HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Հայրենի հողը թեթեւ գայ վրադ, ընկե ՛ր

Սեդա Գպրանեան- Մելքոնեան

Երբ հեռաձայնս կ'աշխուժանայ յանկարծ եւ հին ընկերներու անուններ կը կարդամ լուսաւոր ապակիին վրայ գիտեմ, որ արտասովոր բան մը պատահած է: Նոյնիսկ հարցումս գիտեմ. «Ո՞վ»: Այդ ամէնադանդաղ երկվայրկեաններուն ընթացքին միայն կը յուսամ, որ ցաւը կառավարելի է:

Փետրուարի 3-ին արտասանուած անունը՝ Մայք Գազանճեան, նոյնքան անսպասելի էր որքան սպասելի, ճիշդ իրեն պէս: Յաճախ կրկնած եմ, որ մեր մարտական ընկերներուն մէջ Մայքը ամէնահարուստ ու հետաքրքրական կերպար է: Իր նկարագրի ամէնացայտուն յատկանիշը` իր մեծ ու բաց սիրտը:

Մայքին պայքարի ճանապարհը հեշտ չէ եղած: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին ան յառաջդիմական ուժերու կողքին անվեհեր կռիւներու մասնակցած էր: Սակայն կ'ենթադրեմ հօրմէն ետք իր ամէնամեծ կորուստներէն մէկը եղած էր մտերիմին, եթէ կ'ուզէք mentor-ին՝ Յովհաննէս Գրիգորեանի վայրագ սպաննութիւնը իւրայիններուն կողմէ: Հայաստան մեր հանդիպումէն ետք երբ իմացաւ, որ Յովհաննէսը իմ ոչ արիւնակցական մօրեղբայրս է, լուսանկարը խնդրեց ու Չէ Կէ Վարայի պատկերին հետ միասին կարմիր ու սեւ նկարել տուաւ ու պատը կախեց: Մայքը լաւ գիտէր ի՛նչ կը նշանակէ կորուստ:

Ակնյայտ պատճառներով, մեր ամէնանուիրուած մարտիկներուն մասին մենք պարտադրուած ենք բարձրաձայնելու միայն իրենց մահէն ետք: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի մարտերուն ընթացքին վիրաւորուելէ ետք մեկնելով Ֆրանսա Մայք դարձած էր ՀԱՀԳԲ-ի (ԱՍԱԼԱ) ամէնագործունեայ անդամներէն մին: 1980-ական թուականներուն, երբ Եւրոպան կը սարսափէր հայկական զինեալ գործունէութենէն, Մայք առաջնային եւ կարեւորագոյն դերակատարութիւն ունեցած էր բազմաթիւ զինուորական գործողութիւններու կազմակերպման եւ նախապատրաստման մէջ: ՀԱՀԳԲ-ի հազուագիւտ կին անդամներէն մէկուն եւ այլ մարտական ընկերոջ մը հետ միասին, ան լծուած էր գործի, վտանգի ենթարկելով իր երիտասարդ ընտանիքը:

1991-ի գարնան սկիզբը Երեւանի պետական համալսարանի ուսանողական հանրակացարանի պահակին հեռախօսի կանչին պատասխանելէ ետք Մոնթէն սենեակ վերադարձաւ ժպիտով: «Մայքն էր: Քիչ ետք հոս պիտի գայ,» ըսաւ: Ես Մայքը կը յիշէի մանկութենէս որպէս դրացիի չար տղայ Մկօ, որուն հօրաքոյրը՝ օրիորդ Յասմիկ դպրոց կը բերէր զինք: Մայք կը հաւաքէր մեզ, մանկապարտէզի պզտիկներուս, ու ափ մը քարամել շաքար կը նետէր օդ: Բոլորս կը վազէինք աջ ու ահեակ շաքար հաւաքելու: 

Մայքին հետ մեր վերսկսած հարաբերութիւնը միշտ մնաց տաքուկ: Այդ ժամանակուան իր կինը՝ Վալերին երբ կը հեռաձայնէր, կու տայի իրեն ռազմաճակատային կարիքներու ցուցակ մը: Անձայն թշնամի դիրքերը ներթափանցելու հետախուզութեան համար Մոնթէին խնդրած նիզակները (arbalète) Մայք անձամբ առաքեց: Արցախյան պայքարի թէժ օրերուն քանիցս ընկերներով սպասած ենք ինքնաշարժին մէջ մինչ ան ռազմական կարիքնեը հոգալու համար տասնեակ հազարաւոր տոլարներ կանխիկ կը յանձնէր Վազգէն Սարգսեանին: 

Հայաստանի մէջ մենք միասին սգացինք զոհուած ու սպաննուած ընկերներու մահը եւ ուրախացանք այլ ընկերներու հարսանիքներուն ու տարեդարձներուն: Երբեմն, Մայքին ու իմ Այնճարցիութիւնը կը բռնէր ու կարծես մանկութեան կարօտախտով տառապելով երկուքս պոռալով կ'երգէինք « սիրել գիտես, կռուիլ չգիտես դու անզգամ երիտասարդ...» Բայց Մայքը սիրելուն հետ կռուիլն ալ լաւ գիտեր ու նաեւ հաշտուիլ: Ան յաճախ լայն բացաւ իր տան դռները ու շատ լայն՝ իր սիրտը բոլոր ընկերներուն համար, անգամ նոյնիսկ երբ տարիներ անց, անոնցմէ ոմանք կը սնէին անցեալի մանրուքներով: Մահուան դէմ յանդիման գտնուած մարտական ընկերներու անհամերաշխութիւնը ցաւ կը պատճառէր Մայքին: Ու ան սխալ հասկցուելու գնով փորձեց հարթել թնճուկը:

Մայքին մասին երբ կը մտածեմ մէկ բան կը գերիշխէ. Մարդ, որ տառապանքը կը քօղարկէր կենսունակութեամբ ու ամէնակարեւորը՝ բառի կէսին արդեն պատրաստ էր օգնութեան ձեռք մեկնելու:

Հայրենի հողը թեթեւ գայ վրադ, ընկեր:

Մեկնաբանություններ (3)

Markar Melkonian
This is a re-posting, after my first attempt to post, three days ago, failed: What are we to make of a small nation with so many unsung heroes? May the earth of the Motherland rest lightly on you, dear comrade Mike.
Markar Melkonian
A re-post from 9 Feb.: What are we to make of a small nation with so many unsung heroes? Here's to our dear comrade Mike.
Markar Melkonian
What are we to make of a nation with so many unsung heroes? Here's to Mike, our dear comrade.

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter