HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Ինքնութեան ու պատկանելիութեան մասին․ Մոնթէ Մելքոնեանի յիշատակին

Սեդա Գպրանեան-Մելքոնեան

Վերջերս յաճախ կը մտածեմ իմ հրաշալի, ապահով բայց տեսակ մը կղզիացած մանկութեանս մասին: Լիբանանին պատկանող մեր հայկական գիւղին մէջ որ յաճախ կը կոչէին Փոքրիկ Հայաստան, մենք ուրախ էինք մեր ինքնութեամբ: Հիմա կը հասկնամ թէ հոն ազգայնամոլութիւնը գլուխը առած կ'երթար, բայց մենք հպարտ էինք մեր ապրածով, մեր պապերուն պայքարով ու մեր պատկանելիութեամբ: Դպրոցական էի երբ գիւղին մէջ բանավէճ մը կազմակերպուեցաւ «Նախ հա՞յ կը ծնիս թէ՞ մա՛րդ» վերնագրով: Վստահաբար ինծի սերնդակից շատերը կը յիշեն զիս տանջած սա նախադասութիւնը: Մինչեւ հիմա կը զարմանամ թէ ինչպէ՞ս կրնար նման քննարկում անգամ տեղի ունենալ: 

Մեզի յաճախ կ'ըսէին որ Լիբանանը մեր իսկական հայրենիքը չէ, թէ մենք ուշ կամ կանուխ «պիտ երթանք Հայաստան վերաշինենք տուներ»: Ցեղասպանութեան վերապրողներու զաւակներ ըլլալով, մենք կ՚ընտրէինք հաւատալ աս քարոզներուն ու կ՚օտարանայինք մեր օրինական երկրին մէջ:

Տարիներ ետք անգամ մը Մոնթէին հետ կը զրուցէինք Լիբանանի մասին:

–Վերջ ի վերջոյ որքա՞ն Լիբանանցի եմ ես: Հայկական կեանքով ապրած ու տասնութ տարեկանիս Խորհրդային Հայաստան գացած, ատիկա որքա՞ն Լիբանանցի կ՚ընէ ինծի– ըսի:

Մոնթէն զարմացած ինծի նայեցաւ:

–Դուն նոյնքան Լիբանանցի ես որքան ոեւէ ուրիշ Լիբանանցի: Ծնողքդ եւ տեղի մնացեալ ժողովուրդը բոլորդ միասին լիբանանցի եղած էք,– ըսաւ:

Անշուշտ Մոնթէն ճիշդ էր: Ես էի որ ինքնութեան ու պատկանելիութեան խնդիր ունէի: Բան մը՝ որ պիտի շարուանկէր մնալ եւ ես պիտի սկսէի բազմամշակութային բառը յաճախակի գործածել:

***

1993-ի ապրիլին պատմական հողերու ազատագրման մեծ յաջողութիւններէ ետք, Արցախ ժամանած էին լեցուն եւրոպացի թղթակիցներ ու վավերագրողներ: Օր մը առտու կանուխ Մոնթէին հետ կ'իջնենք պեթոնէ աստիճաններէն ու կը միանանք դուրսը հաւաքուած խումբին: Չորրորդ դարուն կառուցուած Ամարասի վանքը պիտի երթանք: Նախ ես կը մտնեմ վիլիսը եւ կը նստիմ ինծի համար նախատեսուած, վարորդին ու Մոնթէին միջեւ դրուած փայտէ տուփին վրայ ու կը հրճուիմ: Խոշոր քամերաներով տղամարդիկ կը տեղաւորուին ետեւի նստարանին ու բարձր-բարձր կը խօսին: Մոնթէն քովս կը տեղաւորուի: Ինչ որ խնդրի մը համար ետ կը կանչեն զինք: Ձայները կը բարձրանան, մէկը կ'ըսէ որ այլ տղաք պիտի միանան մեզի, վիլիսը լեփ-լեցուն պիտի ըլլայ: Լուռ կ'իջնեմ ու կը կենամ մօտեցող Մոնթէին դիմաց.

–Դուք գացէք, վնաս չունի ես կը մնամ, ուրիշներ ալ պիտի միանան ձեզի,– կ'ըսեմ: 

Մոնթէն ապշած ինծի կը նայի մինչ իր վարորդը՝ Կոմիտաս կը կանչէ.

–Չէ՜, արի, արի, քեզ համար տեղ կայ,– կ'ըսէ:

–Գացէք, գացէք,– կ'ըսեմ ու օթոյին շարժելուն հետ կը նկատեմ հեռուն կեցած երիտասարդ կնոջ մեզի սեւեռած աչքերը: Տհաճութիւն կը զգամ այդ նայուածքէն: Մեծ մամաս պիտի ըսէր «աս կնոջ չար աչքը դպաւ» կը մտածեմ: Ակնթարթի մէջ կը զղջամ որ Մոնթէին հետ չգացի ու գիտեմ որ ամբողջ կեանքս այդ զղջումը հետս պիտի տանիմ: 

***

1999-ի սեպտեմբերին առաջին Հայաստան-Սփիւռք համահայկական խորհրդաժողովը տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ: Մասնակցութեան հրաւէր ստացայ որպէս Արցախի Պատուիրակութեան անդամ: Միաժամանակ զարմացած ու շոյուած էի աս կապէն: 1988-ի փետրուարէն ի վեր, երբ դեռ համալսրանի ուսանող էի, Արցախը դարձած էր մեր կեանքի շատ կարեւոր մէկ մասը: Պատմական ամէն փաստ նոր կարեւորութիւն կը ստանար ու իրարու կը յիշեցնէինք թէ Հայ գիրերը ստեղծող՝ Մեսրոպ Մաշտոց ի՛նք հինգերորդ դարուն առաջին դպրոցը բացած էր Ամարասի վանքին մէջ, թուագրուած ամէնահին խաչքարը կը գտնուէր Արցախի Վաղուհաս գիւղին մէջ, ու նման բաներ: Կարծես մեր ճիգն էր աշխարհին ըսելու որ այս տարածքի դարաւոր բնիկները հայերն են: Արցախը, Պատմական Մեծ Հայքի Թագաւորութեան սա տասերորդ նահանգը պայքարի երկար ճամբայ անցած էր: Հայագետ-բանահաւաք Արամ Ղանալանեան իր Աւանդապատում գիրքին մէջ կը գրէ թէ «Թուրքական հրոսակախմբերը Լեռնային Ղարաբաղ մտնելու համար միշտ անցել են Մարտունու շրջանում գտնվող ձորով: Նրանցից ամէն մէկը մեծ կոտորածներ է արել ձորում. դրա համար էլ այն ստացել է Արիւնոտ ձոր (Կանլը դարա) անունը»: Արցախը անցած էր մոնկոլ- թաթարական արշաւանքներու,  պարսկական տիրակալութեան, Օսմանեան ծաւալապաշտական բռնատիրութեան մէջէն ու յայտնուած էր Ռուսական կայսրութեան ենթակայութեան տակ: Բայց Արցախցիք պահած էին իրենց ինքնութիւնը:

Շուշի ծնած Պատմաբան Լէօ «Իմ յիշատակարանը» ճամբորդական նոթերուն մէջ կը նկարագրէ իր անցած վայրերը: Ան կը գրէ թէ անգամ մը թշնամիներէն պաշարուած Մարտակերտի Ջրաբերդ գիւղը ծայրայեղ սովի կը մատնուի, բայց հնարամիտ մարդիկ չեն ձգեր որ սովը գերութեան տանի զիրենք: Անոնք բերդի պատերէն դուրս կը մաղեն հոն եղած կիրը: Կարծելով որ ալիւր է եւ երկար ժամանակ կրնայ պահել բերդի բնակիչներուն, թշնամին յուսահատ կը ձգէ պաշարումն ու կը հեռանայ: Այսպէս դարաւոր ճնշումներու դիմանալով Արցախցին պահած էր իր ազգային ու մշակութային ինքնութիւնը: Ու Խորհրդային Միութեան փլուզման սեմին, Արցախը դարձեալ ոտքի էր:

19 Օգոստոս 1988-ին Մոնթէն ինծի կը գրէր.

«…Շատ-շատ հպարտ եւ քաջալերուած պետք է ըլլանք, որ այսօր մեր ժողովուրդը (մանաւանդ Արցախի մեր հայրենակիցները, այդ 130.000-նոց փոքրիկ բնակչութիւնը 282 միլիոն ժողովուրդ ունեցող երկրի մէջ) Ս. Միութեան մէջ յառաջապահի դեր ստացած է գոնէ ազգութիւններու հարցին մէջ: Մեծ բան է: Նաեւ շատ մեծ բան է, որ մեր ժողովուրդը զօրաշարժուեցաւ, լճացման սովորութիւնները կտրեցին եւ սորվեցան ինչպէս ժողովրդական եւ զանգուածայնօրէն իրենց ճակատագիրը առնել իրենց իսկ ձեռքերուն մէջ: Մեր ժողովուրդը սկսած է նոր ընթացք մը, նոր ընթացք մը` որ ամէն մարզերու մէջ կրնայ իր շատ դրական եւ շինիչ հետեւանքները ունենալ: Ճիշդ է, որ ներկայիս Արցախի հարցը պատի դիմաց է, բայց այս վիճակը ժամանակաւոր է: Եթէ մեր ժողովուրդը շարունակէ քաղաքականապէս հասուննալ եւ աշխուժանալ, եթէ ընկերվարական եւ միջազգայնական սկզբունքները ա՛լ աւելի առաջ տանին, եւ եթէ շարունակեն զանգուածային ժողովրդավարութեամբ իրենց որոշումները առնել թէ՛ ապագային Արցախի հարցը պիտի լուծուի, թէ՛ մեր հայրենիքի եւ ժողովուրդի կեանքը պիտի նոր «տինամիզմ» մը ստանայ որ ամէն տեսակետով մեծ օգուտ պիտի ըլլայ բոլորիս: Շատ յստակ է, որ Արցախի ժողովուրդի նախաձեռնութիւնը ճիշդ, արդար եւ գիտական համայնավարութեան միակ տրամաբանական լուծումն է: …Անձնապէս ես ուրախ եմ եւ հոն տեղի մեր հայրենակիցներուն կ’ողջունեմ իրենց յառաջապահ գործունէութեան համար: Օրինակելի գործ ըրած են եւ պէտք է շարունակեն (թէեւ թերեւս իրենց թաքթիքները փոխելով)»:

***

Քսան տարի Խորհրդային Հայաստանի, ապա Հայաստանի Հանրապետութեան ու քիչ մըն ալ Արցախի մէջ ապրած ըլլալով ու ամէնաշատը հոն պատկանելիութիւն զգալով 1999-ին կը դիմեմ քաղաքացիութեան ստանալու։  Դիմումս սակայն կը մնայ անպատասխան ու յետոյ ինծի կ'ըսեն որ թղթապանակս կորսուած է: Երեք տարի ետք նոր թղթապանակովս դարձեալ կը յայտնուիմ ՕՎԻՐ: Գրասեղանին ետեւ նստած պաշտօնաւորին գլխուն ետեւ կը նկատեմ ինծի համար տխրահռչակ «Գաղտնի բանակ»-ի բռնապետին պատէն կախուած նկարը: Անպատկառ աշխատողը աչքերուս մէջ կը նայի:

–Հայաստանի քաղաքացիութիւնը քո ինչի՞ն է պէտք,– կ'ըսէ: 

Ապշահար կը տատամսիմ: Այդպէս ալ քաղաքացիութեան դիմումիս երբեւէ պատասխան չեմ ստանար: 

Արցախի ընկերներս կը կատակեն.

–Մենք քեզ քաղաքացիութիւն կտանք: Արի: Տուն էլ կտանք,– կ'ըսեն:

Ժամանակ կար, երբ բոլորս կը հաւատայինք թէ Արցախը գոյացած է ու կը թուէր թէ եւս մէկ անգամ առաջինը պիտի ըլլար որպէս մարզ ինքնորոշում ձեռք բերելու գործին մէջ: ԽՍՀՄ ազգերու ինքնորոշման եւ անկախ պետութիւն կազմելու սահմանադրական իրաւունքը հանրաքուէի եւ անցումային շրջանի կիրառմամբ պիտի պայմաններ ստեղծէր սրբագրելու պատմական սխալ մը:  Այդ գործըթացին հետեւելով Արցախ Խորհրդային ինքնավար մարզերուն մէջ պիտի ըլլար առաջինը որ ունենար իր պապենական հողին վրայ ինքնուրոյն ապրելու արդար իրաւունք: Մենք կը հաւատայինք որ այս իրական նպատակը գրեթէ մեր ափերուն մէջ էր: Գրեթէ: Ու փուֆ: Թռաւ գնաց: 

Կարօտ, մորմոք ու զղջում որ մեր ամբողջ կեանքը, մեր հետ պիտի տանինք:

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter