երազած հաւասարութեան ու անշահախնդրութեան հայրենիքը: Արդ, 5 հոկտեմբեր 1988-ին, չափազանց մտահոգ Մոնթէն բանտէն կը գրէր.

«Այսօր չափազանց տխուր լուրեր կարդացի։ Իսկապէս պիտի ուզէի որ ճիշդ չըլլար, բայց վստահ եմ որ տեղեկութիւններուն գոնէ մեծ մասը կա՛մ իրականութիւն է կա՛մ ալ մասամբ իրականութիւն: Ֆրանսացի թղթակից մը վերադարձած է իր 15‐օրեայ Երեւան այցելութենէն եւ 5 երկար էջեր (մեծ նկարներով միասին) գրած է այնտեղի իրադարձութիւններուն մասին։ Օ՜հ տէր։ Հոն շփոթը իսկապէս ծայրայեղութեան հասած է: Այս տարուան փետրուարէն ի վեր առաջին անգամը ըլլալով (այսինքն՝ ամէնաառաջին անգամն է) այն տպավորութիւնը ունիմ որ այնտեղի շարժման առնուազն շատ կարեւոր հատուած մը ծայրայեղ հակաարդիւնաւետ դարձած է եւ որոշ չափով նոյնիսկ վտանգաւոր: Անշուշտ ասոնք միայն իմ տպաւորութիւններս են եւ ոչ թէ վերջնական կարծիքներս։ Իսկապէս չեմ կրնար վերջնական կարծիք կազմել բանի մը մասին երբ դեռ շատ բան չեմ գիտեր: Ես կը նախընտրեմ միշտ նախ մանրամասն ուսումնասիրել հարցերը (եւ երբ կարելի է տեղւոյն վրայ տեսնել) նախքան եզրակացութիւններու յանգիմ: Յամէնայն դէպս, ըստ մինչեւ հիմա լսածիս, եւ յատկապէս այս վերջին յօդուածին մէջ կարդացածիս, այն զօրաւոր տպավորութիւնը ունիմ որ վերջին քանի մը շաբաթներուն ընթացքին շատ գէշ քաղաքական գիտակցութեան մակարդակի անկում մը եղած է այնտեղի ամէնագործունեայ մարդոցմէ շատերուն մէջ, ներառեալ ուսանողներուն:

Յօդուածին մէջ կ'ըսէ թէ 100.000 հայեր Օփերայի հրապարակը միասնաբար կը պոռային  «Անկախութիւն, անկախութիւն»։ Ատիկա ցնցեց ինծի եւ ստիպեց որ լրջօրէն վերանայիմ գոնէ այդ 100.000-ին (Աստուծմէ կը յուսամ որ Խորհրդային ​​Հայաստանի միւս 3,3 միլիոնը համաձայն չէ անոնց հետ, բայց…յոյսերս կրնան չիրականանալ) ներկան ճիշդ գնահատելու կարողութիւնը եւ յստակատեսօրէն որոշումներ կայացնեմ։ Յոյս ունիմ որ իրենք իսկապէս չեն հաւատար իրենց ըսածին: Բայց եթէ նոյնիսկ ասիկա կ'ընեն միայն զգացական պոռթկումի մը պատճառով, ատիկա ցոյց կու տայ որ իրենք ի վիճակի չեն պատասխանատու քաղաքական որոշումներ կայացնելու։ Լուրջ պատասխանատու մարդիկ իրենց զգացումներուն տէրն են, մանաւանդ երբ գիտեն պէտք է ամբողջովին հանդարտ եւ յստակատես մնան որոշելու թէ ինչ քայլեր պէտք է առնուին մեր ժողովուրդի պատմութեան այս կարեւոր պահուն։

Շատ լաւ գիտեմ որ ասանկ մարդիկ չեն ուզեր օգնել մեր ժողովուրդի թշնամիներուն, բայց գործնականին մէջ անոնք կը ծառայեն Էվրէնին, Տեմիրելին, Օզալին եւ նոյնիսկ Թուրքիոյ շահերուն. անոնք կ'ուզեն այն՝ ինչը Թալաթ փաշան կ'երազէր, եթէ ողջ ըլլար: Չեմ կրնար հաւատալ: 100.000 մարդ աս ըսաւ Երեւանի մէջ։ Կը յիշեմ քու հին նամակներդ ուր գրած էիր թէ հոնտեղի դպրոցները բաւական լաւ են, թէ մարդիկ հոն աւելի լաւ ուսում ստացած են քան, օրինակ, Լիբանան։ Գրած էիր որ ընդհանրապէս անոնց մակարդակը բաւական բարձր էր։ Այդ ամէնը կարդալով ես իսկապէս ուրախ էի: Ուսումը չափազանց կարեւոր է եւ ես անչափ ուրախ էի լսելով որ մեր հայրենիքին մէջ մեր ժողովուրդը լաւ կրթութիւն ունի։ Այնպէս կը զգայի որ աս պիտի զօրացնէ մեր ժողովուրդը իրենց՝ մեր ապագային, մեր պայքարին պատրաստելու համար։ Բայց հիմա ես ինծի կը հարցնեմ. ի՞նչ տեսակ ուսում ստացած են այս հայրենակիցները եթէ չեն կրնար հասկնալ մեր ժողովուրդի ամենապարզ, ամէնահիմնական ու տարրական շահերը:

Օհ Սեդա, տարիներու ընթացքին ունեցած լաւագոյն տպաւորութիւններուս մեծ մասը քանդուած են: Աւելի շատ ուսուցողական գործ, ավելի շատ քաղաքական կրթութիւն դեռ պէտք է քան ես կը կարծեմ, անգամ Խորհրդային Հայաստանի մէջ: Կը կարծէի 68 տարի ընկերվարութեան համար պայքարող երկրին մէջ գոնէ ուսանողներու գաղափարական կրթութիւնը պատշաճ կ'ըլլար, եթէ ոչ լաւ։ Օր մը դուն ինծի պէտք է նկարագրես անոնց գիտական ​​կոմունիզմի եւ գաղափարախօսութեան դասերը: Գիտեմ որ դուն ալ նման դասեր առած ես: Ես պէտք է աւելի լաւ գաղափար ունենամ թէ ճիշտ ի՞նչ կը սորվեցնեն հոն: Անշուշտ գիտեմ որ իրական քաղաքական կրթութիւն չկայ առանց գործնականին: Այնտեղի մեր ժողովուրդը շատ քիչ փորձառութիւն ունի եւ վստահ ասիկա կ'աւելցնէ շուարումը, բայց հաւաքական ազգային ինքնասպանութենէ խուսափելու չափ տարրական եւ պարզ բան մը իսկապէս շատ փորձառութիւն կամ ուսում չի պահանջեր: Յուսամ շատ շուտով փորձ կը կուտակեն եւ կարելի եղածին չափ արագ կը սրբագրեն իրենց սխալը։ (Հոս նոյնիսկ որոշ մարդիկ որ նուազագոյն չափով միայն գիտեն մեր ժողովուրդին մասին, Երեւանի վերջին կարգախօսները ամբողջովին անհասկնալի ու անիրապաշտ գտան)։ Նման «պահանջք» ներկայացնելը ե՛ւ վերջին հաշուով կը վնասէ մեր պայքարին (եթէ անոնք չսրբագրեն այս սխալը), ե՛ւ առաջին հաշուով կը զօրացնէ Ալիեւի, Պակիրովի եւ այլ հակամիջազգային/հակասոցիալիստ ադրբեջանցի պաշտօնեաներու պէս այլամերժներու կեցուածքը. այսպիսով անոնք ուղղակիօրէն կը վնասեն Արցախի մեր հայրենակիցներուն որոնք նախաձեռնեցին այս պահանջները եւ որոնք իսկապէս ամէնակարևոր մարդիկն են այս ամբողջ հարցին մէջ։ Աւելին, եթէ նոյնիսկ անոնք միայն «մոռցած» են Թուրքիոյ վտանգին մասին, նոյնիսկ եթէ պարզապէս «անտեսած» են անկախ Ս.Հայաստանի տնտեսական սահմանափակ ներուժը, նոյնիսկ եթէ իսկապէս կը կարծեն որ անկախութիւնը հնարաւոր է, անոնք լուրջ կը մտածե՞ն Արցախը (կամ Նախիջեւանը կամ Ախալքալաքը կամ որևէ այլ շրջան) երբեւէ կը վերամիանայ այս «անկախ Հայաստանին»։ Ուրիշ խօսքով՝ անոնք պարզապէս «մոռցած» են Արցախի եւ այնտեղի մեր հայրենակիցներուն մասի՞ն եւս։

Սեդա, ես նաեւ հիմա շուարած եմ: Դուն պէտք է շատ բաներ բացատրես ինծի: Ես կ'ուզեմ հասկնալ թէ ի՞նչ կը կատարուի։ Ես չեմ ուզեր սխալ գաղափարներ ունենալ այս շարժումին եւ մեծ թիւով մեր հայրենակիցներուն մասին։ Դուն լաւ գիտես որ այս նիւթը բան մըն է որուն կեանքս կ'ուզեմ նուիրել, այնպէս որ դուն պէտք է հասկանաս թէ ի՞նչ մտահոգութեամբ կ'ուզեմ յստակ պատկերացում կազմել հարցերու մասին: Ձեւով մը  Արցախի եւ Խորհրդային Հայաստանի շարժումը պէտք է շարունակուի, բայց պետք է վերականգնէ այն յստակութիւնը, որ ունէր եւ այն քաղաքական հասունութիւնը, որ սկիզբը ունէր։ Ան իսկապէս պէտք է դառնայ ամուր յառաջապահ ուժ մը եւ թոյլ չտայ որ զգացական պոռթկումներն ու հիասթափութիունը շուտով շեղեն զիրենք յետադիմական ու հակաարդիւնաւետ գիծի մը: Մեր ժողովուրդն ու մեր հայրենիքը վտանգուած են. ո՛չ ոք իրավունք ունի չարաշահելու անոնք։

Սիրելի Սեդաս, դուն գիտես որ ես իսկապէս ճիշդ չեմ զգար նման բաներ գրելու: Գոնէ ոչ դեռ։ Ուրիշներուն քննադատելէ առաջ ես կ'ուզեմ իմ խորունկ ինքնաքննադատութիւնս ընել իմ անձիս եւ սեփական սխալներուս մասին: Երբ մենք միասին ըլլանք ես նախ քու դիմացդ պիտի ընեմ ատիկա: Ես ալ շատ սխալներ ըրած եմ՝ եւ՛ մեծ, եւ՛ պզտիկ ու կը նախընտրեմ նախ բացատրել եւ սրբագրել իմ սեփական սխալներս՝ նախքան ուրիշներուն սխալներուն մասին խօսիմ: Միայն նման ինքնաքննադատութենէն յետոյ է որ կարելի է անկեղծօրէն խօսիլ ուրիշներուն սխալներուն մասին։ Մենք պիտի օգնենք իրարու մեր սխալները սրբագրելու։ Ատիկա մեզի պիտի զօրացնէ − շատ զօրացնէ: Այդ նաեւ թոյլ պիտի տայ մեզի ապրելու եւ աշխատելու բաց, հանգիստ միտքով: Ատիկա մեզի պարզապէս աւելի լաւ մարդ պիտի դարձնէ:

…Երբ ետ կը նայիմ աս նամակին, կը տեսնեմ թէ որքան տխուր եւ դառն նիւթերով լեցուցած եմ: Սեդա, աս ալ կեանքի մէկ մասն է եւ երբ ես կը տեսնեմ այս ամէնը, ես միայն կ'ուզեմ աւելի շատ պայքարիլ, քանի որ կը հասկնամ որ ալ աւելի մեծ ջանքեր անհրաժեշտ են»:

Մեկնաբանություններ (3)

Sevag Malkhasyan
We got here by way of Pashinyan who loves himself too much an his ego alone is destroying Armenia.
Anoush
I agree with the comment above. More: The "article" is really a long, long quotation from a personal letter by Monte Melkonian, introduced by paragraphs that have little to do with the letter or its contents; not only are they devoid of any engagement with Melkonian's ideas, they are a rambling mixture of platitudes. The better way to honor the remarkable life and achievements of Monte Melkonian is to refrain from this kind of slipshod practice. Instead, gather his letters in a proper collection, edit and annotate them, commission a well-known public intellectual to write a incisive introduction, and find a reputable publisher. To post Melkonian's letters in bits and pieces, framing them in a private and personal context, reduces their scope, fragments their unity, and ,most important, trivializes their import as important historical documents.
Mihran
It would have been more instructive had Mrs. Kabranian Melkonian, rather than simply providing quotes from Monte dating back to 1988 to answer the question "How did we get here?", provided her own views on the issue, or at least interpreted, for the reader, what the relevance of Monte's quotes mean today. If, as she states, she had long conversations with Monte on the subject, then why not offer readers some insights as to why Monte regarded the 1988 independence movement as "troubling". She fails to do so, leaving readers hanging in the balance. It's fine to quote Monte on this or that issue, but over 30 years have past since. If she has any insights to offer as to how Monte would have viewed the current political chaos in Armenia today, had he lived, then please do so. I'd even be interested to hear what she herself thinks on the matter.

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter