HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Երգ - Օննիկ Տինգճեան | Տիարպեքիր/Տիգրանակերտ

Այս էջով կը ներկայացնենք Օննիկ Տինգճեանի կողմէ երգուած Տիարպեքիր/Տիգրանակերտեանժողովրդային երգեր, ինչպէս նաեւ Տիարպեքիրեան ներշնչումով եւ բարբառով երգուած այլ երգեր, որոնք կըպատկանին Օննիկի երգացանկին։ Մեր խորինշնորհակալութիւնները Արա Տինգճեանին, որ գործակցեցաւ այսէջի պատրաստութեան համար։

Օննիկ Տինգճեան

Օննիկ Տինգճեան ծնած է Փարիզ, Ֆրանսա, 1929-ին։ Ծնողները՝ Կարապետ եւ Զօրա Միլլիեան, ծնած են Տիգրանակերտ/Տիարպեքիր, Օսմանեան կայսրութեան մէջ։ Կը մահանան, երբ Օննիկ պատանի էր։ Կ՚որդեգրուի իր կնքահօր եւ կնքամօր՝ Նշան եւ Օղիտա Տինգճեաններու կողմէ, որոնք նոյնպէս տիգրանակերտցիներ էին։

Երիտասարդ տարիքին, ֆրանսերէնի կողքին, Օննիկ կը լսէր եւ կը խօսէր նաեւ հայերէն։ Բայց անոր իմացած հայերէնը Տիգրանակերտի իւրայատուկ եւ գոյնզգոյն բարբառն էր։ Ընտանեկան ամբողջ շրջապատը տիգրանակերտցիներ էին. այնպէս որ, մինչեւ Ամերիկա գալը, Օննիկ համոզուած էր, որ բոլոր հայերը իր նման կը խօսին։

Իր երջանկութիւնը եւ սփոփանքը երգելն էր, սկզբնական շրջանին Փարիզի հայկական եկեղեցիին մէջ։ 1940-ականներու վերջը, երբ կը տեղափոխուի Ամերիկա, կը սկսի երգել նաեւ աշխարհական միջավայրի մէջ եւ շուտով կը դառնայ ամերիկահայ համայնքի ամէնէն սիրուած երգիչը։ Իր ունկնդիրներուն պահանջքին ընդառաջելով, ան կ՚արտադրէ իր երգած ազգագրական եւ ժողովրդական երգերէն բազմաթիւ ձայնապնակներ։ Սակայն, Տինգճեան ի պաշտօնէ սարկաւագ էր. այս իմաստով ալ միշտ ալ սիրած է հայկական եկեղեցական երաժշտութիւնը։ Ան լոյս կ՚ընծայէ «Հաւատամք» խտասալիկը, ուր ան յուզականութեամբ կ՚երգէ հայկական շարականներ։

Իբրեւ հանրայայտ հայ երգիչ, ան համերգներ կու տայ Եւրոպայի, Միացեալ Նահանգներու, Միջին Արեւելքի եւ Հարաւային Ամերիկայի տարածքին։ Իր “Voice Of Armenians” խտասալիկը արձանագրուած է Երուսաղէմի մէջ, հանդիսատեսներով բերնէ-բերան լեցուն համերգի մը ընթացքին։

2015-ին, Օննիկ Տինգճեան կը մասնակցի յիշատակի համերգներու Տիարպեքիր/Տիգրանակերտի, Պոլսոյ, Գերմանիոյ եւ Ուաշինկթըն Տի.Սիի մէջ, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ ոգեկոչումներու ծիրին մէջ։

Տինգճեան յօրինած է բազմաթիւ երգեր, որոնցմէ ոմանք գրուած են իր հայրենի Տիգրանակերտի բարբառով։

Հայկական երաժշտութեան նկատմամբ իր սէրն ու եռանդը ան փոխանցած է իր որդւոյն՝ ուտ նուագող եւ յօրինող Արա Տինգճեանին։ Անոնք միասին ձայնագրած են Օննիկի վերջին արտադրութիւն խտասալիկը՝ «Տիարպաքիրի հոգին»։ Օննիկ եւ Արա միասին կ՚երեւին նաեւ իրենց վերաբերող վաւերագրական ֆիլմի մը մէջ՝ «Կարօտ» անունով։

Դեկտեմբեր 2019-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա կաթողիկոսը Օննիկ Տինգճեանին շնորհեց «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանը՝ հայկական աւանդական երաժշտութեան մարզին մէջ անոր երկարամեայ ծառայութեան համար։

շարունակութիւնը՝ այստեղ

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter