Երեխայ էինք լաւ կը յիշեմ Տիկին Մարին: Հացին մէջ Հալէպի պանիր ու վարդի մուրաբա- անուշ կը քսէր ու կուտար մեզի: Միակ տունն էր ամբողջ Պէյրութի մէջ գէթ իմ տեսած տուներուս մէջ ուր Գարեգին Նժդեհի պատկերը կար կախուած:
Լրագրող ընկերներէս մին, երկու օր առաջ Ֆէյս Պուքի իր «պատ»-ին տեղադրած էր ՝ Հալէպահայ երիտասրդ բեմադրիչ՝ Աւօ Գաբրիէլեանի լուսանակարները: Մտածեցի ո՞վ է Աւօն, անցայ ուրիշ պատկերներու: Ժամը ուշ էր, կուզէի քնանալ: Սենեակս ցուրտ էր, վարժ էի արդէն: Դաւթաշէնի...
Երէկ երեկոյ Յովհաննէս Թումանեանի անուան Տիկնիկային թատրոնի սրահէն տեղի ունեցան Իսթանպուլի «ՉՊԼԱՔ ԱՅԱՔԼԱՐ» խումբի երկու ելոյթները: Ներկայացումները կը կրէին՝ «Ուղեւորութիւն Կոմիտասի հետ» եւ «Դուն Ձուկ Չես Որ» խորագրերը:
Քանի մը օր առաջ Տիգրան Պասկեւիչեանի Ֆիլմի ներկայացումն էր, Երեվանի մէջ: Փոքր ու շատ գողտրիկ սրահի մը մէջ, Երեվանի Թումանեան փողոցի վրայ: Սրահը լեփ- լեցուն չէր. Սակաւ թիւով ծանօթներ, հիւրեր ու ներգաղթի թեմայով հետաքրքրուած մարդիկ եկած էին ֆիլմը...
Տարիները սահեցան, կնոջս Մասսիվի տան մէջ, այդ տարիներու ահաւոր դանդաղ ինթէրնէթ կապին յենած , հաւաքեցի պատերազմի սաղ նիւթերը, լուսանկարներ ու պատումներ, վերլուծական գրութիւններ՝ Լիբանանեան «ԱԼ ՍԱՖԻՐ» ԵՒ «ԱՆ ՆԱՀԱՐ» թերթերէն, անգամ փոքր վերլուծութիւններ...
Դէպքերն այնքան արագ կը զարգանան որ մերթ չես հասցներ- բռնելու դիպաշարի թելէն: Արագ է ամէն բան: Երէկ գիշեր էր որ պարզ կը Դառնար որ Երեւանցի մշակութաբան Անի Ասատրյանի հասցէին ուղղուած են բաւական վիրաւորական խօսքեր:
Երեւի ոչ միայն Հայաստան աշխարհի մէջ, այլ նաեւ հոն ուր հայ կայ, ակտիւօրէն կը շարունակուին Սաֆարովին Ազրպէյճան յանձնելու, եւ Հունգար իշխանութիւններուն կողմէ , Հայոց աչքերուն փոշի ցանելու ճմլող իրականութեան ծալքերուն մասին թէժ թեմաները:
Վիրաւոր է մեր արժանապատուութիւնը: Վիրաւոր ենք մենք բոլորս, ու մեր արդար բողոքի ձայնը լսելի պիտի դառնայ Երեւանէն մինչեւ այն հեռաւոր կէտը ուր կանք մենք, ուր կ'ապրին մեզի պէս, մեր վէրքին ու խաչին բեռը իրենց ուսերուն ու բարձրաճակատներուն զմայլելիութեամբը...
Յետմիջօրէ: Քայլերդ ամուր են… ուսապարկ, փոքր շիշ մը բիւրեղ եւ Մասսիվի անմահական Հայոց ջուրը: Անմահականը ջուրն է թէ մարդիկը: Կրնայ պատահիլ որ մարդիկ դաժան կերպով նային անտեղի բարեւտուքիդ, կան դաժան դէմքեր հոս ալ: Վիրաւոր, խորշոմ կապած ճմռթկուած, հինցած...
Խառն, կլանուած, ծանր եւ կապարէ օրերու վրայ աւելցաւ օրերուն օրը: Օգոստոսի տաս: Ժամանակ ելքի: Հին վէրքերէն լուացուելու ժամանակն է: Ատեն վերադարձի: Անհասկնալի, անորոշ եւ փոթորկոտ վերադարձ: Տրամը կը պատկանի մէկ հողի, եւ հողեղէն որդու վերադարձը կը դառնայ...
Սուրիոյ խնդրով մինչ Սփիւռքի «պատկան մարմինները» կը պահեն իրենց լռութիւնը, Հայաստանէն թեր ու դէմ կարծիքներ կը հնչեն: Այսօրուան իրավիճակին, տեղւոյն հայութեան իրավիճակին ու անոր ապագային կապուած հարցերուն մասին:Նոր չէ որ հայութեան կիզակէտը, Սուրիոյ...
Մեծ եաշիկներ, փոքր եաշիկներ, կլոր-կլոր խաւաքարտ: Սպիտակեղէն ու սաւաններ:Շորեր նոր ու հին: Հաշիւի տետրակներ: Հին ու նոր լամբեր: Հիասթափութեան մեծ սկուտեղ մը գետնին: Գիւղէն տունէն բերուած յախճապակի: Կիպրոսէն կտոր-կտոր խեցիներ:
Վահէ Աւետեանի հոգեւոր տարածքը տխրութեամբ է որ կը մտնես: Իրապէս որ հոն տխուր է ամէն ինչ: Զոհի արիւնը դեռ գետինն է: Անխիղճ ու անմարդկային դահիճ: Յանուն ի՞նչի պիտի մտածես: Ո՞վ է թշնամին այս պատմութեան մէջ: Հայոց բանակի երիտասարդ բժիշկ- սպան սպան, պարզ...
Վաղ պատանեկութեանս, չեմ գիտեր ինչպէս կրցայ ապահով անցնիլ Հերովդէսներու մօտէն: Աւելի ճիշդը՝ ապրեցայ անոնց հետ, ապրեցայ անոնց մօտ, լսեցի անոնց խօսքերն ու ճառերը, յետոյ միայն իմացայ որ փսխունք էր ամէնը: Ամէնը սուտ էր:
Արաբական վէրքին մասին խօսելէն զատ, անցնող օրերուն միջազգային լրատու գործակալութիւնները, իրենց ուշադրութիւնը նաեւ կեդրոնացուցին «Ֆրանսական Ակադեմիա»ի նոր անդամի ընտրութեան վրայ: Ամին Մաալուֆ, ծագումով Լիբանանցի արձակագիրը անցեալ հինգշաբթի օր հանդիսացաւ...
Արաբ մտաւորական շրջանակներուն մօտ բաւականին տագնապեցնող վիճակ կը տիրէ: Ալժիրցի ոչ այնքան յայտնի գրող՝ Պու Ալլամ Սանսալ, հրաւիրուած է Իսրայէլ, հանդիսանալու, պատուոյ հիւրը՝ Երուսաղէմի մէջ կայանալիք՝ միջազգային Գիրքի ցուցահանդէսին:
Քանի մը օր առաջ ընկերներէս մին, ՖՊ-ի էջերուն տարածած էր եղերաբախտ գրողի մը՝ Վ. Շուշանեանի քանի մը դատումները մտաւորական ըլլալ-չըլլալու մասին:
Հայաստան դրախտավայր երկիրս, հազիւ ընտրական իր մշուշապատ օրերէն դուրս եկած, կը բախէր նոր, ցնցող պատահարի: Ինչ որ – երեւի մինչ այդ մեզի համար անծանօթ մնացած DIY գիշերային ակումբը կը դառնար յարձակման թիրախ:
Քանի մը դէմքեր կան, ճերմակ երեսներ, որոնց յուշը անջնջելի է: Մեր անցած ճանապարհը քարոտ, վէրքոտ եւ փոշեծածկ է: Քալեցինք ու կը քալենք օրհասներէն: Լքում, աքսորի զգացում մեծ ու պզտիկ հարցումներ: Հեռացում կարեւոր կլորէն, այլացում, լռութիւն եւ տատասկ- տատասկ...
Երէկ ամբողջ օրը ամպրոպ էր ու թախիծ: Մոխրագոյն եթերը իջած, սեղմած էր երկիրը: Ամպրոպը ծանր էր նստած Պէյրութի վրայ: Անգամ անապատներէն՝ Ալժիրէն եւ Մարոքէն փչող տաք հովերը, աւազամրրիկները կը խեղդէին քաղաքի երակները:
Ապրիլ ամսուան տասնըերեքը միշտ ալ կարեւոր եմ նկատած: Այն կը զուգադիպի Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի սկզբնաւորութեան: Այդ չարաբաստիկ օրը՝ Այն Ըլ Րմէնէի շրջանին մէջ, մարդատար մեքենայ մը, որուն մէջ կային պաղեստինցիներ, կ'ենթարկուի յարձակման:
Հայաստանը խոշոր մեռելի սնտուկի վերածողներու տոկոսը օրէ օր կ’աւելնայ: Երազողներ կան, որ Հայաստանը մեռելներու, հաւաքական մեռելներու շտեմարանի մը կուզեն վերածել, ուր երանելի անունները, մեր իմացական էութեան վրայ փորագրուած անունները մէկ-մէկ Երկիր Հայաստան...
Առաւօտ կանուխ երբ մօտենաս համակարգիչին, ան նման է դեռ չհպուած ու կոյս էգի մը, որուն մատներուն հպիլդ անգամ պիտի որ նրբութեամբ ըլլայ եւ աղօթիւք:
«Սեւ կաշիէ դրամապանակ սեղանին վրայ: Թուղթի թափթփած կտորիկներ, ինքնաշարժ վարելու իրաւունքի տետր, քանի մը տարբեր քարտեր, ամերիկեան դրամ, լիբանանեան մետաղադրամներ, երկու կտոր ընդամէնը, Տորայէն սուրճ մը գնելու չափ:
Ձեռքերու մէջ սեղմուած գիրք է, աղօթագիրք է: Աքսորի վկայարան: «Բռնէ-բռնէ»ի տարիներուն գիրքն է: Կարմիր տարիներու կարօտը եւ բոցավառ աղմուկը կայ այդ գրքի եզերքներուն:
Ես տխիլ կերայ: Անոնց համար, որ օղիի բաժակը կը պահեն ու մոմ չեն վառեր տան մէջ: Փոքր տոպրակին մէջ եւ երրորդ դարակին մէջ պահուած տխիլը հետս տուն հանեցի, տունը ցուրտ էր, տանը լռութիւնը ներծծելով սկսայ մարմնիս ցաւերուն հետ հաղորդուիլ:
Սիրածս օրն է շաբաթը, մանաւանդ անոր յետմիջօրէն: Ունեցածս երկուեւ կէս ընկերներուս կը զանգեմ: Սկիզբը կ'ըսեմ եկէք, բան մը կ'ընենք: Առաջ կուգային պնակ մը բաչա ուտելու, հիմա ան ալ չեն ուզեր:Կ'ըսեմ ես գամ. Կը պատասխանեն մի գար զբաղած ենք...
Չ'ըսէք որ մեռելները կը պաշտեմ: Գիտեմ մեր ժողովուրդի հին սովորութիւնը:Մեր ժողովուրդը կ'ապրի իր մեռելներով: Պարզ այն պատճառով որ մեռելները աւելորդ հոգածութեան արժանի չեն ոչ ալ ուշադրութեան: Պատմական մեռելներ եւ պատմական հայրենիք: Ամէն բան նօսրացումի...
Հերթական իրարանցում կայ, սփիւռքի թէ Հայասատանի մէջ: Մամուլ,հեռուստալիքներ, փողոց, րատիօժամ....:
Նոյն դիրքին ես դուն: Մարմնիս դողը հոն երեւցաւ երբ Թաքսիմի վրայ սպաննուած քառակուսիիիդ վրայէն քանի մը անգամ անցայ: Կեանքը կ'եռար շուրջս, աղմուկ կար, գէշ էր աղմուկը, ականջներս լեցուն էին ու պատկերը որուն առջեւ կը մտմտայի, ահաւոր...
Դուրսի անձրեւը իմ համար Իսթանպուլն է: Արգիլուած պտուղ չէ Իսթանպուլը, այն ոգի է:
Բացատրական բառարարին պէս, հոն է դարակներուն էն վրան: Նիկողոս Սարաֆեան. այն հազուագիւտ մեծերէն մին որմէ երբեք չեմ կրցած հրաժարիլ:
Ուշ ամրանն էր, Ֆէյսի էջերը ողողուած էին իր նկարներով: Բոլորը միակտուր, սարսուռ կտրած միաբերան, եղածին ահաւորութեան առջեւ տագնապահար եւ մտահոգ կը փութային օգնել ՝ Յովհաննէս Գրիգորեանին:
Առանց Յոբելիանի մեռաւ նաեւ Կարպիս Ճանճիկեանը որ պոլսահայ բանաստեղծութեան նոր էջը դարձնելու եւ յանդգնութեամբ գրելու համար էր ճամբայ եալած:
Տիգրան Պասկեւիչեանի հեղինակած «Ներթափանցում» ֆիլմ-Էսսէն նայեցայ՝ «Գրանիշ»* կայքէջին վրայ: Հզօր գործ էր, մանաւանդ հիմա, երբ այս թեմայով մտածելու տեղիք կայ մօտս:
Շահան Շահնուր կը կարդամ: Այսպէս ցաքուցրիւ, ազատօրէն եւ հպարտի պէս: Այն քիչ հեղինակներէն է ՝ Շահնուրն որ զգացնել կուտայ որ հպրտութեամբ պիտի կարդամ զինք: Շահնուրը քծնիլ չի սիրեր, շիփ- շիտակ բառը սլացքի պէս ու առանց կեղծքի:
Խոպան չէ արտը հայոց գիրի տաճարներուն: Անաղմուկ եւ լուռ, ծուէն-ծուէն կը բարձրանայ աղօթքը յաւիտենական բառին, եւ այդ տաղասացներուն մէջ անոնք, որոնք լուսաւոր բեմերէն հեռու կը տքնին, կը կերտեն յաղթանակը յաւիտենական բառին: