
Gallup-ի, Ղազախստանի եւ Ուիլիամ Սարոյանի մասին
Gallup World Institut-ը 2010-էն 2012-ի միջեւ հարցախոյզ մը կատարած է նախկին Խորհրդային Միութեան երկիրներու տարածքին, ըստ որու արդիւնքներուն, Հայաստանի բնակչութեան մօտ 40 տոկոսը կ'ուզէ վերջնականապէս դուրս ելլել երկրէն, մինչ Խրխըզիստանի, Ղազախստանի, Տաճիկիստանի եւ Ուզպէքիստանի պարագային, այդ նոյն տոկոսը կարգով կ'իջնէ մինչեւ 16%, 13%, 11% եւ 5%:
Ոչ միայն առարկայականօրէն, այլ նոյնիսկ առաւելագոյն յոռետեսութեամբ, անուղղամտութեամբ - կամ մինչեւ իսկ հայատեացութեամբ -, եթէ բաղդատուին կեանքի այժմու պայմանները եւ ապագայի հեռանկարը Հայաստանի եւ այդ միւս երկիրներուն միջեւ, վերոյիշեալ արդիւնքներու անհամեմատութիւնը կարելի չէ բացատրել բանական, տրամաբանական հիմունքներով: Տեղին է ուրեմն երեւոյթը ուսումնասիրել այլ տեսանկիւնէ:
Հայերը, մեծամասնութեամբ, չունին հայրենիքի ըմբռնողութիւն:
Խի՞... : Պատասխանը պարզ է: Ամբողջ Պատմութեան ընթացքին, բառին հողային եւ պետական իմաստով, հայերը հայրենիք ունեցած են մօտաւորապէս 24 տարի միայն: Ներառեալ 1918-20: Աշխարհի եւ Մարդկութեան ամբողջ Պատմութեան տեւողութեան...
Ընդամէնը հազիւ 24 տարի, գոնէ 3000-ի վրայ:
Այն ժամանակամիջոցին երբ Հայաստանը գոյութիւն ունէր անուանապէս, երբէք չկար հայոց իսկական կեդրոնական պետութիւն, ոչ ալ համահայկական որեւէ գիտակցութիւն որ ինքզինք ճանչնար այդպիսի վեհագոյն եւ միակ իշխանութեան մը նկատմամբ: Մինչեւ Կիլիկիոյ Թագաւորութիւնը, Հայաստանը զանազան ենթա-երկիրներու խմբաւորում մըն էր, հիմնուած աւատապետական ծայրայեղ համակարգի մը վրայ: Բազմաթիւ աւատապետութիւնները ոչ միայն պատկանելիութեան կամ ենթակայութեան կապեր չունէին Թագաւորի երկրին հանդէպ, այլ ընդհանրապէս բառացի պատերազմի մէջ էին անոր դէմ: Ամէն մէկ իշխանութիւն իր կարգին պառակտուած էր նաեւ ներքնապէս, յաճախ ընտանեկան խնդիրներով:
Կիլիկիոյ Թագաւորութիւնը հիմնական խզում մը կը հանդիսանայ, հողային եւ աշխարհագրական առումով, այն տարածքաշրջանին հետ որ պէտք է հանդիսանար հայերու հայրենիքը: Սակայն այդ իսկ չյաջողեցաւ...
Յաջորդող հինգ ու կէս դարերու տեւողութեան, Հայաստանը, որպէս անջատ երկիր, լիովին անհետացաւ: Սակայն այս ժամանակամիջոցին, նոյնիսկ վերացական կամ յղացքային մակարդակի վրայ, բաժանումները շարունակուեցան: Պարսկա-Հայաստանի, Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կովկասեան Հայաստանի միջեւ - որոնցմէ որեւէ մէկը, ի դէպ, ոչ իրական Հայաստան էր ոչ ալ այդպէս կը կոչուէր - , հայերը ունէին ոչ իսկական երկիր, ոչ մէկ հայրենիք, ոչ ալ միացեալ ազգային ինքնութիւն:
19րդ դարու սկիզբը կամ մէջտեղը, գոյացաւ Հայոց Ազատագրական Շարժումը, որ կը ձգտէր փոխելու կացութիւնը: «Մէկ Ազգ, մէկ Ժողովուրդ, մէկ Հայրենիք, մէկ Պետութիւն» գաղափարը ծնունդ առաւ, յանգելու համար, 1918-ին, երկրի մնացորդացի մը թէական երկունքին: Սակայն առաջ որ բան մը ձեւաւորուի, արդէն վրայ հասաւ Խորհրդային դրուագը: Այդ ալ վերջ գտաւ հազիւ յղացուած Հայաստանի մը շատ հապճեպ վերայժմէականացումով , խորապէս թերակազմ պետութեան մը նախնական հոլովոյթի վերսկսմամբ: Իսկ մինչ այդ, Սփիւռքը դարձած էր ինքին անջատ էութիւն:
Այսպէս, աշխարհի ամբողջ պատմութեան ընթացքին, հայերը գոյութիւն ունեցան, գոյատեւեցին եւ երբեմն նոյնիսկ առաջացան, առանց երկրի, առանց հայրենիքի, առանց պետութեան:
Հետեւաբար, հայերը հասան այն եզրակացութեան, թէ իրենք պէտք չունին հայրենիքի:
Անոնցմէ շատեր նոյնիսկ իրենք զիրենք համոզեցին թէ երկիր մը, հայրենիք մը կամ պետութիւն մը, ցաւագին խոչընդոտներ են միայն իրենց պահպանումին, իրենց զարգացման ու ապագային նկատմամբ:
Ահա թէ ինչու, այսօր, այն հայերը որոնք կ'ապրին ուրիշ երկիրներու մէջ՝ Հայաստանը չեն նկատեր որպէս իրենց հայրենիքը, եւ անոնք որոնք կ'ապրին Հայաստանի մէջ՝ հետաքրքրուած չեն այդտեղ մնալով:
Ուիլիամ Սարոյան հռչակաւոր գրութիւն մը ունի, զորս յաճախ սիրուն կերպով կախուած կը տեսնենք հայերու հիւրանոցի պատին վրայ: Ան կ'ըսէ թէ, այն պահուն որ երկու հայեր իրարու կը հանդիպին, ուր որ ըլլայ այդ եւ նոյնիսկ պատահմամբ, տեղւոյն վրայ կը ստեղծեն արդէն իրենց Հայաստանը: Այդպէս՝ իրենց հանդիպման իրողութեամբ իսկ միայն:
Ներկայիս, Սարոյան կրնար աւելի հեռու երթալ: Որովհետեւ այս օրերուն մէկ հատիկ հայ իսկ բաւարար է որ ինքն իր Հայաստանը ստեղծէ, ըստ իր հայեցողութեան, ինչպէս որ ուզէ: Նոյնիսկ հնարաւոր է որ մէկ հայ մի քանի յատուկ Հայաստաններ հնարէ ինք իրեն համար: Եւ ատիկա, ոչ թէ իր կեանքի տարբեր հանգրուաններուն, այլ երբեմն մի քանի հատը միաժամանակ:
Սակայն ահա, խնդիրն այն է թէ, այսպէս տեւապէս ստեղծելով ու վերստեղծելով այս բոլոր անհամար Հայաստանները, միակ Հայաստանը զորս հայերը այլեւս չեն ճանչնար, միակ Հայաստանը որու համեմատ իրենք զիրենք չեն բնորոշեր, միակ Հայաստանը որու իրականութիւնը կը նկատեն վիճելի, գոյութիւնը կը սեպեն աւելորդ, եւ ապագան կը համարեն կանխապէս աւարտած, - այո, ճի՛շտ կռահեցիք - ՝ Հայաստանն է:
Այս պայմաններուն մէջ, այս հաշուեյարդարի սկիզբը նշուած 40%-ը հաւանաբար նուազ է իրականութենէն, եւ կարգ մը պատասխանողներ տեսակ մը ամօթխածութիւն ցուցաբերած ըլլալու են:
Ամէն պարագայի, այդ հարցախոյզը հարկաւոր է ամբողջացնել յաւելեալ մէկ հատով մը, հաստատելու համար որ Հայաստանէն դուրս գտնուող հայերու 99 տոկոսը ոչ միայն չեն ուզեր տեղափոխուիլ այդտեղ, այլ անոնցմէ շշմեցուցիչ համեմատութիւն մը տակաւին զայն չէ այցելած, ոչ իսկ մէկ անգամ: Եւ ինչո՞ւ ընեն այդ, երթան մինչեւ այնտեղ, երբ որ իրենք ունին արդէն իրենց Հայաստանները: Ամէն մէկը իրը, կամ նոյնիսկ մի քանի հատ միանգամայն:
Վերջացնենք նշելով սակայն թէ, բոլոր ժամանակներուն եւս, հայերու փոքրամասնութիւն մըն է որ միշտ ու ընդմիշտ ապահոված եւ երաշխաւորած է այս տարօրինակ ազգի գոյատեւումը, պահպանումը - եւ մերթ ընդ մերթ նոյնիսկ առաջխաղացքը : Հետեւաբար, թէ որ 60% չեն ուզեր մշտապէս լքել Հայաստանը, ատիկա արդէն շատ խոշոր թիւ է: Նոյնիսկ կասկածելի է, որպէս հարցախոյզի արդիւնք...
Մ. Հայդուկ Շամլեան
Գանատա, 07 Ապրիլ 2013
Մեկնաբանություններ (7)
Մեկնաբանել