Եկեղեցւոյ կրօնական արարողութեանց հանդիսաւորութիւնն ու խորհրդաւորութիւնը անկասկած մեծապէս կը նպաստեն հաւատացեալներու հոգեւոր դասիարակութեան աշխատանքին, սակայն եւ այնպէս բաւարար չեն մշակելու ժողովուրդին հոգեւոր կեանքը իր բոլոր երեսներուն...
Նկատի ունենալով ներկայ դարու հասարակական-տնտեսական պայմանները, կրնանք ըսել որ դրամը յատուկ դեր ունի ապրելու արդի պայմաններուն մէջ: Թէեւ այդպէս չէր անցնող դարերուն, սակայն Եկեղեցւոյ պաշտօնէութիւնը վարձատրելու սովորութիւններուն ու աւանդութիւններուն...
Եկեղեցւոյ ամենահրատապ հարցն է եկեղեցականաց կենցաղը, որուն մասին կը խօսինք բայց երբեք չենք փորձեր լուծում մը գտնել այդ մասին։ Կոչում, նկարագիր եւ ուսում կը չքանան, կը ցնդին ի սպառ երբ այդ բոլորը չենք կրնար ապրիլ եւ ապրեցնել մեր կենցաղով, այլ խօսքով՝...
Կոչում, Նկարագիր եւ Ուսում. անբաժանելի երրորդութիւն մը որ իր մէջ կը մարմնաւորէ եկեղեցականաց պատրաստութեան ամբողջական գաղտնիքը։ Ի՞նչ կը հասկնանք կոչում ըսելով։ Ներքին զօրաւոր մղում, ձգտում, ընդունակութիւն, ձիրք, տաղանդ, մէկ խօսքով անշահախնդիր...
Կարելի չէ անտեսել ժամանակին պահանջները, որովհետեւ ժամանակը ամենազօր ոյժն է որ կը սղոցէ անհարկի եւ անտրամաբանական դիմադրութիւնները եւ հեղեղի նման կը քանդէ եւ կը տապալէ ամէն ինչ որ արգելք կ’ըլլայ ժամանակի պահանջներու իրագործման։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան Կանոնագրութեան մէջ «հոգեւոր կեանք» հասկացողութիւնը հետեւեալ բառերով կը բնորոշուի. «Յօդ. 6.- Առանձնական եւ հասարակաց աղօթքն է միաբանի մը ամենօրեայ հոգեւոր կեանքին առանցքը եւ սնունդը։ Միաբաններ...
Վերջերս ստացայ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդարանի պարբերաթերթ «Հոգեւոր Պրիսմակ»-ի բացառիկ թիւը։ Նկարներով զարդարուն այս պարբերաթերթը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ հարուստ յիշատակարան/պատկերատետր մը, խնկարկելու՝ Թեմիս Առաջնորդին բառերով...
Ժողովրդային անհանգստութեան պատճառը Պարթեւ վարդապետի 10 ժամուան կալանաւորումն էր Լոս Անճէլըսի Միջազգային Օդակայանին մէջ, երբ այս վերջինը փորձած էր Լիբանանէն Լոս Անճէլըս իր պաշտօնին վերադառնալ, կարճ արձակուրդէ մը ետք։
Չորրորդ՝ կրթական աշխատանքներ.- Տակաւին Հ. Դաւիթ Լոս Անճէլըս կը գտնուէր երբ պետական քննիչը դպրոց այցելեց եւ անգամ մը եւս տուգանքի ենթարկեց դպրոցը խախտումներու համար։ Ինծի համար շատ անհանգստացուցիչ էր պետական պաշտօնեային ընթացքը, բայց որովհետեւ...