HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

«Շատ աւելի կարեւոր է մեր ապագան կառուցել, քան մեր անցեալը փորփրել»

Սեդա Գպրանեան-Մելքոնեան

Ի՞նչ կարելի է գրել այս տարի տարեդարձիդ առթիւ, Մոնթէ։ Այն, որ քու ազատագրած Քարվաճառիդ դատարկման թուականը փոխուեցաւ ու համընկաւ տարեդարձի՞դ։ Այն, որ Ազերի անհատներ հրճուած են այս զուգադիպութենէն ու կոչ կ՚ընեն «Քարվաճառի դատարկումը տօնել»։ Միեւնոյն է, այդ դատարկմամբ չէ՛ որ պիտի յիշենք քեզ։

1993-ի ամառը Մոնթէին հայրիկը ԱՄՆ դեսպանին հետ հանդիպման ընթացքին մատնացոյց ընելով զիս ըսաւ․ «Հոս մինակ չեմ ձգեր զինք։ Պէտք է ձմեռը մեր ընտանիքին հետ անցընէ»։ Մոնթէին՝ բացակայ առաջին տարեդարձին ընկերները հաւաքուեցան Մարտունի։ Շիքակոյի մէջ հարազատներուս հետ սեւեռած եմ հեռատեսիլին։ Տեսաերիզի մը մէջ Արցախի նախագահը կը յայտարարէ․ «Մոնթէ Մելքոնեանին շնորհել Մարտական խաչ առաջին աստիճան» ու մտերիմներուս կը տեղեկացնէ, որ շքանշանը Սեդային կը յանձնուի երբ ան վերադառնայ։ 1994-ի մայիսին Հայաստան վերադարձիս ինծի համար մէկ բան յստակ էր. Մոնթէին հետ կապուած կարեւոր թուականներ, նոյնիսկ իր մեկնման օրը, ժխտական բան պէտք չէ՛ պարունակեն։ Այսպէս, Մոնթէին ամէն մէկ տարեդարձը դարձաւ բարի արարքի առիթ մը, որ զինք ուրախացնէր։ Յաջորդող տարիներուն, մտերիմներս ու ես նոյեմբեր 25-եր կազմակերպեցինք տարբեր վայրերու մէջ։ Տարեդարձի կարկանդակն ու նուէրները տարուեցան  հաշմանդամ երեխաներու գիշերօթիկ դպրոց, գաղթականներու ծերանոց,  կոյրերու դպրոց, անտուններու կացարան եւ այլ տեղեր։ Եթէ հնարաւոր չէր միջոցառում կազմակերպել, ապա որեւէ բարեգործական արարք ուրախ պիտի պահէր Մոնթէն։ Այդ օրուան ուրիշ մեկ սովորութիւն դարձած է Մոնթէին ամենասիրած բաներէն մին՝ բնութեան մէջ քալելն ու խոկալը։ Իսկ այս տարի խոկալու շատ բան կայ։

28 հոկտեմբեր 1988-ին, Մոնթէ՛, կը գրէիր ինծի. «Ես իսկապէս կը սիրեմ աշխատիլ հնագիտական վայրերու մէջ։ Գործը դուրսը՝ արեւին տակն է (ոչ թէ շէնքի մէջ), թէ՛ ֆիզիքական ծանր աշխատանք է, եւ թէ՛ մտապէս խթանող: Ճիշդ այդ տեսակ գործ շատ կը սիրեմ, բայց չեմ կարծեր որ կեանքիս մէջ անգամ մըն ալ առիթ պիտի ունենամ ընելու: Կարեւոր չէ, քանի որ ես իմ ներկայ գործս կը սիրեմ եւ կը գիտակցիմ, որ այդ շատ աւելի կարեւոր է: Այո, շատ աւելի կարեւոր է մեր ապագան կառուցել, քան մեր անցեալը փորփրել: Եթէ մենք հիմա չընենք ասիկա, թերեւս օր մը  հնագիտական վայրերէն զատ շատ քիչ բան պիտի մնայ մեզմէ: Ոչ, այդ ճիշտ չէ: Այնքան ատեն որ գոնէ Խորհրդային Հայաստանը ունինք, մեր հաւաքական ազգային կեանքը գոյութիւն պիտի ունենայ: Յամէնայն դէպս, այսօր ամէնակարեւորը մեր պայքարն է»:

Չես ուզեր գիտնալ թէ մեր հայրենիքը ինչերէ կ՚անցնի այս վերջին ամիսներուն ընթացքին, Մոնթէ։ Ամէն մէկ բառիդ տակ պատգամ մը կը փնտռեմ։ Ամէն մէկ նկարիդ մէջ՝ իմաստ մը։ Բազմաթիւ անգամներ մարդիկ ուղղած են ինծի նոյն հարցումը. «ի՞նչ պիտի ընէր Մոնթէն»։ Ինչպէ՞ս բացատրեմ, որ Մոնթէն երբե՛ք, երբե՛ք իր աչալրջութիւնը պիտի չկորսնցնէր, իր թշնամին պիտի չթերագնահատէր, ոչ ալ աշխարհի բարի կամքին պիտի ապաւինէր՝ առանց լուրջ գործ տանելու, քանի որ լաւ կը հասկնար որո՛ւ հետ է գործը։

9 հոկտեմբեր 1988-ին, Հայաստանի մէջ ստեղծուած վիճակը Պարսկաստանի հետ բաղդատելով կը գրէիր ինծի. «Մէկ բան գիտէին. պէտք է թագաւորը երթար եւ նոր պետութիւն մը շինուէր։ Ասիկա շատ ճիշդ պահանջ մըն էր, բայց առանձին չէր բաւեր։ Վերջապէս թագաւորը գնաց, բայց քաղաքականապէս անպատրաստ եւ շուարած զանգուածային հոսանք մը կար որ սկսաւ իսկապէս յեղափոխական ուժերուն ջարդել։ Եւ հիմա յստակ է որ ներկայ պետութիւնը Պարսկաստանի ժողովուրդներուն (ինչպէս նաեւ ուրիշ ժողովուրդներուն Աֆղանիստանի եւ Իրաքի մէջ) շատ աւելի վնաս հասցուցած է քան թէ այդ ֆաշական թագաւորը։ Ինչո՞ւ ասոր մասին կը գրեմ։ Քանի որ մտահոգ եմ։ Մեր Ս. Հայաստանի եւ հոն տեղի մեր ժողովուրդին համար մտահոգ եմ։ Գիտեմ որ չի պիտի ձգեն որ Ս. Հայաստան «անկախ» ըլլայ (նոյնիսկ եթէ Հայ ժողովուրդը իսկապէս պիտի ընդունէր այդպիսի հակա-հայկական քայլ մը)՝ ատիկա շատ-շատ անիրապաշտ է, բայց արդէն յայտնի է որ առաջուան յստակատեսութիւնը եւ լրջութիւնը սկսած է տեղի տալ շփոթի, շուարումի եւ քաղաքական անհասունութեան։ Մտահոգ եմ քանի որ փորձառութենէն սորված եմ որ ամէն մէկ սխալի համար գին մը կայ վճարելիք, ամէն մէկ սխալը որոշ չափով վնաս կը բերէ։ Չեմ ուզեր մեր ժողովուրդը յետքայլ առնէ կամ ինքնիրեն վնաս բերէ։ Այնքան լաւ շարժում մը սկսած էին... ափսո՜ս եթէ հիմա այս շարժումը աւրուի։ Ո՛չ, ընդունելի չէ՛։ Արցախի ժողովուրդին համար (գոնէ) իրաւունք չունինք մեր լրջութիւնը կորսնցնելու։ Անկէ անդին ալ այս շարժումը եթէ քաղաքական հասունութեամբ տարուի, պիտի ամբողջովին փոխէ մեր Ս. Հայաստանը։ Այս շարժումը դուռը բացած է իսկական յառաջդիմութեան։ Անկիւնադարձ է մեր ժողովուրդի պատմութեան համար»։

Այո, այս ծանր ու վտանգաւոր ժամանակը եւս անկիւնադարձ է մեր ժողովուրդին համար։ Մեզի կը մնայ վերջապէս վեր կանգնիլ գահակալութեան աժան մրցոյթէ, գլուխ գլխի հաւաքել մեր ժողովուրդի ամէնախելացի ու փորձառու մասնագէտները եւ քաղաքական հասունութեամբ որոշել երկիր ղեկավարելու մեր ապագայ քայլերը։

Մեկնաբանություններ (2)

Ernest
Thank you Seta!
Editte
Dear Seta, thank you for bringing us words of reason. both yours and Monte's, at this time of grief and confusion..."What would Monte do" is a good benchmark for us all to strive towards...let's act as resolutely, as intelligently, and as selflessly as Monte...personal preferences are no longer relevant...our nation's future depends on every single one of us becoming politically agnostic and assessing every move soberly, with a view of building a strong nation state. I commit myself to that task, in honor of Monte, every single day of my life...we owe it to him, to our forefathers and our children, to rise above petty allegiances, learn from mistakes and course correct to ensure a strong nation state. All is not lost, yet.

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter