Ուշ ամրանն էր, Ֆէյսի էջերը ողողուած էին իր նկարներով: Բոլորը միակտուր, սարսուռ կտրած միաբերան, եղածին ահաւորութեան առջեւ տագնապահար եւ մտահոգ կը փութային օգնել ՝ Յովհաննէս Գրիգորեանին:
Առանց Յոբելիանի մեռաւ նաեւ Կարպիս Ճանճիկեանը որ պոլսահայ բանաստեղծութեան նոր էջը դարձնելու եւ յանդգնութեամբ գրելու համար էր ճամբայ եալած:
Տիգրան Պասկեւիչեանի հեղինակած «Ներթափանցում» ֆիլմ-Էսսէն նայեցայ՝ «Գրանիշ»* կայքէջին վրայ: Հզօր գործ էր, մանաւանդ հիմա, երբ այս թեմայով մտածելու տեղիք կայ մօտս:
Շահան Շահնուր կը կարդամ: Այսպէս ցաքուցրիւ, ազատօրէն եւ հպարտի պէս: Այն քիչ հեղինակներէն է ՝ Շահնուրն որ զգացնել կուտայ որ հպրտութեամբ պիտի կարդամ զինք: Շահնուրը քծնիլ չի սիրեր, շիփ- շիտակ բառը սլացքի պէս ու առանց կեղծքի:
Խոպան չէ արտը հայոց գիրի տաճարներուն: Անաղմուկ եւ լուռ, ծուէն-ծուէն կը բարձրանայ աղօթքը յաւիտենական բառին, եւ այդ տաղասացներուն մէջ անոնք, որոնք լուսաւոր բեմերէն հեռու կը տքնին, կը կերտեն յաղթանակը յաւիտենական բառին: