HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Մոնթէ Մելքոնեանի անձնական նամակներէն

Մոնթէ Մելքոնեանին մասին խօսելու ժամանակ շատ յաճախ կը շեշտուին անոր վերջին տարիներու զինուորական ձեռքբերումները` անուշադրութեան մատնելով անոր միւս արժանիքները:

Այո, Մոնթեն լաւ մարտիկ էր (աւելի ճիշդ` առաջնորդ` էութեամբ), սակայն ան նաեւ մտածող էր, մարդկային իրաւունքներու եւ բնապահպանութեան ջատագով եւ մեծ մարդասէր: 

Մոնթէին մեկնումէն գրեթէ տասնհինգ տարի անց տակաւին դժուար է կիսել իր անձնական նամակները: Ժամանակի անսահմանութեան մէջ տարածուող անոր մտորումները ժամանակավրիպութեան օրէնքներուն չեն ենթարկուիր, քանզի աւելի վեհ ու անծիր են, քան որեւէ տուեալ ժամանակաշրջանի պահանջներն ու կարիքները: Մոնթէին 5Օ-ամեակին առիթով ամէնաճիշդ ու ամէնաանկեղծ ձեւով Մոնթէին մասին պիտի խօսէր ինքը` Մոնթէն: Առաջին անգամ ըլլալով` Մոնթէին անձնական մտորումները կը բաժնեմ իր սիրած ժողովուրդին, զինք գնահատող ու սիրող անհատներուն, նաեւ` այսպէս կոչուած իր թշնամիներուն հետ: Մոնթէին արարքները իրենք կը խօսին Մոնթէին էութեան մասին: Մենք` Մոնթէին սրտակիցներս, կրնանք միայն շնորհակալ ըլլալ նման իւրայատուկ մարդու ֆիզիկական, թէ ոգեղէն գոյութեան համար մեր կեանքին մէջ:

Սեդա Գպրանեան-Մելքոնեան

Մի քանի օր առաջ Միսաք Մանուշեանի նահատակութեան 44-րդ տարեդարձն էր: Նորէն յիշեցին, բայց այս անգամ որոշ կեղծաւոր մարդիկ (մէկ հատ ալ նախարար) խօսեցան: Իսկապէս զզուելի է, երբ լաւ մարդու մահէն յետոյ ամէն տեսակ գէշ մարդ իր անունով կը խօսի:
25.2.88

Իր կեանքին կարեւոր հարցերուն մասին.

...ինծի համար 2 հատ շատ կարեւոր հարցեր կան...: Այս 2 հարցերը իրականութեան մէջ իրարու շատ կապուած են, եւ ինծի համար կարելի չէ մէկը կամ միւսը անտեսել: Այս 2 հարցերը լուրջ են, եւ հանգիստ պիտի զգամ միայն, երբ որ այս 2 հարցերուն լուծումը գտնեմ, երբ որ այս 2 հարցերը գործնական ձեւով լուծեմ: Այս 2 հարցերը հետեւեալներն են. ա) իմ սկզբունքներս, աշխատանքս եւ համոզումներս, եւ բ) քեզի հանդէպ ունեցած զգացումներս: Անշուշտ, աշխարհի մէջ լեցուն ուրիշ հարցեր կան, եւ ինծի համար այդ հարցերն ալ կարեւոր են, եւ նոյնիսկ կարիքը կը զգամ ամէն տեսակ բանի մասին խօսելու հետդ, բայց այսօր այս 2 հարցերը ամէնէն կարեւոր հարցերն են, որ ունիմ... Նամակին միջոցով գիտեմ, որ շնորհքով բացատրութիւն պիտի չկարենամ տալ` ըլլայ մէկուն, ըլլայ միւսին մասին:

Հաւանաբար արդէն յստակ է քեզի համար, որ իմ սկզբունքներս, աշխատանքս եւ համոզումներս կը սիրեմ գործադրել եւ գործնական ձեւով արտադրել: Նաեւ հաւանաբար յստակ է քեզի համար, որ կը փորձեմ այս ամէն ինչը գործադրել հայկական ազատագրական պայքարի սահմաններուն մէջ կամ ալ գոնէ հայութեան ի նպաստ`ըստ իմ հասկացողութեանս (նաեւ ըսեմ, որ լրջօրէն միշտ փորձած եմ գիտական ձեւով մօտենալ այս հարցին եւ համոզուած եմ, որ եթէ մօտեցումս 100-էն 100 ճիշդ չէ, գոնէ շատ անկեղծ եւ իրապաշտ մօտեցում մըն է: Այս չափ պէտք է յստակ ըլլայ: Բայց այս տեսակ գործերը տեղքայլի մէջ չեն մնար. տեղքայլի մէջ չեն մնար, քանի որ պատմութիւնը տեղքայլի մէջ չի մնար: Միշտ զարգացման պէտք կայ, միշտ անցեալի սխալներէն սորվելու պէտք կայ, եւ ներկայ իրավիճակի հաշիւներու հիման վրայ ապագայ շինելու համար քայլեր առնելու պէտք կայ: Երբ որ այս գործերը ժողովուրդի մը կամ ազգի մը անունով կը կատարուին, եւ երբ որ այս գործերը կը պահանջեն, որ մեր ժողովուրդին ամէնէն հայրենասէր եւ նուիրուած տարրերը օրական մահի դիմացը գան, կը նշանակէ, որ այս գործերուն մէջ դեր ունեցողները- մանաւանդ այս կամ այն ձեւով հիմնական դեր ունեցողները- հսկայ պատասխանատուութիւններ ունին: Ոչ մէկ իրաւունք ունին անխելք արարքներ ընելու, ոչ մէկ իրաւունք ունին իրենց զգացումներուն ենթարկուելով կուրանալ եւ սխալ (բայց «անկեղծ») հաշիւներ ընելու, ոչ մէկ իրաւունք ունին անզգոյշ կամ անհոգ ըլլալու: Հակառակ այս իրականութեան` մեր ժողովուրդին եւ պայքարին անունով եւ մեր ամէնէն անձնազոհ ընկերներուն արեան գնով չափազանց ֆաշական, անմարդկային, վնասակար եւ իրապէս ապուշ  արարքներ եղած են այս վերջին տարիներուն: Չեմ կարծեր, որ պէտք ունիմ քեզի օրինակներ տալու: 
25.8.84

ՀԱՀԲ-ի ներքին տարակարծութիւններուն մասին.

Հաւանաբար շատոնցուընէ լուր ունէիր, որ այս բաները սխալ եւ ամբողջովին անընդունելի էին: Ուրեմն հաւանաբար պիտի հարցնես ինծի «եթէ գիտէիր, որ այս բաները սխալ էին, ինչու՞ մաս կազմեցիր այս աշխատանքին կամ այս տեսակի խմբակի մը մէջ»: Եթէ պարկեշտ ձեւով պիտի պատասխանեմ այս հարցումին, պէտք է ըսեմ, որ սկիզբը զոհ գացի զգացումներուս. Այսինքն` այնքան կ’ուզէի մաս կազմել հաւաքական եւ կազմակերպուած աշխատանքին, որ ձեւով մը հաշիւ չըրի, թէ թերեւս միւս շարք մը «ընկերներ» (մանաւանդ այդ հոգեբանօրէն անկայուն, ստախօս, խաբեբայ եւ «մաֆիա»-կան «Յակոբեան»-ը) ինծի չափ անկեղծ չէին եւ որ իրական «հաւաքական» եւ «կազմակերպուած» աշխատանքի ոչ մէկ կառոյց կար: Ուրեմն այս ձեւով միացայ այս խմբակին: Առաջին մի քանի շաբթուան մէջ շատ գէշ եւ տգեղ իրականութիւններ տեսայ, բայց դեռ «յոյս» ունէի, քանի որ մէկ կողմէ կը տեսնէի, որ իրական հայրենասէր ընկերներ կային եւ միւս կողմէ դեռ չէի կրցած այն իրականութիւնը տեսնել, թէ բուն գլուխը պարզապէս ճարպիկ ձեւով մեր պայքարը եւ ժողովուրդին (անձերուն) զգացումները կը շահագործէր իր անձնական հոգեբանական պահանջները գոհացնելու: (Վերջը կրցայ վերլուծել թէ այդ «Յակոբեանը» շատ դառն մանկութիւն մը ունեցած էր, տունէն փախած էր եւ այլն, եւ այդ պատճառով շատ գէշ «inferiority complex» ունեցած էր: Իսկ այս «inferiority complex»-ին պատճառով միշտ ինքզինք վտանգուած կը զգար իրմէ խելացիներէն եւ իրմէ որեւէ ձեւով զօրաւորներէն: Պէտք կը զգար ինքզինք փաստելու, որ ուրիշներէն «լաւ» է, որ ուրիշներէն «զօրաւոր» է: Եւ իրեն համար իր ուժը «փաստել»-ը կը նշանակէր ուրիշներուն խաբել, ուրիշներուն իր կամքը եւ քմահաճոյքը պարտադրել, ուրիշներուն ցաւ պատճառել, ուրիշներուն սպաննել, եւայլն: Այսինքն` ան կ’ուզէր իր դառն մանկութեան «տէրտ»-ը հանել ուրիշներուն վրայ): Նոյնիսկ սկսայ աւելի աշխատիլ, քանի որ կը հաւատայի, որ այդպիսով պիտի կարենայի ազդել ընդհանուր ուղղութեան եւ գործունէութեան վրայ եւ որ պիտի կարենայի բան մը փոխել: Լուր չունէի, որ դիմացինս մարդ չէր այլ խելագար «հայուան» մը: Ամէնայնդէպս մի քանի ամիսէն արդէն այն եզրակացութեան հասած էի, որ «նոր եւ աւելի վճռական» մօտեցում մը պէտք է ունենայի այս խնդրին: Այս «նոր» մօտեցումիս կողքին նաեւ կը հասկնայի, որ պէտք է այնպէս լուծէի հարցը, որ «շարժումը» չի քանդուի եւ շարունակական աշխատանք կարելի ըլլար: Այսինքն` ինծի համար վերջին հաշուով շարժումն էր եւ աշխատանքն էր, որ կարեւոր էր: Առանց «մաքուր» ձեւի լուծել այս խնդիրը կը մտածէի, որ շատ սխալ եւ վնասակար քայլ մը առած կ’ըլլայի: Ուրեմն, հիմա հաւանաբար պիտի հարցնես ինծի «եթէ տարիներ առաջ այս եզրակացութեան հասար, ինչու՞ բան մը չ’ըրիր մինչեւ հիմա»: Նորէն միայն կրնամ անկեղծութեամբ իրականութիւնը ըսել: Շատ դժուար վիճակի մէջ է, որ կ’ապրէի եւ շատ քիչ կարողութիւններ կային «մաքուր» ձեւով խնդիրը լուծելու: Հակառակ ասոր ծրագիրներ դրի եւ փորձեցի: Այս փորձերու ձախողութեան պատճառները հիմնականին մէջ պատրաստութեան պակասը եւ վերջին վայրկեանին իմ որոշ ապուշ սխալս էին: Ամէնայնդէպս վիճակը միայն աւելի գէշ սկսաւ դառնալ: Աւելի եւ աւելի անիմաստ եւ հակաժողովրդային արարքներ սկսան բազմանալ: Աւելի եւ աւելի ժխտական արդիւնքներ սկսան մէջտեղ գալ. ընկերներ անիմաստօրէն կը զոհուէին, անմեղ մարդոց մահ եւ արիւն կը պատճառէին, մեր ուժը կը վատնէինք մեր դատին հետ կապ չունեցող ուղղութիւններու մէջ եւ մեր ժողովուրդը սկսաւ տեսնել, որ լուրջ յեղափեխական ուժ մը չէր, այլ արկածախնդրական եւ անիշխանական ռազմապաշտ խմբաւորում մը: Վերջապէս այս անտանելի վիճակը չէր կրնար շարունակել: Ուրիշ տղայ մը, որուն փորձած էի բացատրել իրավիճակի խիստ պահանջքները (բայց որ վերջին հաշուով անհամբեր եւ անպատասխանատու ելաւ) ըրաւ այն տեսակի անհաշիւ բան զոր ես մերժած էի ընել: Այդպէս է, որ ամէն ինչ «պայթեցաւ»: Այդպիսով է, որ հասած ենք մեր այսօրուան վիճակին: Հոս ես փորձած եմ շատ կարճ եւ ամփոփ ձեւով քեզի բացատրել, թէ ի՞նչ եղաւ: Դեր շատ բաներ ունիմ բացատրելիք եւ դեր շատ ինքնաքննադատութիւն ունիմ կատարելիք: Այս ամէին ինչը պիտի ընեմ եւ նոյնիսկ շատ բաներ արդէն գրած եմ: Այս վերջին մէկ տարուան մէջ ես եւ ուրիշ ընկերներ շատ բաներ գրած ենք (եւ տակաւին կը գրենք) այս եւ լեցուն ուրիշ հարցերու շուրջ: Հաւանաբար այս բաներուն տպուիլը շատ կամաց պիտի ըլլայ եւ հիմնականին մէջ Եւրոպայի մէջ պիտի տարածուի, բայց այս կամ այն ձեւով ամէն ինչ պիտի ըլլայ: Պէտք է ըսեմ, որ հակառակ այսօրուան ամէն դժուարութիւններուն ես առաջուընէ շատ աւելի ուրախ եմ: Դժուարութիւններու դիմաց ես կը տոկամ, եթէ զգամ, որ իմ սկզբունքներուս եւ համոզումներուս համապատասխան կ’աշխատիմ: Ինծի համար իրական հանգիստութիւնը կու գայ միտքէն եւ սիրտէն: Շատ դասեր սորված եմ (սորված ենք) այս վերջին տարիներէն, եւ հաւատա՛, որ գործնականին մէջ սորված եմ. այսինքն շատ մակարդակներու վրայ փոխած եմ իմ խնդիրներուն մօտենալու ձեւս: Ես կը սիրեմ սորվիլ, կը սիրեմ դէպի առաջ երթալ, դէպի լաւ փոխուիլ: Առաջուընէ աւելի զգացումներով լեցուած եմ, բայց իսկապէս սորված եմ ինչպէս իմ զգացումներս մէկ կողմ դնել, երբ որ որոշում մը պիտի առնեմ: Ամէնքս պէտք է իրականութիւնը ընդունինք, պէտք է իրապաշտ ըլլանք, պէտք է իրականութեան վրայ հիմնենք մեր ամէն մէկ քայլ: Ես կը սիրեմ իրականութեան դիմաց գալ, կը սիրեմ իրականութիւնը հասկնալ, կը սիրեմ իրապաշտ ըլլալ եւ կը սիրեմ գործնական քայլեր առնել: Այսպէս պիտի շարունակեմ գործերս: Ես կապուած եմ սկզբունքներուս, համոզումներուս եւ գործիս: Կը յուսամ, որ այս բանը հասկնաս: Կը յուսամ, որ հասկնաս, որ մարդուն արժէքը իր գաղափարներուն եւ աշխատանքին մէջն է: Պէտք է այս բաները հասկնաս, որպէսզի ինծի հասկնաս:
25.8.84

Ժողովուրդին ծառայելու համար ի՞նչն է ամէնակարեւորը.

Պէտք է ամէն ինչդ ընես, որպէսզի ժողովուրդիդ մօտ մնաս: Ամէնէն կարեւոր բանը ժողովուրդիդ հասկնալն է եւ իրենցմէ մէկը ըլլալն է: Միայն այս ձեւով կարող ես շիտակ գործել իրենց համար:
3.3.82

Շատ կարեւոր է, որ մարդ օրէ օր զարգանայ ամէն ձեւով, եւ որ մարդու միտքը միայն նեղ մարզի մէջ չի մնայ, այլ ամէն նիւթին ծանօթ ըլլայ: Միայն այս ձեւով է, որ մէկը կրնայ աշխարհի հանդէպ եւ մարդկութեան հանդէպ յստակատեսութիւն ունենալ:
25.8.84

...Շատ կը շահիս տարբեր ժողովուրդներուն ծանօթանալով: Կը հաւատամ, որ քու իսկ ժողովուրդիդ լաւ հասկնալու համար շատ կ’օգնէ ուրիշ ժողովուրդներուն ալ ճանչնալ: Աշխարհի ամէն կողմերը մարդիկ ընդհանրապէս լաւ են: էշեր կան, նոյնիսկ շատ գէշեր կան, բայց ընդհանրապէս մարդիկ լաւ են եւ իրենց ճանչնալով քու կեանքդ կը հարստանայ:
26.11.85

...Մեր ժողովուրդը ընդհանրապէս լաւ է եւ մեր հայրենիքի ժողովուրդը հրաշալի է: Ինչքան կարդամ այս վերջին բաներուն մասին, այնքան աւելի ամուր հաստատ ձեւով կապուած կը զգամ իրենց:
25.2.88

Կեանքի արժէքը կու գայ մեծապէս մարդու գործերէն, արդիւնաւետութենէն եւ առօրեայ կեանքի սկզբունքային մօտեցումէն:
21.8.88

Սփիւռքի մշակութային անկման եւ ընդհանրապէս ձուլման մասին...

...Մշակութային անկումը ամէն տեղ կը պատահի, եւ իրականութեան մէջ բնական է, որ անկման մէջ ըլլայ ամէն տեղ: Պարզապէս անբնական է, որ որեւէ ժողովուրդի մշակոյթը երկար ատեն գոյատեւէ (ուր մնաց զարգանայ) իր միջավայրէն դուրս. Այսինքն` իր հայրենիքէն դուրս: Ձուլումը բնական ընթացք մըն է, որ պիտի յառաջանայ այնքան ատեն, որ մեր ժողովուրդը սփիւռքի մէջ մնայ: Եթէ հայրենիքի մէջ վերահաստատուելու կարողութիւն չստեղծուի, շուտով սփիւռքահայութեան մեծ-մեծամասնութիւնը պիտի տեղացիանայ ամէն իմաստով: Իրականութեան մէջ այս հոլովոյթը արդէն բաւական յառաջացած է եւ այլեւս հայկական մշակոյթին եւ հայկական հայրենիքին կապուած սփիւռքահայ տարրերու թիւը ընդհանուր սփիւռքահայութեան թիւին փոքրամասնութիւնը կը ներկայացնէ: ....Շատ ցաւալի իրականութիւններ կան, որ պէտք է ընդունինք եւ որոնց հիման վրայ պէտք է վերաքննենք մեր նպատակները եւ ընելիքները: ...իբրեւ հայ մնալ չի բաւեր, այլ իբրեւ հայ պէտք է մտային, մշակութային եւ ընկերային մակարդակներու վրայ յառաջ երթանք:
23.9.85

...Լիբանանահայութեան մասին գրած էի: Հոս կ’ուզեմ միայն նշել, որ իրականութեան մէջ ոչ մէկ սփիւռքահայ գաղութ այնքան լաւ վիճակի մէջ է: Ձուլումն իր կարեւոր ազդեցութիւնը ունեցած է շատ մը տեղեր: Այս ընթացքը տխուր է եւ ժխտական է հայկական տեսակէտով, բայց սպասելի եւ բնական այն տեսակէտով, որ մարդ իր միջավայրին վերջ ի վերջոյ կը յարմարուի: Յ-րդ սերունդը այլեւս մեծցած է (մեզի պէսերը) եւ նոյնիսկ որոշ 1Օ տարեկաննոց 4-րդ սերունդի պզտիկներ կան: Պատմութեան բնական ընթացքը սփիւռքահայութեան դէմ է: Այս կացութեան մէջ շատ կարեւոր է միշտ Ս. Հայաստանի մշակոյթը դիտել իբրեւ արդիական չափանիշ հայկական մշակութային կեանքին: Ուրիշ բաներու կողքին, կարեւոր է սփիւռքահայութեան կապել Ս. Հայաստանի կեանքին: Այս ձեւով է, որ սփիւռքի մէջ հայկական հայրենիքի գաղափարը` ձգտումը պիտի ողջ մնայ:
19.4.86

Մտորումներ Արցախեան շարժման սկիզբները Հայաստանի ապագայի մասին.

...Շատ-շատ հպարտ եւ քաջալերուած պետք է ըլլանք, որ այսօր մեր ժողովուրդը (մանաւանդ Արցախի մեր հայրենակիցները, այդ 130.000-նոց փոքրիկ բնակչութիւնը 282 միլիոն ժողովուրդ ունեցող երկրի մէջ) Ս. Միութեան մեջ յառաջապահի դեր ստացած է գոնէ ազգութիւններու հարցին մէջ: Մեծ բան է: Նաեւ շատ մեծ բան է, որ մեր ժողովուրդը զօրաշարժուեցաւ, լճացման սովորութիւնները կտրեցին եւ սորվեցան ինչպէս ժողովրդական եւ զանգուածայնօրէն իրենց ճակատագիրը առնել իրենց իսկ ձեռքերուն մէջ: Մեր ժողովուրդը սկսած է նոր ընթացք մը, նոր ընթացք մը` որ ամէն մարզերու մէջ կրնայ իր շատ դրական եւ շինիչ հետեւանքները ունենալ: Ճիշդ է, որ ներկայիս Արցախի հարցը պատի դիմաց է, բայց այս վիճակը ժամանակաւոր է: Եթէ մեր ժողովուրդը շարունակէ քաղաքականապէս հասուննալ եւ աշխուժանալ, եթէ ընկերվարական եւ միջազգայնական սկզբունքները ա՛լ աւելի առաջ տանին, եւ եթէ շարունակեն զանգուածային ժողովրդավարութեամբ իրենց որոշումները առնել թէ՛ ապագային Արցախի հարցը պիտի լուծուի, թէ՛ մեր հայրենիքի եւ ժողովուրդի կեանքը պիտի նոր «տինամիզմ» մը ստանայ, որ ամէն տեսակետով մեծ օգուտ պիտի ըլլայ բոլորիս: Շատ յստակ է, որ Արցախի ժողովուրդի նախաձեռնութիւնը ճիշդ, արդար եւ գիտական համայնավարութեան միակ տրամաբանական լուծումն է: ....Անձնապէս ես ուրախ եմ եւ հոն տեղի մեր հայրենակիցներուն կ’ողջունեմ իրենց յառաջապահ գործունէութեան համար: Օրինակելի գործ ըրած են եւ պէտք է շարունակեն (թէեւ թերեւս իրենց թաքթիքները փոխելով):
19.8.88

Խստապահանջութեան մասին.

Ճիշդ է, շատ մը մարզերու մէջ խստապահանջ եմ, բայց ատեն-ատեն այս խստապահանջ ըլլալս դէպի անիրապաշտ (եւ հետեւաբար ժխտական) նպատակներ կամ յոյսերու ուղղած է զիս: Խստապահանջ ըլլալս թէ՛ ինծի հանդէպ, թէ՛ ուրիշներու հանդէպ եղած է: Անցեալին փորձած եմ ես ինձմէ որոշ գործեր հանել, որ պարզապէս կարելի չէր հանել (գոնէ տուեալ սահմանափակ ժամանակաշրջանին): Կարծեմ թէ եթէ սկիզբէն աւելի լուրջ ըլլայի պիտի, հասկնայի, որ որոշ շօշափելի եւ յայտնի իրողութիւններու պատճառով պիտի չկարենայի նպատակիս հասնիլ: Նաեւ այս բնաւորութիւնս ուրիշ բնոյթ ալ կը ստանայ: Երբ որ նոյնիսկ իրապաշտ նպատակ դնեմ դիմացս, կը տեսնեմ, որ ինչքան մօտենամ այն նպատակին, այնքան նպատակէն անդին կը նայիմ եւ այսպիսով նոյնիսկ յաջողութիւններս չեմ նկատեր: Երբեմն մարդ պէտք է նստի եւ փորձէ պաղ-պաղ մտածել, թէ ի՞նչ ըրած է, ի՞նչ կ’ընէ եւ ինչու՞ իր գործը անհրաժեշտ է (ատեններ կ’անդրադառնամ, որ պէտք եղած հաւասարակշռութիւնը չեմ ունեցած իմ գործունէութեանս մէջ): Նոյն սխալը գործած եմ ուրիշներուն հանդէպ. Այսինքն` երբեմն ուրիշ ընկերներէ բաներ սպասած եմ, որ պարզապէս իրապաշտ չէր սպասել: Միշտ փորձած եմ մարդոց հասկնալ եւ անոր համեմատ աշխատիլ, բայց շատ-շատ պատահած է, որ պատրաստ եղած եմ որոշ մարդոց հետ գործեր (որ ես շատ կարեւոր կը նկատէի) ունենալ կամ բաժնել առաջ քան հարիւրէն հարիւր վստահ ըլլայի, որ իրենք կրնային իսկապէս այդ գործերը ընել, կամ ալ առանց որ լման վստահ ըլլամ, որ ինծի չափ կապուած կը զգային այդ գործին: Վերջերս շատ աւելի սկսած եմ հասկնալ, թէ ինչքա՜ն կարեւոր է խստապահանջ ըլլալ միմիայն տուեալ մարդու մը կամ տուեալ կացութեան մը պայմաններու սահմաններուն մէջ: Խստապահանջ ըլլալը, նոյնիսկ ամբողջովին իրապաշտ սահմաններու մէջ կրնայ նաեւ սխալ հասկցուիլ եւ ուրիշ դժուարութիւններու պատճառ դառնալ: Ամէնայնդէպս, նոյնիսկ երբ այսպիսի անտեղի սխալներ ընեմ, մղուած եմ անկեղծօրէն շինիչ նպատակներէ: Ես ալ մէկուն պէտք ունիմ, որ ինծի լաւ հասկնայ եւ հետս լման անկեղծ ըլլայ եւ ինծի իսկապէս սիրելուն պատճառով ինծի երբեմն զսպէ: Այսինքն` ես ինծի կրնամ զօրաշարժել. ես ինծի կրնամ հրել-հրել-հրել, բայց պէտք ունիմ, որ մէկը որ սիրտս, բնաւորութիւնս եւ միտքս լաւ կը հասկնայ, երբեմն ինծի կեցնէ, նստեցնէ եւ ըսէ. «քիչ մը խօսինք, թէ ի՞նչ կ’ըլլայ կոր»: 
4.10.85

Ազգայնամոլութեան մասին.

...Երէկ նոր եկող մը եկաւ եւ հիմա մեր սեղանը կը նստի ուտելու համար: Ան թուրք է: Ես երբէ՛ք, երբէ՛ք ազգայնամոլ չեմ (շատ դէմ եմ ազգայնամոլութեան) եւ ոչ ալ նախալարուածութիւններ ունիմ. բայց ես եւ քիւրտ ընկերս հետը միայն երկու վայրկեան խօսելով` արդէն սկսանք զզուիլ իրմէ: Ինծի համար ամէն մէկ անձ պէտք է դատուի իր գաղափարներէն, սկզբունքներէն, գործերէն եւ ապրելակերպէն, ո՛չ թէ իր ծագումէն եւ այլն: Այս մէկը գաղափարականօրէն զերօ է, շատ անտրամաբանական «սկզբունքներ» ունի... Ան իր կրօնքին կուրօրէն կապուած մէկն է, եւ կրնա՞ս երեւակայել, թէ ինչքա՞ն տանելի` ինծի համար:
25.2.88

Բանտի մասին.

Զարմանալի է ինչքա՜ն խելացի մարդիկ կան այս տեղ: Հոս ամէն մարդ իրար կ’օգնէ: Ամէնն ալ ինծի բաւական խորհուրդ եւ կարդալիք բաներ տուած են: Շատ-շատ-շատ բաներ կան ասոնցմէ սորվելիք: Հոս ամէն մարդ փորձառու է եւ տարօրինակ դպրոցի մը պէս է: Պիտի կրցածիս չափ ժամանակէս լաւ օգտուիմ: Նաեւ այս ընդհանուր կացութիւնը ինծի շատ կը hետաքրքրէ: Կ’ուզեմ ուսումնասիրել այն պատճառները, որ մարդիկ հոս կը գտնուին. Կ’ուզեմ հասկնալ, թէ ի՞նչ ազդեցութիւն ունի այս վիճակը մարդոց վրայ: Արդէն ինծի համար յստակ է, որ այս հաստատութիւնը երբէ՛ք, երբէ՛ք չի ծառայէր այն նպատակին, որ իբր թէ ունի: Կ’ուզեմ այս բանը լաւ մը ուսումնասիրել եւ յետոյ գաղափար կազմել, թէ ինչպէ՞ս պէտք է ըլլայ, որպէս զի իսկապէս նպատակին ծառայէ: Շատեր կան, որ բնաւ այս բաներուն մասին չեն մտածեր. բայց այս դժուարութեան մէջը եթէ ըլլաս, շուտով կը տեսնես, թէ ինչքան կարեւոր է ճիշդ լուծումներ գտնել:
19.1.86

...Կը փորձեմ կրցածիս չափ ժամանակ անցնել ուրիշ ընկերներուն հետ խօսելով: Շէնքին այս բաժնին ընկերները քիչ մը յատուկ են եւ շատ հետաքրքրական դասեր կան սորվելիք: Շատ լաւ առիթ մըն է գիտակցութիւնս լայնցնելու: Այս կացութեան մէջ ընկերային մթնոլորտը միշտ շատ ջերմ է: Նոյն դժուարութիւնները ունենալով` ամէն մարդ իրար մօտ կը զգայ եւ իրար օգնութիւնը հիմնական օրէնք մըն է: Այս տեղը երբէք չի ծառայէր այդ «նպատակներուն», որ իբր թէ ունի. այլ ընդհակառակը, մարդիկ հոսկէ կ’ելլեն ուրիշ բաներու մէջ շատ աւելի զօրաւոր եւ պատրաստ: Սիստեմ մըն է, որ իր իսկ շարունակութիւնը կ’ապահովէ:
9.2.86

Վախի մասին

...Յիշելով, որ ես զանազան վտանքներէ անցած եմ, որոշեցիր երթալ (Լիբանան Ս.Մ.): Հոս ըսեմ, որ ինծի չ’առնես իբրեւ օրինակ: Կ’ընդունիմ, որ շատ խելացի ես, որ պատասխանատուութեամբ կրնաս ընելիքներդ որոշել, որ ամէն ձեւով կարող անձ մըն ես, բայց վերջապէս մեր փորձառութիւնները ճիշդ նոյնը չեն: Բաներ կան, որ դու՛ն ինծմէ լաւ գիտես, բաներ կան, որ ե՛ս քեզմէ լաւ գիտեմ: Աւելին` ճշմարտութիւնը այն է, որ շատ մը բաներու մէջ մտած եմ, զոր երբէ՛ք պէտք չէ մտած ըլլայի, եւ պարզապէս անհաւատալի հրաշք մըն է, որ մինչեւ այսօր գոյութիւն ունիմ: Այսինքն` ես երբէք լաւ օրինակ մը չեմ, եւ սխալ է որոշում մը հիմնել իմ անցեալի «բախտիս» վրայ: Ամէնայնդէպս, շատ ուրախ եմ, որ վախ չունիս, քանի որ վախը միայն ապուշ սահմաններ կը դնէ մարդու վրայ: Սակայն միշտ լաւ յիշէ, որ խելացի հաշիւները եւ վախը նոյնը չեն: Խելացի հաշիւները քեզ չե՛ն սահմաներ, այլ սխալներդ կը սահմանեն: Մեծ տարբերութիւն կայ: 
10.4.86

Մտածողներ, ովքեր ազդեցութիւն ունեցած են վրան.

Ջոն Կիրակոսեանը չափազանց մեծ պատմագէտ, քաղաքագէտ, մտաւորական եւ հայրենասէր մարդ էր: Շատ ճիշդ տեսակէտներ ունէր, աշխատասէր էր եւ իր շատ լուրջ մօտեցումները կարեւոր ացդեցութիւն մը ունեցած են թէ՛ մեր հայրենիք` Սովետական Հայաստանի վրայ, թէ՛ սփիւռքահայ հայրենասէր շրջանակներու վրայ: Իր մահը իսկապէս ցաւալի կորուստ մըն էր մեզի համար: ...Ես միշտ նպատակ ունէի իրեն տեսնելու եւ խօսակցելու: Իր մօտեցումները բաւական ազդած են իմ վրաս:
26.11.85

Ամէնասիրած հաճոյքներէն.

Բնութեան մէջ ժամանակ անցնելը միշտ ամէնէն սիրած հաճոյքներէս եղած է: Թէ՛ մարմինս, թէ՛ միտքս շատ կը հանգստանայ, եւ կարողութիւնս յստակ եւ պարզ մտածելու կը զօրանայ: Քաղաքին փիս կողմերը շատ են, եւ լման չես անդրադառնար անոնց, մինչեւ որ գիւղ վերադառնաս:
4.5.82

Իսկապէս բնութիւն, հանդարտութիւն եւ մաքուր օդ բժշկութեան ուժ ունին: Լուխս շատ աւելի թարմ կ’ըլլայ ու յստակ գաղափար կազմելու կարողութիւնը կ’աւելնայ:
12.11.85

Քիչ մը գրեմ այս շաբթուան մասին: Հոս շատ-շատ պաղ եղած է եւ բաւական ձիւն իջած է: Սենեակներու տաքցնելիք միջոցները գրեթէ անարժէք են, բայց շատ չեմ ազդուիր: Ես եւ դրացիներս երբ դուրս ելլենք ձիւնի կռիւներ կ’ընենք: Տարինե՜ր է ասանկ բան չեմ ըրած եւ հիմա ինչ լա՜ւ կը զգայ վերսկսիլը: Կը հոգնիմ, զանազան տեղեր կը վիրաւորուին, բայց շատ լաւ է: Միտքս կը հանգստանայ եւ սենեակս վերադառնալէ յետոյ լաւ կը զգամ: Ձիւնը ամբողջ տեղը կը փոխէ. նոր ընելիքներ կը ստեղծէ: Ամբողջ գիշեր առնէտները ձիւներու մէջ կը քալեն կերակուր փնտռելու: Թէ՛ կը մեղքնամ իրենց, թէ՛ ալ գիտեմ, որ եթէ ինծի մօտենան, վրան կը կոխեմ, կը սատկեցնեմ: Կը փորձեմ այս հակասական զգացումներս հասկնալ: Կեանքի մէջ բազմաթիւ այսպիսի հակասական բաներ կան, որ ամէնուն համար պարզ կը թուի, բայց գոնէ ինծի համար շատ մտածումի արժանի է:  
1.3.86

...Շատ կը սիրեմ ձիւնած ատենը դուրսը քալել, մանաւանդ լեռներու մէջ...Երբեմն ձիւնի մէջ երեխայի պէս կը սիրեմ խաղալ: ....Լիբանանի ձիւնոտ լեռներուն մէջ` Այնճարէն ոչ հեռու, շատ քալած եմ եւ բազմաթիւ աղուէս, նապաստակ, կաքաւ եւ այլ շատ սիրուն կենդանիներ տեսած եմ:
25.2.88

Կենդանիներու մասին

Դուն կենդանիներ կը սիրե՞ս: Ես շատ-շատ կը սիրեմ: Վերջերս լուրերուն մէջ խօսած են «ռնգեղջիւրներու» ջարդերու մասին: Միայն իր քիթի վրայ եղած կոտոշի համար դրամասէր անպիտանները գրեթէ ամէնուն սպաննած են: Այսօր աշխարհի մէջ մնացած են միայն մօտ 1Օ.ՕՕՕ սեւ եւ 15.ՕՕՕ ճերմակ «ռնգեղջիւրներ»: Այս կը նշանակէ, որ վերջին 15 տարուան մէջ «ռնգեղջիւրներու» գրեթէ 9Օ% սպաննած են: Իբրեւ մարդ եւ աւելին` իբրեւ հայ, շատ մօտ կը զգամ այդ զօրաւոր, բայց խեղճ կենդանիին: Առանց բնութեան աշխարհի եւ կեանքի արժէքը շատ կը պակսի:
26.1.86

Կենդանիներ շատ-շատ կը սիրեմ, նոյնիսկ միջատներ, սողուններ եւ գրեթէ ամէն ինչ: ...Ընդհանրապէս կենդանիները լաւ են, միայն իրենց ապրուստով զբաղուած: Երբ պզտիկ էի, շատ-շատ-շատ կենդանիներ կը պահէի, կ’ապրէի կենդանիներու հետ խաղալու: Այն ատեն պէտք է ամէն մէկուն բռնէի, շոյէի, պաչիկ ընէի. հիմա կը նախընտրեմ միայն դիտել: Թռչուններու երգերը ինծի շատ կը հանգստացնեն: 
10.4.86

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter