HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Սագօ Արեան

Թուրքիոյ մէջ սպաննուած հայ զինուորի մայրը կը յանդիմանէ թուրք գրող՝ Այշէ Կիւլինին

Սեւակ Պալըքճիի մայրը՝ Մենք քո սիրոյ պէտքը չունինք

Անի Պալըքճին  թրքական բանակին մէջ  հայ զինածառող Սեւակ Պալըքճիի (Sevag Balıkçı) մայրն է: Սեւակը սպաննուեցաւ 24  Ապրիլ  2011-ին:   

Վերջերս, Տիկին Պալըքճին բաց նամակով մը դիմած է Թուրք գրող Այշէ Կիւլինին  (Ayşe Kulin) ով մեծ  աղմուկ  բարձրացուցած է  թուրքիոյ մէջ երբ CNN Türk-ին տուած հարցազրոյցի ժամանակ ըսած էր որ «Մենք հայերը առանց պատճառի  չենք ջարդած»:

Իր բաց նամակին մէջ Անի Պալըքճին  յանդիմանած է Կիւլինին իր այս խօսքին համար եւ ըսաւ որ եթէ պատճառ մը կար հայերը ջարդելու այն պէտք է փնտրել ջարդողներու եւ յափշտողներու անյագութեան եւ նախանձախնդրութեան մղումներուն մէջ:

Անի Պալըքճին այս տողերը  գրած է Կիւլինին: «1900-ականներուն հայերուն թիւը բաւական մեծ  էր անոնք լաւ ուսման տիրացած էին: Անոնց ապրած  գիւղերու մէջ երկու կամ երեք վանք եւ եկեղեցիներ ունէին: Հայերը նաեւ զարգացած   էին ու ճաշակաւոր:Անոնք  իրենց ունեցածը  գիտութեան շնորհիւ կրնային լաւ ձեւով մշակել: Իսկ միւս համայնքները այս  բոլորէն անհանգիստ եղան: Անոնք կ'ուզէին այդ արտերուն  եւ ունեցուածքին  տիրանալ եւ ատոր համար ըսին հայերուն ձգեցէք ամէն ինչ ու հեռացէք հոսկէ:» 

Պալըքճի կ'ապրի Պոլիս եւ անոր հետ զրոյցը յաջողեցայ կատարել բաւական երկար որոնումներէ ետք համացանցի միջոցաւ:  

Մինչ թուրք մտաւորականութիւնը  առիթ չի փախցներ Ցեղասպանութեան մասին խօելու անդին Այշէ Կիւլինը նման յայտաարրութիւն կ'ընէ:Ի՞նչպէս հասկնալ եղածը:

 Պատկերացուր որ իր  խօսքին  աւարտին  ան ըսած է որ ինք հայերը շատ կը սիրէ:Ես իրեն ըսի մեզի մի սիրէր, Հրանդն (Տինք) ալ մի սիրէր: Հրանդը կեցած տեղը սպաննեցիք: Սեւակիս մարմնին մէջ ալ  երկու ծակ  բանալով սպաննեցիք: Ծեր կնոջն ալ կեցած տեղը սպաննեցիք (նկատի ունի 78- ամեայ Մարիձա Քիւչիքը): Մի նեղուիր ասոնց համար:Ատանկ ըսի:

Իսկ ձեր նամակը որոշ արձագանք գտաւ Թուրքիոյ մէջ:

Բաւական խօսեցան նամակիս մասին նոյնիսկ հայկական «Մարմարա»ն գրեց ատր մասին:

Ինչու զարմանալի է՞ր «Մարմարա»ին գրելը:

Այո որով մենք կը քաշուինք այս բաներուն մասին խօսիլ: 

Անցեալին  ալ այսպէս է՞ր:

Այո ի հարկէ: Պատկերացուր որ  իմ մանկութեանս օրերուն աս նիւթերուն մասին երբեք չէինք կրնար խօսիլ: Վախ մը կար:

Իսկ հիմա՞:

Հիմա առաջուընէ լաւ է քիչ մը: Կը մտածենք  որ տէմոքրասի  եղաւ  բայց դեռ  ամբողջական չէ:

Այս տարի Սեւակին սպաննութեան երրորդ  տարելիցը պիտի լրանայ: Ի՞նչ ունիք ըսելիք Սեւակի սպաննութեան  գործին վերաբերեալ:

Կրնաք պատկերացնել որ  տղուս սպաննող Քվանչ Աղաօղլուն  այսօր ազատ կը պտըտի: Երկու տարի դատերուն հետեւեցանք   ու այս  է արդիւնքը: 19 Փետրուարին նորէն դատի պիտի  երթանք: Դատավարութեան ընթացքին  դէպքին վայրը եղող Հալիլ Էքշինը նախօրօք իր տուած սուտ ցուցմունքը փոխեց եւ ճշմարտութիւնը  ըսելով յայտարարեց, թէ Սեւակը միտումներ կերպով սպաննուած է: Դատերէն ետք մենք վերստին  վերադատ ատեան դիմեցինք ու հիմա  դատավարութեան նոր գործընթաց մը սկիզբ պիտի առնէ: Ըսեմ որ այդ վկան սկիզբը այսօրուան պէս վկայութիւն տուած էր բայց ճշնումներու տակ տեղի տալով ամբողջ  դատական ընթացքը խափանած:

Յոյս ունիք որ դատական ընթացքը կը փոխուի: 

Հրանդի դատերը տեսնելէս ետք ոչ մէկ յոյս ունիմ:Ահագին փաստ կայ մեր ձեռքը  այլապէս պիտի ընդունէի որ եղածը արկած մըն էր:

Ի՞նչ փաստերու  մասին է խօսքը:

Մեծագոյն փաստը այն է, որ Սեւակին իր  հայ ըլլալուն համար սպաննեցին: Ի՞նչու 24 Ապրիլին եւ ի՞նչու հայ Սեւակը:

Պոլսահայ համայնքը ի՞նչ կը մտածէ Սեւակի մասին:

Պոլսահայ համայնքը Հրանդի դատով զբաղած է: Քիչ մը հետաքրքուեցան բայց  յետոյ ձայն չհանեցին Սեւակին համար:

Այսինքն հիմա բնաւ  հետաքրքրութուն չկա՞յ Սեւակի  դատավարութեան վերաբերեալ:

Ո՛չ հիմա չկայ: Օրինակ Հրանդի դատին օրերուն բան մը չտեսանք: Անգամ մը  միայն  Սեւակին անունը  տուին եւ այդքան:

Պատճառ՞ը:

Չեմ գիտեր: Սկիզբը բաներ մը ըրին: Հաւաքներ եւ հանդիպումներ եղան,  բայց հիմա  լռութիւն մը կայ: Ճիշդ չեմ գիտեր ամսու 19-ին ինչ կրնայ ըլլալ: Արդէն մեր դատերը Պոլիս չեն ըլլար:          

Ուրեմն ո՞ւր:

Սկիզբը  Տիարպէրքիր էր:Իսկ հիմա Իզմիր պիտ երթանք:

Ի՞նչու:

Վկայութիւն տուողը ՝ Հալիլ Էքշինը հոն է ատոր համար ոտքը կ'երթանք:

Իսկ յոյս կա՞յ  որ արդարութիւնը  կը յաղթէ:

Թուրքերուն չկայ (Արդարութիւնը- Ս. Ա.) ալ ուր մնաց մեզի: Հոս բանակին մէջ  ինքնասպանութիւն գործած  980  զինուորներու խնդիր կայ:

Մէ՞կ տարուան  մէջ:

Ո՛չ, ո՛չ մօտաւորապէս վերջին հինգ տարիներուն  այդքան  զինուոր սպաննուած է: Անոնք յատկապէս Քիրւտեր  են եւ Ալէւիներ: Մահացածներուն մեծագոյն տոկոսը քիւրտերն են:

Ի՞նչ պիտի ըսէիք եթէ ձեր տղուն սպաննողը  տեսնէիք:

Ես երեք տարի ատ մարդասպանին հետ դատարանին մէջ  նոյն  նոյն օդը շնչեցի: Ճիշդը կ'ուզէին մատները կոտրել: Բայց ես ինծի իրաւունք չեմ  տար նման բան ընելու: Ուսուցչուհի եմ,  ի՞նչ հոգիով   այդ արարքին պիտի դիմեմ:

Սեւակին սպաննութիւնէն ետք  թուրքերու հանդէպ քու ունեցած հայացքդ փոխուեցաւ արդեօ՞ք:

Ո՛չ: Չեմ կրնար ատանկ ըսել:Խոստովանիմ որ անոնց մէջ ալ լաւ մարդիկ կան ու մենք  այս տեղերուն մէջ  միասին ապրած ենք: Ես ատիկա չեմ կրնար ուրանալ:Բոլոր ազգերուն մէջ ալ անգիտակից մարդիկ  կան:Իրենց մէջ ալ կան մարդիկ որ հայերուն հանդէպ վիրաւորական մօտեցում ունին: Օրինակ կ'ըսեն  ինչու  թուրք չէք: Թէեւ մենք այդպիս մարդոց չենք հանդիպած: Ատոնք կարեւոր ալ չեն մեզի համար: Պատկերացուր որ, իմ ամէնէն ծանր օրերուս հարեւանս  էր  որ օգնութեան հասաւ մեզի: Մինչեւ հիմա  ալ ան է որ կը մխիթարէ մեզ:

Այստեղ Տիկին Անիին ամուսինը զրոյցին միանալով կ'ըսէ «Մի նեղանաք բայց հայերը  վախկոտ են եւ արդէն մեր շուրջ ընդհանապէս հայեր  չկան»: Վայրկեան մը համար  լռութիւն հը տիրէ ու յետոյ կը շարունակենք:»

«Գիտէք ի՞նչ է ցաւը – կը շարունակէ Տիկին Անին- Մենք իրար պաշպանել չենք սիրեր  ատ է մեր խնդիրը: Թուրքիոյ  մէջ այսքան մարդ  հայերուն  մասին կը խօսին ու շատ յաճախ հայերն ալ  կը խօսին բայց ոչ ոք Սեւակին մասին տող  միսկ չ'ըսէր եւ ասիկա ցաւ կը պատճառէ մեզի:

Սփիւռքի  հայութեան  ըսելիք ունի՞ք:

Ի՞նչըսեմ: Կարեւորը իրար պահենք,  մեր գաղտնիքը ոչ ոքի տանք եւ  իրար բարձրացնենք: Սփիւռքի հայերը արդէն մեր մասին  չեն խորհիր:

Ի՞նչու այդպէս կ'ըսէք:

Ըսել կուզեմ իրենք կը պայքարէին ու մեր մասին չէին մտածեր: Հիմա իմ խորհուրդս է որ իրենք բան մը չմտածեն  ու շարունակեն իրենց պայքարը: Մենք պայքարէ զատ ուրիշ ելք չունինք: Աս է իմ խօսքս Սփիւռքին:

Յ.Գ. Անի Պալըքճի   աւարտին  կը պատմէ  Թուրքիոյ մէջ այս  տարի  պատահած դէպքի մը մասին ու կը նկարագրէ պատահածը ըսելով ՝ «Անատոլուի մէջ ահաւոր ձիւն կար այս տարի: Շատ մը գիւղեր փակուած էին: Վանի մէջ Հայր մը պարկի մը մէջ  դնելով  իր  անչափահաս հիւանդ  երեխան փորձած էր զինք հիւանդանոց հասցընել: Բայց ապարդիւն.երեխան կը մահանար:Բոլոր կայանները ցոյց տուին ասիկա: Մտածեցի որ  մեր նախահայրերը  ինչ ձեւեր հնարելով  փորձած էին  իրենց զաւակները փրկել  այդ վիճակներէն»: Այս դէպքը Անի Պալըքճի նոյնպէս  շարայարած էր Այշէ Կիւլին ուղղած իր նամակին մէջ  անոր յիշեցնելով, այն հարիւր հարիւրներուն մասին որոնք զոհը գացին թուրքին  վայրագութիւններուն հաստատելով որ  «Ձեր խօսածը Տիկին Կիւլին խորքին մէջ խոստովանութլիւն մըն է: Դուք կ'ընդունիք որ եղածը ցեղասպանութիւն է մինչ ձեր կառավարութիւնը կը շարունակէ ուրանալ»:

Նկար:  Անի Պալըքճիի Ֆէյսպուք էջէն 

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter