HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Պատուաստումներու դէմ շարժումը եւ անոր առիթ տուող խաբէութեան յարատեւութիւնը

Բժիշկ Հրայր Ադդարեան

Թրգմ.` Սեդա Գպրանեան-Մելքոնեանի

Երիտասարդ հիւանդներէս մէկը, որ նոր մայրացած էր, իր այցելութեան աւարտին հարցուց ինծի.

-Կրնա՞ս յանձնարարել մանկաբոյժ մը որ, քեզի պէս, մտիկ ընէ ինծի:

-Ի՞նչ ըսել կ'ուզես, հարցուցի՝ միաժամանակ շոյուած եւ զարմացած:

-Գիտե՛ս, քանի որ աուտիզմի պատճառ կրնայ ըլլալ:

-Ճիշդ չէ: Գիտութիւնը ապացուցած է, որ պատուաստումներու եւ աուտիզմի միջեւ կապ չկայ,- համբերատարօրէն բացատրեցի:

 -Վտանգի պիտի չենթարկեմ պզտիկը: Մեր ծնողները մանկական հիւանդութիւններէն գոյատեւած են, մեր զաւակներն ալ կրնան նոյնը ընել,- պնդեց:

Այս թիւրիմացութեան յարատեւելուն երկրորդ պատճառը, աուտիզմով ախտորոշուող մարդոց ընդհանուր թիւի աճն է: 1960-ական թուականներէն ի վեր, երբ առաջին անգամ աուտիզմի ախտորոշումը որպէս առանձին նկարագրութիւն գոյացաւ, մինչեւ  այսօր, անոր տարածուած ըլլալուն մասին տեղեկագիրները, ինչպէս նաեւ աուտիզմի մասին հրատարակուած հետազօտական աշխատանքներու թիւը հսկայական աճ արձանագրած  է (13): Ներկայիս զարգացած երկիրներու բնակիչներու 1-2%-ը կ'ախտորոշուի աուտիզմով, համեմատած կէս դար առաջուան տաս հազարէն՝ չորսին (14): Այս աճին պատճառները երեքն են:1) Տարիքով մեծ ծնող ունենալը աուտիզմի վտանգ կրնայ ներկայացնել, բայց բաւարար չէ առանց այլ գործօններու (15):  Մենք գիտենք, որ միջին եւ բարձր եկամուտ ապահովող բազմաթիւ երկիրներու մէջ թէ՛ հայրերու եւ թէ՛ մայրերու ծնող դառնալու տարիքը աւելի մեծ է հիմա: 2) Շրջակայ միջավայրի կամ բնապահպանութեան հետ կապուող վտանգ եւս կայ՝ վերջին տանամեակներուն բնութեան առաւել աղտոտութեան պատճառով (16): Այս եւս առանձին բաւարար չէ:  3) Թերեւս ամենանշանակալից պատճառը որ աւելի մեծ թիւով մարդիկ կ'ախտորոշուին աուտիզմով այն է, որ մարդիկ աւելի իրազեկ են եւ աւելի լաւ կը հասկնան հիւանդութիւնը (14) : Տրէքսել համալսարանի հանրային առողջապահութեան գիտնական եւ բարոյագէտ Մայքլ Եուտէլը, որ հեղինակն է «Անորոշության դարաշրջան. Աուտիզմի խումբի հիւանդութիւնները, անոնց պատճառներուն ու բուժման որոնումը» (Ages of Uncertainty: Autism Spectrum Disorders and the Search for Cause and Cure) գիրքին, անձնական խօսակցութեան մը ընթացքին ըսած է ինծի, թէ 50 տարի առաջ այն մանուկներն ու պատանիները, որոնք հիմա աուտիզմով կ՛ախտորոշուին, շատ հաւանաբար կը պիտակուէին որպէս «թերաճ» կամ «տարօրինակ», ու երբեք ճշգրիտ բժշկական ախտորոշում չէին ստացած:

Հակապատուաստման ջատագովներուն ընթացիկ առարկութիւններէն մէկը այն է, թէ պատուաստման հիմք եղող գիտութիւնը կեղծ է եւ յառաջացած է դեղ արտադրող ընկերութիւնները առաւել հարստացնելու համար: Այդ առարկութեան անճշդութիւնը երկակի է: Առաջինը՝ թէեւ Ամերիկայի եւ արեւմտեան Եւրոպայի մեծ դեղագործական ընկերութիւնները կ՛արտադրեն պատուաստանիւթեր, այդ իրենց եկամուտի միայն 2%-ը կը կազմէ (17): Բացի ատկէ, տնտեսապէս նուազ բարգաւաճ երկրներու մէջ տեղական, պետական եւ շահոյթ չհետապնդող կազմակերպութիւններ են պատուաստանիւթ արտադրողները: Անոնք մեծ զօրակցութիւն կը ստանան ՏՀԶԿ-էն (Տնտեսական համագործակցութեան եւ զարգացման կազմակերպութիւն) եւ ԱՀԿ-էն (Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւն), երկու կազմակերպութիւններէ, որոնք նուիրուած են «երրորդ աշխարհի» տնտեսական եւ առողջապահական իրավիճակը բարելաւելուն (17,18): Վերը նշուած  պնդումին մէջ երկրորդ սխալը այն է, որ պատուաստումները իրապէս կ'օգնեն: Անոնք հիւանդութիւնները կը վերացնեն: Ծաղկախտը անհետացած է շնորհիւ պատուաստումներու քարոզարշաւներուն, եւ պոլիոմիելիտը շուտով նոյնպէս պիտի անհետանայ: Բժիշկ Եոնաս Սալքը, որ պոլիոմիելիտի պատուաստը յայտնագործած է, մերժած է արտօնագիր առնել իր անձին համար անոր դիմաց (19):

Վերջապէս, պատուաստումները ոչ միայն օգուտ են անհատին, այլ նաեւ համայնքին՝ երեւոյթի մը միջոցով որ կը կոչուի հօտի (կամ համընդհանուր) դիմադրողունակութիւն: Այն վարակիչ հիվանդութիւններուն անուղղակի դիմադրութիւն ցուցաբերելու ձեւ մըն է, երբ բնակչութեան մեծ համամասնութիւն մը պատուաստուելով դիմադրողունակութիւն կ՛ունենայ վարակիչ որոշակի հիւանդութեան մը դէմ, այդպիսով ապահովելով որոշակի պաշտպանուածութիւն այն անհատներուն, որոնք չունին դիմադրողունակութիւն (20): Այն ծնողները, որոնք կը մերժեն իրենց երեխաները ԿԿԽ-ի դէմ պատուաստել, անպաշտպան կը ձգեն նաեւ անոնց անմիջական շրջանակին մէջ գտնուող ուրիշ անձեր, որոնք տակաւին պատուաստում ստանալու տարիքի չեն եւ չվարակուելու համար կախեալ են դիմադրողունակութիւն ունեցող պզտիկներուն անուղղակիօրէն ցրուած հակամարմիններէն եւ պաշտպանիչ սպիտակուցներէն:  Որպէսզի այդ երեւոյթը կայանայ, պէտք է որ հաւաքականութեան  95 առ հարիւրը պատուաստուած ըլլայ  կարմրուկի դէմ (21), ցուցանիշ մը, որուն հասնիլը դժուարացած է ոչ միայն ցած եկամուտ ունեցող, այլ նաեւ ամէնահարուստ երկիրներու մէջ, առաջին հերթին Արեւմտեան Եւրոպայի տարածքին, թիւրտեղեկատուութեան այս քարոզարշաւին պատճառով (22):

Ինչ կը վերաբերի իմ հիւանդիս. հակառակ բերած բոլոր փաստարկներուս շարունակեց թերահաւատ մնալ, թէեւ նուազ, երբ հրաժեշտ տուինք: Ան նաեւ խոստացաւ դարձեալ այցելել իր մանկաբոյժին եւ քննարկել պզտիկին պատուաստումները: Դեղ արտադրող ընկերութիւնները, թէեւ չափազանց ագահ են, մեծ շահ չեն ապահովեր պատուաստանիւթ պատրաստելով: Պատուաստները կեանքեր կը փրկեն եւ կարմրուկի ու պոլիոմիելիտի պէս հրեշներ կը վերացնեն: Աուտիզմը լուրջ եւ համեմատաբար տարածուած հիւանդութիւն է, սակայն պնդելը որ պատուաստանիւթերը աուտիզմ կը յառաջացնեն վնաս կը պատճառէ անոնց, որոնք այդ հիւանդութեամբ կը տառապին եւ կը յետաձգէ  անոր իսկական պատճառներուն որոնումը ու հետեւաբար՝ արդիւնաւէտ դարմանումի մը մէջտեղ բերելը:

Բժիշկ Հրայր Ադդարեանը Շիքակոյի Հիւսիսարեւմտեան համալսարանի Ֆայնպըրկի անուան բժշկական բաժնի նեարդաբանութեան փրոֆէսօր է, Երեւանի պետական բժշկական համալսարանի նեարդաբանութեան այցելու փրոֆէսօր եւ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի գլխի ու վիզի վիրահատութեան (Otolaryngology) եւ բժշկութեան դասախօս:

Գործածուած աղբիւրներ

  • Wakefield AJ, Murch SH, Anthony A, et al (1998) “Ileal-lymphoid-nodular hyperplasia, non-specific colitis, and pervasive developmental disorder in children”. Lancet. 351(9103):637-41.
  • https://vaxopedia.org/tag/john-walker-smith/
  • https://briandeer.com/wakefield/royal-video.htm
  • Dyer O. (2008). “Wakefield admits fabricating events when he took children's blood samples”. BMJ. 336(7649), 850.
  • Godlee F, Smith J, Marcovitch H (2011). "Wakefield's article linking MMR vaccine and autism was fraudulent". BMJ. 342: c7452.
  • Editors of Lancet (2010) Retraction--Ileal-lymphoid-nodular hyperplasia, non-specific colitis, and pervasive developmental disorder in children. Lancet. 375(9713):445.
  • https://www.vaccinestoday.eu/stories/measles-vaccination-rates-in-uk-recover-after-14-years/
  • https://www.theguardian.com/uk/2004/sep/24/society.politics
  • Chung E. H. (2013). “Vaccine allergies”. Clin Exp Vaccine Res. 3(1), 50–57.
  • Nakayama T, Aizawa C. (2000) “Change in gelatin content of vaccines associated with reduction in reports of allergic reactions”. J Allergy Clin Immunol. 106:591-2.
  • Moss W. J. (2017) “Measles”. Lancet. 390(10111):2490-2502.
  • http://www.who.int/wer/2009/wer8449.pdf
  • Gyawali S, Patra BN (2019). “Trends in concept and nosology of autism spectrum disorder: A review” Asian J Psychiatr.40:92-99.
  • Lai MC, Lombardo MV, Baron-Cohen S (2014) “Autism” Lancet. 383(9920):896-910
  • Wu S, Wu F, Ding Y, Hou J, Bi J, Zhang Z (2017) “Advanced parental age and autism risk in children: a systematic review and meta-analysis”. Acta Psychiatr Scand. 135(1):29-41.
  • Pelch KE, Bolden AL, Kwiatkowski CF (2019). “Environmental Chemicals and Autism: A Scoping Review of the Human and Animal Research”. Environ Health Perspect. 127(4):46001. doi: 10.1289/EHP4386.
  • https://www.who.int/influenza_vaccines_plan/resources/session_10_kaddar.pdf
  • http://www.oecd.org/sti/emerging-tech/2508407.pdf
  • https://www.youtube.com/watch?v=erHXKP386Nk
  • Metcalf CJE, Ferrari M, Graham AL, Grenfell BT. (2015). “Understanding Herd Immunity.” Trends Immunol. 36(12):753-755
  • Hazlina Y, Marlindawati MA, Shamsuddin K (2016). “Serological assessment of the establishment of herd immunity against measles in a health district in Malaysia” BMC Infect Dis.16(1):740.
  • Plans-Rubió P (2017) “Why does measles persist in Europe?” Eur J Clin Microbiol Infect Dis. 36(10):1899-1906

 

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter