Առցանց ստորագրահաւաք Մշոյ Հին Հայկական Տները Ոչնչացնելէ Փրկելու
Այս եկրի մէջ, 1915 ի հաշիւը չի կարենալ հարցաքննելու պատճառաւ,այսօրերին բոլոր հնագոյն ժողովուրդները (Հայերը,Յոյները,Ասորիները) համակարգուած ձեւով կոտորած կ'ապրին:
1915 ին սկսող ցեղասպանութիւնը մինչեւ այսօր կը շարունակէ որպէս ,մշակոյթային ու տնտեսական ցեղասպանութիւն:
Մուշի մէջ AKP (Արդարութիւն եւ Վերականգման Կուսակցութիւն) ի քաղաքպետութիւնը Հայոց պատմական տուները փլցնելով TOKİ(Զանգուածային Բնակարանային Տնօրինութիւն)ի իբր նուէր կու տայ:Ինչպէս բոլորս գիտենք որ,նպատակը, դրամագլուխի մը շահոյթը առաւելագոյն աստիճանի հասցնել եւ մի այլ նպատակն ալ, հաւաքականութեան յիշողութիւնը ոչնչացնել է:
Քեմալականութիւնը կը ցանկանայ Հայ ժողովուրդի բնավայրը եղող այս տարածաշրջանին մէջի անոնց բոլոր հետքերը ջնջել: Այսօր Մուշի մէջ ԱԳԲ-(Արդարութեան եւ Վերականգման Կուսակցութիւն-) քեմալականութիւնը կը փորձէ նոյնը ընել: Յատկապէս Մուշի մէջ ժողովուրդներու եղբայրութիւնը քարոզող BDP (Խաղաղութիւն եւ Տէմօքրադական Կուսակցութիւն) ,İHD(Մարդու Իրաւունքներու Միութիւն),HDK (Ժողվուրդական Տէմօքրադական Վեհաժողով) եւ շրջակայից կազմակերպութիւնները այս առումով ընելիք շատ գործեր ունին:
Եթէ այսօր,քեմալական հանրապետութիւնը հայոց պատմական տուները կը թալանէ, մի օր ալ, քուրթ ժողովուրդի տուները գլխերնուն վրայ կը քանդէ: Մշակոյթի մը ոչնչացնելը,մարդկութիւնը ոչնչացնել է:Այս պատմական կոտորած մըն է: Յանուն ժողովուրդներու եղբարութեան ու հաւասարութեան ,դուն ալ քու ստորագրութիւնովդ այս կործանումը կանխէ՛:
Տեսանյութեր
Լուսանկարներ
Մեկնաբանություններ (1)
Մեկնաբանել