HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Սագօ Արեան

Եայիր Աուրոն. Հոլոգոստ եւ Մեծ Եղեռն

  • «Հոլոգոստ». Դժուար խորագիր մը

«Ինձ համար դժուար էր հասկանալ եւ ընդունել իմ պետութեան երկարատեւ քաղաքականութիւնը Թուրքիայի կողմից  իրագործուած հայերի ցեղասպանութեան ժխտման հարցում:Ես յոյս ունէի գտնելու աւելի մեծ կարեկցանք հայ ժողովրդի տառապանքների հանդէպ՝ ելնելով մեր ճակատագրի նմանութիւնից, աւելի շատ փորձեր ՝օգնելու եւ աջակցելու, թէկուզ այն սահմանափակ  հնարաւորութիւնների չափով,որն ունէր Հրեայ ժողովուրդը եւ առանձնապէս  սիոնիստական շարժումը եւ Պաղեստինի նախապետական հրէական համայնքը:Դրա փոխարէն ես գտա անընդունելի  անտարբերութիւն  եւ մի վերաբերմունք, որտեղ  մասնաւորը գերիշխում է  համընդհանրականի վրայ:» Հրեայ յանդուգն պատմաբան Եայիր Աաարոն այս   բառերով  կը   կը ներկայացնէ իր  ճշմարտութեան համար պայքարող մարդու  տագնապը  որ արդէն երկար տարիներ կը զառնուի Իսրայէլ պետութեան  անատարբերութեան երկաթեայ  փակ դռներուն:Հրեայ  մտաւորականը երկար ճանապարհ անցնելով  հասած է կարեւոր մէկ եզրակացութեան  ըստ որուն ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդներն ամէնէն շատ պէտք է  պայքարին   ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման համար եւ օժանդակութեան ձեռք երկարեն  բոլոր անոնց որնք  իրենցմէ առաջ կամ ետք քալած են   խաչելութեան    այդ արիւնոտ  ճանապարհէն:

Հրեայ  ժողովուրդը չունի  խաչելութեան ճանապարհ:Ան ցաւի երկար ուղին փոխակերպած է հզօր պայքարի  ուղիի  մը  ու այդ ուղին ան նուաճած է  տքնաջան քրտինքով ու արիւնով:

Երբեք պիտի չմոռնամ  2006  թուականին Հայրենի բանաստեղծ Ռոմիկ Սարդարեանի  հետեւեալ տողերը  Իսրայէլի մասին «Իսրայէլը ունի հզօր անցեալ բայց ներելի չէ որ ան  այսօր իր պատմութեան վրէժը, լուծէ իր հարեւանններէն:»Բանաստեղծ Սարդարեանի այս խօսքը ըսուած է  այն օրերուն  երբ Իսրայէլ իր հզօրագոյն զէնքերով   կրակ  կը տեղացնէր Լիբանանեան հարաւային բոլոր շրջաններուն վրայ  պատրուակ ունենալով «Հըզպալլա»ի Իսրայէլացի երկու զինուորներ գերեվարելու դէպքը:Նոյնիսկ անկէ առաջ Իսրայէլի հանդէպ այս տողերը գրողին   մօտեցումը եղած է բացասական(Տխուր է որ Հայրենի ընթորցողս  պիտի չկրնայ հասկանալ այդ վերաբերմունքին հիմական պատճառները որով Իսրայէլեան արիւնոտ մագիլներուն հետքերը մենք կրած ենք Լիբանանեան հողին վրա:)  

Այս  նախաբանը  գրեցի միով բանի  բացատրելու, թէ ինչքան ծանր ու բարդ խնդիր է Հրեաներու Հոլոգոստին մասին գրելը:Այդ բեռը աւելի կը ծանրանայ երբ    պահ մը վերապրիս Իսրայէլի դէմ առկայ ատելութիւնը որ  արմատացած է Արաբական շրջանակներուն մէջ:Այդ ատելութիւնը ապրուած օրագրութեան մը  հատորէն փրցուած  էջեր են: Անոր խորագիրները շատ պարզ են Կազա, Լիբանանեան Կանա, Պաղեստինեան Տէյր Եսին, Խիամի բանտ, հազարաւոր պաղեստինեան բանտարկեալներու վիրաւոր  բողոքի ճիչ եւ արեան ու ձիթենիի երգերուն մէջ միացուլուածՊաղեստինցի հզօր ժողովուրդին  պայքարի երթ:Արաբներուն համար Իսրայէլը այսօր թիւ մէկ թշնամին է  ու արեւմուտքին  պէտքն ալ չէ այդ դժոխքի ձայները լսել կամ փորձել հասկնալ այդ ատելութեան հիմնական պատճառները:Թշնամանքի  մեղադրանքին պատճառները շատ խոր արմատներ ունին   ու վստահ եմ որ այս  յօդուածը բնաւ միտում չունի այդ պատճառները քննութեան ենթարկելու:

Ցեղասպանութեան մասին  տրուած ամբողջական պատկերը մեր խորքերուն մէջ արդէն վերածուած են կարծրատիպի: Առնուազն ցաւը կը  կերպարանփոխուի. այլ տարածքներ կը ճամբորդէ,   գոյն կը փոխէ,  ձեւ կը փոխէ բայց  ընդհանուր  գիծերուն մէջ կը մնայ նոյնը: Մենք  ցաւին  ժառանագորդներն ենք ու ինչքան վիպական կարծուի  այս խօսքը մէկ է  յատկապէս  անոնց որոնց  նախահայրերը քշուեցան արեւմտահայաստանի ամեհի տարածքներէն: Այդ ցաւը, այդ բնազանցական «սպիտակ բիծ»ը բերած հասցուցած ենք մինչեւ մեր օրերը: Նոյնն է պարագան Հրեաներուն  որոնց  միացումի, իրար ճանչնալու, իրարմով ապրելու ամէնէն գօտեպնդող  խնդիրը դարձեալ վիշտն է ՝Հոլոգոսթը:

Այդ նոյն ցաւին մէջ է որ աւելի քան Վեց Միլիոն Հրեաներ ոչնչացուեցան:Դէպքը դարձաւ պատմական նշանակութիւն եւ վստահաբար նոր սկզբնակէտ մը՝ տառապանքէն, մահէն ու վէրքերէն նորէն յառնելու համար:

  • Եայիր  Աուրոն Երեւանի մէջ

Հրեայ պատմաբան Եայիր Աուրոնի «Անընդունելի անտարբերութիւն» գրքին շնորահանդէսը կատարուեցաւ Երեւանի մէջ: Պատմական կը դառնար պահը երբ Հրեայ գործիչը Եբրայերէնով իր սրտի խօսքը կը փոխանցէր ներկաներուն:(Յայտնեմ որ որ գիրքը  13 տարիներ առաջ տպագրուած էր Եբրայերէնով ու ապա թարգմանուած էդր Անգլերէնի ու Ռուսերէնի:Հայերէն թարգմանութիւնը կատարած էր    Աննա Սաֆարեան  իսկ գրքի տպագրութեան ազնիւ մեկենասութոիւնը ստաննձնած էր  Մոսկուաբնակ  Հայ գործարար Կարէն Պաղտասարեան)

Աուրոն նախքան գրքի շնորահանդէսը գրքի շնորհանդէս տուած էր մամլոյ ասուլիս ուր խորունկ գոհունակութիւնը յայտնած էր   հայրենի  լրագրողներուն իր գիրքին հանդէպ   ցոյց տուած հետաքրքրութեան համար:Ան ըսած էր, թէ  «Երանի Իսրայէլի մէջ ալ այսքան լրագրողներ հետաքրքրուած ըլլան իմ գիրքովս»:Գիրքին իրական արժէքը հասկնալու համար կարեւոր էր ականջ տալ Դոկտ. Աշոտ Մելքոնեանին (Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ պատմութեան հիմնարկի տնօրէն, պատմութեան դոկտոր եւ ԳԱԱ թղթակից անդամ)  որուն հետ իմ ունեցած կարճ զրոյցին ընթացքին, ան  այս բառերով  ձեւակերպեց գիրքին ու աշխատութեան կարեւորութիւնը «Ե՛ւ հանրութեան ե՛ւ պատմագիտութեան մէջ մի տեսակ սպասում գոյութիւն ունէր Հրեայ գիտնականի խօսքին որովհետեւ հրեայ ժողովուրդը որ ապրել է ցեղասպանութիւն՝ քաղաքական, տնտեսական  եւ  բարոյական առումով առաջինը պիտի հասկանար որ ինչ է տեղի ունեցել իր նախորդի այսինքն  հայ ժողովուրդի հետ  1915  թուին: Այդ իմաստով վերջապէս Եայիր Աուրոնը արեց այդ համարձակութիւնը եւ այնպիսի համարձակ վերնագիր դրեց իր աշխատութեան ինչպիսին է  «Սինոնիզմը եւ հայոց  ցեղասպաութիւնը»: Փաստօրէն նա  հաստատեց  որ հրեայ ժողովուրդի  տունդարձի երեւոյթը,որ հրեաների երկու հազար տարուան  երազանքն էր անպայմանօրէն չի ենթադրում մէկ այլ ժողովուրդի հաշվին տունդարձ  այդ թվում՝ հայ ժողովուրդի:Այն դէպքում երբ  սիոնիստական շարժումի հիմադիրներէն համարուող ՝Թէոտոր Հէրցէլի  մտայնութեան եւ հայեցակարգային մօտեցման մէջ եղել է նման ենթաթեքստ որն է՝ իրականացնել հրեաների տունդարձը նաեւ հայոց ցեղասպանութեան հաշվին:Սա շատ համարձակ միտք է որն ամբողջ աշխատութեան  ընթացքում անցնում է եւ այդ իմաստով պէտք է արժանին մատուցել Եայիր Աուրոնինայս համարձակ գրքի համար:»

Իսկ գրքի նախաբան գրած  Զօրի Բալայեան այս տողերով պիտի բացատրէր  Երեւանի մէջ Հրեայ մտաւորականին  գիրքը ներկայացնելու պատմական պահը . ան  պիտի ըսէր՝ «Սա մի շատ երազանքային օր է իմ համար: Մենք շատ լաւ գիտենք ի՞նչ է Իսրայէլը  եւ ո՞վ է Իսրայէլացին: Պիտի ասեմ որ նոյնիսկ ես ՝սպասել,  երազել  եմ  այսպիսի մի օրուան:Ես երազել եմ որ  այսպիսի գիրք կը գրուի Իսրայէլի մէջ: Երբ գիրքը ինձ բերեցին  մի գիշերում վեց հարիւր էջ  կարդացի եւ իմացայ որ  սա  մեկնարկ է ու սկիզբ: Յետոյ իմացայ որ  այս գրքի նման   այլ գրքեր էլ կան: Գրեցի առաջաբանը ու որոշեցինք հեղինակին  հրաւիրել հայաստան  ու  կատարեցինք այս  մեծ աշխատանքը: Այս գիրքը իւրաօրինակ է  որովհետեւ Աուրոն   այնտեղ ոչ թէ քննադատում է իր ժողովրդին այլ մտածում  է մոլորոկային մտածմամբ:Նա շատ լաւ գիտակցում է  որ, եթէ Նիւրէմպուրկում  1946 թուին  եղած դատարանի նման  դատարան հաստատուէր 1920 թուին թուրքերի հանդէպ ապա մի գուցէ կեանքը ուրիշ կերպ կը  գնար մոլորակի վրայ ու գուցէ չէր լինի համաշխարահային երկրորդ պատերազմ:Սա շատ լուրջ բան է :Վերջում ասեմ որ գիրքը ռումբ է ու ոչ մի ինթէրնէթ գրքի տեղը չի գրաւի:»

  • Կազայի վէրքը նոյն վէրքն է ինչ «Ատանայի ողբ»ը 

Ցեղասպանութեան թեման կը մնայ առաջնային այնքան ատեն որ տակաւին ճանաչումի խնդիր կայ դրուած: Այսօր  միակողամանի  է այդ պահանջը:Մինչ Թրքական կողմէն ձայներ սկսած են լսուիլ ու Հրանդ Տինքի բացած ճանապարհը  վստահ եմ նոր նոր հարթութիւն պիտի ստեղծէ Պոլսոյ եւ թրքական տարբեր քաղաքներուն մէջ   սկսած  ճանաչողութեան  այնքան կարեւոր գործընաթցին մէջ :Այսօր թուրքը կարիքն ունի մեզ ճանչնալու  ու բնականաբար  եթէ համաձայնութեան մը մասին տակաւին չի խօսուիր պէտք է խօսուի  զրոյցի մը մասին: Ու տեղէ մը պիտի սկսի այդ զրոյցը:

Թերեւս Սփիւռքի համար տակաւին անհասնկալի է այդ զրոյցին կարեւորութիւնը կամ  գրեթէ անընդունելի սակայն   մեր որովայններուն մէջ  այդ վէրքը պահելու,   այդ թախիծով մինակ  ապրելու մելանգոլիան կը կարծեմ  որ   փրկութեան  լաստ չէ այլեւս:Ցեղասպանութեան թախիծը նոյնիսկ յոգնած է մեզմէ:Ու սպասելի է որ Եայիր Աուրոնի օրինակը Իսրայէլ-Թուրքիա այդքան  աներեւելի բայց կարեւոր ալիքներուն վրայ նոր փորձաքար  դառնայ:Մարդը որ կը տեսնէ ու կը դատապարտէ   Հայերուն դէմ կատարուած ցեղասպանութիւնը,  ապսուրտ  պիտի իլլար լսել իրմէ  այս բոլորի    եթէ  վերապահութեամբ  ու լռութեամբ անցնէր  Պաղեստինեան խնդրին վրայէն:Այս առումով կարեւոր կը համարեմ մէջբերել     Աուրոնի  ստորագրած նախաբանէն բաժին մը ուր ան կ'անդրադառնպայ Պաղեստինեան խնդրին ու զինք անհանգիստ պահող  այդ թնճուկին մասին կ'ըսէ ՝ «Իսրայէլ պետութեան ապագան մեծապէս կախուած  է  Իսրայէլա-պաղեստինեան  հակամարտութեան լուծումից, Պաղեստինցիների նկատմամբ վերահսկողութեան վերացումից:Սա անընդունելի իրողութիւն է ինչպէս մարդկային եւ բարոյական առումով, այնպէս  էլ Հրէական եւ մանաւանդ Հոլոքոսթի ժառնագութեան տեսանկիւնից:Եւ սակայն Իսրայէլի երիտասարդութեան  մեծամասնութիւնը արձագանքում է ոչ թէ Եհուտա  Էլկանի  կոչին, թէ «Դա այլեւս երբեք չպէտք  է կատարուի», այլ կրկնում է Հոլոքոստի սիոնիստական դասը ՝«Դա այլեւս երբեք չպէտք է կատարուի մեզ հետ:»

Այսպիսի օրինաչափութեամբ միայն կարելի է ճշմարիտ  ճանապարհ բանալ:Աուրոն երբեք միտում չունի Double Standards –ով հանդէս գալու եւ այս մէկը նաեւ օրինակ պէտք է ծառայէ այլոց:Թուրք հասարակութիւնը   եւս քաղելիք ունի Աուրոնի  տուած դասերէն:Ինչ իմաստ  երբ Կազայի Պաղեստինեան  փորձութիւնը կը դատապարտէ եւ անդին Օսմանեան  կայսրութեան   իրականացուցած  ցեղասպանութեան վրայ կ'ուզէ սառը ջուր թափել:Եղածը  իբրեւ պատմական դէպքեր ներկայացնելու ճապաղ մօտեցում, ճարպկութիւն եւ   ուրացում: Տեղ մը սակայն պիտի ճեղքուի  լռութիւնը այս հաստ պատը: Աուրոն  ցեղասպանութեան մասին  կը գրէ  կանխազգուշացման համար կամ յառաջիկային տեղի ունենալիք որեւէ նման արհաւիրքի առաջքը առնելու նպատկով:Ան այս առումով դիտել կ'ուտայ, թէ ընդունելի չէ կատարուած աղէտին առջեւ լուռ մնալ   եւ նոյնիսկ աւելի հեռու երթալով կը հաւատայ  որ լուռ  ու ձեռանածալ մնալը տեսակ  մը մեղսակցութիւն  է: 

Աւարտին կը վերհանեմ գիրքին մէջ տեղ գտած հետեւեալ գաղափարը որ կը խօսի  իւրաքանչիր մարդու սպաննութեան հետ մէկ ամբողջական աշխարհի մը սպաննութեան մասին: Եթէ մէկ մարդ սպաննելու արարքը այդքան խորն է ու եղերական է(ամբողջ աշխարհ մը սպաննելու ցաւին չափ) այն ատեն քանի-քանի անգամներ ցեղասպանութեան արարքը իր թեւերուն, իր ուսերուն եւ իր աներեւելի ոգիին ու աչքերուն մէջ պահած Թուրքը ինչ պիտի խորհի այս մասին: Ցաւին մասին որ պէտք  է դադրի կարծատիպ ըլլալէ: Ու այս բոլորը  ատելութեամբ չէ որ կը գրուի որովհետեւ ի վերջոյ   արեան հետքերը  ոչ իմ, ոչ Եայիր Աուրոնի, ոչ ալ  այլոց ձեռքերուն վրայ է:

Ան որուն ձեռքերուն վրայ  կան արեան հետքեր գիտէ այս մասին: Բայց կարեւորը ականջ տայ:

Կարեւորը լսէ ու պէտք է լսէ:

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter